İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԱՍՆԱՃՒԻՂԻՆ ՄԷՋ

Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան վերջերս դասախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Լոնտոնի մէջ։ «Համազգային» կրթական եւ մշակութային միութեան Լոնտոնի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս հանրային դասախօսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ «Նաւասարդեան» կեդրոնի երդիքին տակ։ «Հայ մշակոյթի եւ անոր պահպանման ու տեւականացման հիմքերը» խորագրեալ ձեռնարկին ժամանակ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ «Համազգային»ի Լոնտոնի մասնաճիւղի ատենապետ Հրաչ Պօղոսեան։ Հրայր Ճէպէճեան, որ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղարն է, ձեռնարկի նիւթին շուրջ խորհրդածութիւններ ըրաւ մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ։ Ան կանգ առաւ մշակոյթ հասկացութեան վրայ ու մեկնաբանեց անոր հաւաքական կեանքի տեսակէտէ նշանակութիւնը։ Ճէպէճեան մատնանշեց «ամբողջական մշակոյթ» սահմանումը, որու միջոցաւ իւրաքանչիւր անհատ կը դառնայ մշակութային էակ մը։ Այսպէսով, մշակոյթի մը ամբողջական արժէքներով օժտուած այդ էակը՝ մարդը եւ հաւաքականութիւնը կ՚ունենան կեանքի ճամբայ մը եւ այդ նոյն արժէքներով կրնան դիրքաւորուիլ աշխարհի նկատմամբ։ Հայկական մշակոյթի շարունակականութեան խնդիրը Հրայր Ճէպէճեան մեկնաբանեց Եղեռնի հետեւանքներու լոյսին տակ։ Ան բացատրեց, որ արմատախիլ ըլլալով իր ակունքներու տարածքներէն՝ հայ ժողովուրդը կորսնցուցած է ամբողջական մշակութային ժառանգը, բայց եւ այնպէս փորձած է զայն վերակերտել՝ իր յիշողութեան միջոցաւ, բայց այս անգամ սփիւռքի իրականութեան մէջ։

Հրայր Ճէպէճեան այս կէտէն սկսեալ խօսեցաւ սփիւռքահայ զանազան երեւոյթներու եւ իրականութիւններու շուրջ։ Իր բանաձեւումով՝ ինչքան որ ալ սփիւռքեան գաղութները ըլլան իրարմէ տարբեր՝ անոնք չեն կրնար իրարու օտար համարուիլ։ Այս ուղղութեամբ բազում օրինակներ մէջբերեց ատենախօսը եւ ահազանգ հնչեցուց, որ արեւմտահայերէնը վտանգուած կացութիւն մը ունի եւ մայրենիի գործածութիւնը զգալիօրէն կը նահանջէ։ Ի շարունակութիւն, Հրայր Ճէպէճեան խօսեցաւ ազգային ինքնութեան եւ համապատասխան գիտակցութեան հարցերուն շուրջ։ Ըստ իրեն, ներկայիս Հայաստան մեծ ազդեցութիւն մը ունի սփիւռքահայերու ազգային ինքնութեան եւ համապատասխան գիտակցութեան ձեւաւորման վրայ, մշակութային արժէքներով հանդերձ։ Ճէպէճեան համոզուած է, որ պէտք չէ յուսահատիլ եւ պայքարիլ հայկական մշակութային ինքնութեան պահպանման ուղղութեամբ։

Դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխանի բաժին մը, որու ընթացքին խորհրդածութիւններ կատարուեցան օրուան նիւթին շուրջ։ Այս փուլին ինքնութեան հարցերու տեսակէտէ կարեւոր համարուեցան հայկական մշակութային եւ ազգային կեանքի շարունակականութեան հարցերը։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F10-03-2020-տքթ-հրայր-ճէպէճեան-դասախօսեց-«համազգային»ի-լոնտոնի-մասնաճւիղին-մէջ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın