İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայաստանի մէջ «Աւետիսեան» դպրոցը միակն է, որ կը դասաւանդէ Արևմտահայերէն

Անի Զէյթունցեան

1999 թուականին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը Մալաթիա–Սեբաստիա համայնքին մէջ կարիքաւոր և ուսման ծարաւի աշակերտներուն համար որոշեց հիմնել Խորէն և Շուշանիկ Աւետիսեաններ անուան կրթահամալիրը։ 2014–2015 կրթօճախը փոխադրուած է նոյն համայքի Հարաւարևմտեան թաղամասի Առնօ Պապաճանեան փողոց 42/7 հասցէին։ Այսօր եօթ մասնաշէնքերէ բաղկացած նորակառոյց համալիրը կը կոչուի Խորէն և Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոց և համայքային կեդրոն։ 2014–ի Սեպտեմբերին վերաբացուած այս դպրոցը իր ծրագիրներով ենթակայ է Հայաստանի Կրթութեան և Գիտութեան նախարարութեան։

Աւետիսեան դպրոցի տնօրէնուհին տիկին Մելանիա Գեղամեան նշեց․ «Սուրիոյ պատերազմի պատճառով բազմաթիւ ընտանիքներ գաղթեցին Հայաստան, և այստեղ կարիքը կար զարկ տալու Արևմտահայերէնին որպէսզի այս աշակերտները աւելի դիւրին ընտելանան միջավայրին»։

Ժպտադէմ տնօրէնուհին բացատրեց, թէ իրենք Սփիւռքի գիտական կեդրոնի օգնութեամբ ստեղծած են Արմտահայերէն լեզուի ծրագիրը և հաստատած նախարարութեան կողմէ։

Հալէպահայ անուանի ուսուցիչ և գրող պրն․ Յակոբ Միքայէլեան այս դպրոցէն ներս 6 տարիներէ ի վեր կը դասաւանդէ Արևմտահայերէն, ինչպէս նաև կը պատրաստէ թատերական ներկայացումներ , նաև Դպրոցի կայքին վրայ ամենամսեայ դրութեամբ կը տեղադրէ Արևմտահայ գրողներու յօդուածները դասական ուղղագրութեամբ՝ նպատակ ունենալով ծանօթացնել Արևմտահայ գրողները հանրութեան։

Պրն Միքայէլեան յայտնեց, որ մինչ այսօր ցաւօք ոչ մէկ քայլ չէ առնուած Արևմտահայերէնի պաշտպանութեան ի խնդիր, բացի Աւետիսեան դպրոցէն, սակայն այն ալ համայնքային դպրոց է, այսինքն այնտեղ յաճախելու համար Մալաթիա Սեբաստիա շրջանի բնակիչ ըլլալը պայման է։ Ան յորդորեց, որ Հայաստանի բոլոր դպրոցներուն մէջ Արևմտահայերէնի ուսուցումը վարակիչ դառնայ։ «Լեզուն մեր հարստութիւնն է», –շեշտեց անուանի հրապարակագիրը։

Տիկին Գեղամեան կը գործակցի Լիբանանի դպրոցներուն հետ ապահովելու դասագիրքեր , մինչև որ Հայաստանի մէջ սկսին լոյս տեսնել համապատասխան դասագիրքեր։

Ներկայիս Արևմտահայերէն դասաւանդող ուսուցչուհին՝ «Եռագոյն» թերթի խմբագիր Նայիրի Մկրտիչեանն է։

Ան սկսած է ծրագիրը Արևմտահայ-Արևելահայ փոխադրութիւններով։ Անոր նպատակն է ծանօթացնել այն գրողները, որոնք համահունչ են պատանի տարիքին, ինչպէս օրինակ Ժագ Յակոբեան, Մուշեղ Իշխսն և Վազգէն Շուշանեան ևայլն․․ Տիկին Մկրտիչեանի սկզբունքն է տնային պարտականութիւն չտալը, բոլոր աշխատանքները դասարանային են։ Ան համոզուած է, որ աշակերտները կը սիրեն Արևմտահայերէնը և գիտնալն ալ վնաս չէ իր կարծիքով։

Ներկայիս պրն Միքայէլեան Ամրիկայէն նուիրաբերուած գիրքերը կը դասաւորէ ու ցանկագրէ , աշակերտներուն համար մատչելի գիրքերը յատուկ ցուցակներու կը կազմէ, իսկ մնացեալ արժէքաւոր գիրքերը կ՛առաջարկէ նուիրել Ցեղասպանութեան թանգարանին։

«Այս տարի Խրիմեան հայրիկի և հայր Ղևոնդ Ալիշանի 200 ամեակն է պիտի նշենք համայնքային մասշտապով , Արևմտահայերէնը պետականօրէն պէտք է ընդգրկուի բոլոր դպրոցներէն ներս»․– շեշտեց Յակոբ Միքայէլեան;

Դպրոցին սիրուած հոգեբանը տիկին Արփի Խաչատուրեանն է, դարձեալ նախկին հալէպահայ, կ՛աշխատի 4-17 տարեկան աշակերտներուն հետ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն , որոնք ցանկացած հարցի կը դիմեն իրեն։

Աւետիսեան հսկայ կրթական համալիրի տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց այս փոքրիկ խումբին տարած աշխատանքներուն և ըսաւ․ խմբային աշխատանքը յաղթեց, Արևմտահայերէնը սիրուեցաւ, ծնողներուն կողմէ գնահատուեցաւ , այս օրինակը թող բորբոքէ Հայաստանի բոլոր դպրոցները։

http://arevelk.am/am/content/3/4116/Հայաստանի-մէջ-«Աւետիսեան»-դպրոցը-միակն-է,-որ-կը-դասաւանդէ-Արևմտահայերէն.html?fbclid=IwAR0QWGYhI7Agbzc66EeBz0KCf7_-MXDxgXy4EZrp3NQZKzht5ZGJF10esWk

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın