İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԿՈՉԸ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Սիրելի հայորդիներ,

Ցնցուած է ողջ աշխարհը: Տագնապը, խուճապը ու անորոշութիւնը դարձած են տիրական ներկայութիւն բոլո՛ր երկրամասերէն եւ բոլո՛ր ազգերու կեանքէն ներս: Գիտնականներ, բժիշկներ, պետական թէ կրօնական պատասխանատուներ, իւրաքանչիւրը իր մարզէն ներս, կը փորձեն կասեցնել Քորոնավիրուս կոչուող ժահրին պատճառած համաճարակը: Սակայն, հակառակ տարուող հետեւողական աշխատանքներուն, փաստօրէն, համաճարակը սարսափ ու մահ կը սփռէ ամէ՛ն տեղ:

Մենք, խորապէս մտահոգ ենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն նկատմամբ եւ մօտէն կը հետեւինք Հայաստանի եւ Սփիւռքի գաղութներէն ներս ստեղծուած մթնոլորտին: Իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին ահաւոր փոթորիկներէ անցած մեր ժողովուրդը դարձեալ կը գտնուի նոր փորձանքի մը դիմաց: Հարկ է ըլլալ իրապաշտ, խոհեմ եւ զգոյշ: Հարկ է անհատական եւ հաւաքական ճիգով ու պատասխանատու մօտեցումով դիմագրաւել այս վտանգալից տագնապը:

Արդ, հայրական կոչ կ’ուղղենք մեր սիրելի զաւակներուն.-

1) Իւրաքանչիւր հայ, ընտանիք կամ համայնք, իւրաքանչիւրը իր անմիջական ծիրէն ներս, բարձրագոյն աստիճանի լրջութեամբ, զգուշաւորութեամբ ու պատասխանատուութեամբ պէտք է մօտենայ համայն մարդկութիւնը ու նաեւ մեր ժողովուրդը յուզող ներկայ կացութեան:

2) Տեղական թէ միջազգային լրատուական ցանցերը մնայուն կերպով լայն տեղեկութիւններ կը փոխանցեն համաճարակին մասին ու մանաւանդ անհրաժեշտ լուսաբանութիւն եւ ցուցմունք կու տան՝ զայն յաղթահարելու գործնական կարելիութիւններուն ու միջոցներուն գծով: Անհրաժեշտ է մօտէն հետեւիլ տրուած մասնագիտական բացատրութիւններուն եւ առաւելագոյն չափով գործադրել զանոնք մեր անհատական, ընտանեկան թէ հաւաքական կեանքին մէջ:

3) Բժիշկներուն կողմէ կատարուած զգուշաւորութեան կոչին մէջ հիմնականը՝ հեռու մնալ է ֆիզիքական ու ընկերային շփումներէ, յարաբերութիւններէ եւ հաւաքներէ: Մեր անձին, ընտանիքին, համայնքին, ազգին եւ բոլորին առողջութեան համար անհրաժեշտ է յատուկ կարեւորութեամբ նկատի ունենալ այս պարագան: Բոլոր մասնագէտներու համոզումով, յիշեալ գործնական միջոցներով միայն կարելի է կասեցնել ներկայ համաճարակին տարածումը:
Սակայն, աղօ՛թքը պէտք է դառնայ մղիչ ուժը մեր կեանքին, մեր մտածումներուն ու գործերուն: Հաւատքով շաղախուած աղօթքն է, որ մեզի հոգեկան քաջութիւն կու տայ դիմագրաւելու կեանքի բոլոր չարերն ու չարիքները: Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ըսաւ՝ «Ինչ որ աղօթքով խնդրէք, հաւատացէք որ պիտի ստանաք եւ ձեր խնդրանքը պիտի տրուի ձեզի» (Մր 11.24): Սիրելի հայորդիներ, «Միշտ աղօթեցէ՛ք, որ արժանի ըլլաք այս պատահելիքներէն ազատելու», Աստուծոյ որդւոյն խոստումին համաձայն:

Հետեւաբար, եկէ՛ք դառնանք Քրիստոսին ու Սաղմոսին աղօթասաց բառերով ըսենք.- դո՛ւն ես իմ յոյսը, Տէր, … ինձմէ հեռու մի մնար, փութա՛, ինծի օգնութեան հասիր (71. 5,12): Այս հաւատքով ու յոյսով, եկէք միա՛սնաբար աղօթենք մեր եկեղեցւոյ աղօթքին պարզ, սակայն խորունկ բառերով.-

«Ո՜վ Տէր, մեր Աստուածը, քու ժողովուրդէդ փարատէ՛ ցաւերը եւ բժշկէ՛ հիւանդութիւնները. կատարեալ առողջութիւն շնորհէ բոլորին՝ քու ամենայաղթ Խաչիդ նշանով, որով մարդոց տկարութիւնները քու վրադ առիր եւ դատապարտեցիր կեանքի ու փրկութեան թշնամին: Դո՛ւն ես մեր կեանքն ու փրկութիւնը, բարերա՜ր եւ բազումողորմ Աստուած. միայն դո՛ւն կրնաս մեր մեղքերը ներել եւ ցաւերն ու հիւանդութիւնները վանել մեզմէ, որովհետեւ քեզի ծանօթ են մեր կարիքները: Ո՜վ բարիքներու Պարգեւիչ, իւրաքանչիւրին կարիքներուն համաձայն՝ քու առատ ողորմութի՛ւնդ պարգեւէ արարածներուդ, որոնք միշտ կը փառաւորեն ու կ’օրհնաբանեն քեզ ամենասո՜ւրբ Երրորդութիւն, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն»: 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ 
15 ՄԱՐՏ 2020

https://www.facebook.com/CiliciaTv/videos/vb.191639701040805/237192730787115/?type=2&theater

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın