İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՉԱՐԽԱՓԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐԻՆ ԱՌՋԵՒ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց Եկեղեցին Պոլսոյ ամենանուիրական ուխտատեղինէն մին է, յատկապէս Չարխափան Ս. Աստուածածնի Սրբապատկերով։ Մանաւանդ Ս. Խաչի նախօրեակին հաւատացեալներ կը փութան այս եկեղեցին ի մասնաւորի վասն բժշկութեան աղօթքներ կը վերառաքեն առ Աստուած եւ կ՚ապաւինին Աստուծոյ գթառատ ողորմութեան։ Քանինե՜ր Չարխափանի սրբապատկերին առջեւ աղօթելով ըսած են. «Մայր Սուրբ բարեխօսեա»։ Թախանձագին ոգիով քանինե՜ր «Դաւիթի՛ Որդի, Յիսուս, ողորմէ ինծի» (Մարկոս 10.47) աղաչանքով ծնկաչոք աղօթած են այս եկեղեցւոյ մէջ եւ «Գնա՛ հաւատքդ քեզ բժշկեց» (Մարկոս 10.52) աւետիսով բաժնոած՝ Ս. Տաճարէն։ Չարխափանը եւ Հրեշտակապետաց Եկեղեցին փաստած են իրենց հրաշագործ զօրութիւնը պատմութեան էջերուն մէջ եւ շատեր իրենց հաւատքին համաձայն գտած են Աստուածատուր բժշկութիւնը։

Չարխափան բառացի իմաստով կը նշանակէ չարը խափանող եւ Ս. Աստուածածնի ձօնուած յատկանշական ածականներէն մին է։ Անցեալին եղած են այլ եկեղեցիներ ընծայուած՝ Չարխափան Ս. Աստուածածնի, որոնցմէ ամենէն նշանաւորը դարձած է Արմաշու Չարխափան Ս. Աստուածածնի Վանքը։ Անցեալին, Արմաշու ուխտագնացութեան օրը, այսինքն՝ Ս. Խաչի Տաղաւարին, զանազան գաւառներէ հաւատացեալներու հաւաքավայրը կը դառնար վանքը եւ ուխտաւորներ Չարխափանի Ս. Սեղանին առջեւ իրենց աղօթքը կը բարձրացնէին առ Աստուած։

Ժամանակօք դէպի Արմաշ ճամբորդութիւնը աւելի դժուար եւ ծախսալից կը դառնայ եւ Պոլսոյ Քարակէօմրիւկի Թաղի Ս. Յովհան Ոսկեբերան Եկեղեցւոյ  Չարխափան Ս. Աստուածածնի սրբանկարով կը կոչուի «Փոքր Արմաշ»։ Այսպիսով Պոլսոյ մէջ գեղեցիկ սովորութիւն մը կը հաստատուի, որով հաւատացեալներ որոնք կարողութիւն չեն ունենար Արմաշու ուխտագնացութեան մասնակցելու, կը փութան Քարակիւմրիւքի Եկեղեցին եւ իրենց աղօթքները կը բարձրացնեն առ Աստուած։ 1900-ին Քարակէօմրիւկի Եկեղեցւոյ մէջ մեծ հրդեհ մը կը ծագի եւ Տէր Արիստակէս Քահանան նետուելով հուրին մէջ կը փրկէ Չարխափանի Սրբապատկերը եւ դուրս կը հանէ զայն։

Նոյն տարի Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի տնօրինութեամբ՝ հրակիզեալ եկեղեցւոյ սրբապատկերը կը տեղադրուի Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց Եկեղեցւոյ աջակողմեան սեղանը եւ կը տնօրինուի որպէսզի Խաչվերացի Ուխտագնացութիւնը ամէն տարի շարունակուի Պալաթու մէջ եւ հաւատացեալներ աղօթեն Չարխափանի Սրբապատկերին առջեւ։ Նոյնիսկ տնօրինուեցաւ որպէսզի, նոյնիսկ Մեծ Պահոց շրջանին վարագոյրով չծածկուի Չարխափանի Ս. Սեղանը եւ ուխտաւորնոր ամէնուրեք աղօթէն բաց Ս. Սեղանի առջեւ։

Աւելի քան հարիւր տարի մեր ժողովուրդը անձնական եւ հաւաքական աղօթքներով դիմեց Չարխափանի զօրութեան։ Այսօր, երբ աշխարհը կը տառապի «Քորոնա» Ժահրէն, ճիշտ ժամանակն է որ փութանք Չարխափանին եւ համայն մարդկութեան համար աղօթենք ըսելով. «Ընկալ Տէր զաղաչանս մեր բարեխօսութեամբ Չարխափան Ս. Աստուածանի եւ աղաչանօք ամենայն սրբոց Քոց. Լուր մեզ Տէր եւ ողորմեա, ներեա, քաւեա և թող զմեղս մեր»։

Այս առթիւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, 26 Մարտ 2020, Հինգշաբթի, ժամը 10.30-ին, Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց Եկեղեցւոյ մէջ Չարխափանի Ս. Սեղանին վրայ Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի։ Արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ դռնփակ եւ պիտի մասնակցին միայն Պատրիարքական Աթոռոյս Հոգեւոր Հայրերը։ Արարողութիւնը պիտի պատկերասփռուի Պատրիարքական Աթոռոյ Կայքէջէն։

Այս առիթով ո՛չ միայն Պոլսոյ ժողովուրդը, այլ բոլորդ կը հրաւիրենք ժամը 10.30-ին, ձեր բնակարաններէն մասնակցելու արարողութեան, միանալու Ս. Պատարագի եւ աղօթակից դառնալու համայն հաւատացելոց։ Եկէ՛ք «Քորոնա» Ժահրի չար ազդեցութիւններէն ազատելու համար միասնաբար դիմենք Չարխափան Ս. Աստուածածնի զօրութեան, վստահ ըլլալով, թէ Յիսուս այսօր եւս կրնայ գործել նոյն հրաշքները, զորս անցեալին կատարած է: Ան մեր հաւատքին միջոցաւ պիտի գործէ։

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/չարխափան-ս-աստուածածնի-սրբապատկերին/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın