İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Գ. – ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐԻ ԿԱՆԽԱԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Քորոնա ժահրի յառաջացուցած վարակի պատճառաւ ներհամայնքային զօրակցութիւն ապահովելու առաջադրութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ արդէն իսկ համակարգեալ աշխատանքները սկսած են։
Այս ուղղութեամբ կազմուած օժանդակութեան համակարգիչ յանձնախումբին կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ ստորեւ հաղորդակցական կապերու միջոցաւ։

Գումգաբու Ս. Աստուածածին Մայր Եկղ. 
Թալին Կալիպօղլու 0212 516 2517

Պագրգիւղ Ս. Աստուածածին Եկեղեցի, 
Սիլվա Նույան, 0212 5716575

Ֆէրիգիւղ Ս. Վարդանանց Եկեղեցի, 
Գարին Չէթին, 0212 2482913

Սամաթիա Ս. Գէորգ Եկեղեցի, 
Լուսին Էօզապրահամեան, 0212 5850193

Գատըգիւղ Ս. Թագաւոր Եկեղեցի, 
Մարի Թէքիր, 0216 3360166

Օրթագիւղ Ս. Աստուածածին Եկեղեցի, 
Թալին Պէրպէրեան, 0212 3277495

Սկիւտար Ս. Խաչ Եկեղեցի, 
Պայծառ Սօլաք, 0216 5530250

Եշիլգիւղ Ս. Ստեփանոս Եկեղեցի, 
Վրէժ Ներսէսեան, 0212 573 0243

Անոնք, որոնք առանձին կ՚ապրին ու օժանդակութեան կարիքն ունին եւ իրենց տարիքին բերմամբ կարող չեն դուրս ելլել, վերոյիշեալ կեդրոններու հետ կապ հաստատելու պարագային կարելի պիտի ըլլայ իրենց հասնիլ։
Ծանօթ է թէ այս բարեսիրական աշխատութիւնը կը կարօտի կամաւոր օժանդակողներու։ Յանձախումբի աշխատանքներուն մաս կազմել փափաքող կամաւորներ եւս կրնան նոյն կեդրոններուն հասնիլ եւ արձանագրել տալ իրենց անուններն ու հաղորդակցութեան միջոցները։
Այս ճգնաժամային պահը առիթ է որ հաւատքը գործի վերածուի, Աստուծոյ փառքին եւ կարօտեալներու մխիթարութեան համար։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

Պատրիարքութիւն Հայոց – Ermeni Patrikligi

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın