İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՆՑՈՒԴԱՐՁ՝ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՇՈՒՐՋ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Թերթապատում. 1910-1911 թուականներու մամուլի անդրադարձները Կոմիտաս Վարդապետի մասին» վերջերս լոյս տեսած մեծածաւալ գիրքը սեղանիս վրայ փառաւոր բազմած գիրքերէն մին է: Օրեր առաջ ծաւալուն նիւթով անդրադարձանք գիրքի երեւանեան շնորհանդէսին (կազմող՝ երաժշտագէտ Արմինէ Գրիգորեան): Դժուար է բաժնուիլ այս գիրքէն, որ ամէն օր կը թերթեմ եւ անյագօրէն կ՚ըմբոշխնեմ: Սիրելի Կոմիտասը եւ սիրելի Պոլիսը. այս երկուքը այնքան կենդանի կերպով մէկտեղուած են գիրքին մէջ, որ 1910-1911 թուականներու Պոլիսը եւ յարակից շրջանները կը տեսնես ամբողջութեամբ՝ օրուան մարդոցմով, թերթերով, հոգեւորականներով, մտաւորականներով, համերգասրահներով, եկեղեցիներով եւ այն ամէն ինչով, որ շրջապատուած էր Կոմիտասը եւ ուր այցելած էր Կոմիտաս Պոլիս իր կեցութեան այդ մէկուկէս տարուան ընթացքին: Հեռաւոր, բայցեւ՝ մօտ թուացող անցուդարձ մը կայ գիրքին մէջ:

Կը վերակենդանանայ այդ օրերու թրթռուն, հետաքրքրական դէպքերով լի կեանքը՝ հրաւէրներով, հանդիպումներով եւ այսօր պատմական դիտուող իրադարձութիւններով: Կրկին կը համոզուիս, որ մամուլը ամենահետաքրքրական աղբիւրն է, որ կ՚արտացոլէ իր ժամանակը եւ այս պարագային պոլսահայ մամուլը, այս գիրքին մէջ, կ՚երեւի իր ունեցած շէնութեամբ:

Պոլսոյ մամուլի հրապարակումներուն կողքին կարեւոր են նաեւ Եգիպտոսի «Լուսաբեր-Արեւ» թերթին անդրադարձները: Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ միջավայրի նկարագրութիւնները՝ գումարուելով Պոլսոյ միջավայրին կը ստեղծեն անցեալ դարասկիզբի արեւմտահայ մտերմիկ պատկեր մը եւ այդ պատկերին գլխաւոր հերոսը՝ Կոմիտասը, թերթերուն ընդմէջէն կը ներկայանայ իր ողջ շուքով:

Կը տեսնենք, որ ան սովորական մարդ է՝ կատակասէր, կեանքը սիրող: Թերթերուն հրապարակումները անգամ մը եւս կ՚ապացուցեն, որ սխալ է Կոմիտասին վերագրուող այն բնորոշումը, թէ ան մռայլ ու տխուր կերպար մըն էր:

Հետաքրքրական է, որ Աղեքսանդրիոյ մէջ, ի պատիւ Կոմիտաս Վարդապետի, 1911 թուականի յուլիսի 11-ին, երեքշաբթի, կարգ մը մտաւորականներ կազմակերպած են ճաշկերոյթ մը, որուն ճաշացանկը կազմուած էր Կոմիտասի անուան տառերով: Ճաշացուցակը կազմած էր Միքայէլ Կիւրճեանը:

Պատմական այդ ճաշացանկին նկարը նոյնպէս այս գիրքին մէջ տեղ գտած արժէքաւոր նիւթերու կարգին է:

Արժէքաւոր են այդ տարիներու մամուլին մէջ ժամանակի մտաւորականներուն գրութիւնները: Քիչ մը դժուարութեամբ ընդունելով Կոմիտասը եւ Պոլսոյ անոր ծրագիրները, այդ մտաւորականները բոլորն ալ ի վերջոյ փառաբանած են մեծ երաժիշտը: Թերթերու պարզ աշխատակիցներու կողքին Կոմիտասի մասին գրած են նաեւ յայտնի մարդիկ, հոգեւորականներ, պարզ ունկնդիրներ. վերջիններս թերթերուն թղթակցութիւններ տուած եւ իրենց համարձակ կարծիքները յայտնած են Կոմիտասի համերգներուն առթիւ եւ թերթերն ալ չեն մերժած ու տպագրած են: Կը ներկայացնենք քանի մը յօդուած՝ այդ օրերու թերթերէն:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐ

Յայտնի է, թէ ծանօթ ձայնագրագէտ Կոմիտաս Վարդապետ իր երկրորդ դասախօսութիւնը պիտի տար Ղալաթիոյ Խորհըր-դարանի սրահին մէջ, քանի որ Բերայի արհեստանոցին սրահը, ուր տեղի ունեցաւ իր առաջին դասախօսութիւնը, շատ անբաւական էր հասարակութեան: Կոմիտաս Վարդապետ ատոր համար նախապէս հաւանութիւնը առած էր Դուրեան Պատրիարքին եւ պատիրարքական փոխանորդին: Բայց ահա մի ոմն Արիստակէս Գասպարեան, որ քէսթէօրներէն մէկն է եղեր Խորհրդարանի, կ՚արգիլէ այդ սրահին մէջ դասախօսութեան կատարումը, եւ Կոմիտաս Վարդապետ կը հարկադրուի յետաձգել զայն:

Պ. Արիստակէս Գասպարեան ի՞նչ պատճառ ունէր այդ դասախօսութեան եւ այն ալ ա՜յնքան շահագրգռական եւ հմայիչ դասախօսութեան մը արգելք հանդիսանալու: Նախ առարկեր է թէ՝ եթէ սրահը Կոմիտաս Վարդապետի տրամադրելի դարձուի, վաղը կուսակցականներ ալ կրնան այդպիսի բան մը պահանջել, բայց դարձեալ «փաստաբան» Արիստակէս Գասպարեանը ինքն է որ իր այդ առարկութեան անտեղի ըլլալը ինքնաբերաբար խոստովանած կ՚ըլլայ՝ յայտարարելով որ սրահը կրնայ տրամադրելի դարձնել եթէ Կոմիտաս Վարդապետ իր հասոյթին մէկ մասը յանձնէ Խորհրդարանի սրահի յանձնախումբին: Այս մէկը միւսէն աւելի ամօթալի պատրուակները եւ պահանջները շա՜տ պերճախօս են բացատրելու համար թէ յետադիմականութեան ոգին ո՜րքան յամառ է ա՛յն անձերուն մօտ, զորս մենք սկիզբէն ի վեր յետադիմական կը կոչենք:

Խորհրդարանի սրահը մինչեւ հիմա տը-րամադրելի դարձուած է ո՛չ միայն Ազգային Ժողովի նիստերունն, այլեւ ուրիշ կարգի գումարներու եւ բանախօսութիւններու: Եւ հիմա, այդպիսի արգելք մը ինչպէ՞ս կարելի է յարուցանել դասախօսութեան մը դէմ որ ամէն հայու սրտին եւ մտքին չափազանց մօտիկ վայելք մըն է որ պիտի հայթայթէ, հայ գեղարուեստական հանճարին ծանօթացումը ընելով: Սահմանադրական ներկայ ազատութիւններուն մէջ, երբ վերջապէ՛ս, զերծ քաղաքական եւ գրաքննական շղթաներէ, հայ ժողովուրդը առիթը պիտի ունենայ այդպիսի առաւելութիւններէ օգտուելու, ահա՛ ժողովրդային զարգացման ներքին թշնամիներ խափանաբար կը կանգնին ատոնց:

Եւ տխուրը հո՛ն է, որ ժողովրդային զարգացման այդպիսի թշնամի մըն է որ ներկայիս պատիւը կը վայելէ Ուսումնական Խորհուրդի, այսինքն հանրային լուսաւորութեան հոգը ունեցող մարմնի մը ատենապետութիւնը վարելու…

Կեցցէ՛… ազգային յառաջդիմութիւնը:

1910, նոյեմբեր, 7/20 «Ազատամարտ»

Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

Տ. Կոմիտաս Վարդապետի բանախօսութեան համար Ղալաթիոյ Խորհրդարանը տրամադրելի ընելու խնդրոյն առթիւ եղած դիտողութիւնը սխալ տեղեկատուութեան վրայ հիմնուած ըլլալով, կ՚փութամ հերքել: Ուրբաթ օր, Ազգ. Ընդհ. Ժողովի նիստի միջոցին, անծանօթ մէկը ինծի դիմեց եւ խնդրեց, որ սոյն Խորհրդարանը տրամադրելի ընելու համար հրահանգ տրուի առ որ անկ է, որովհետեւ Ս. Պատիրարք Հայրն արտօնած է: Նկատելով, որ դիմող անձնաւորութիւնը չունէր ի ձեռին պատրիարքական արտօնագիր մը կամ անոր նմանող ոեւէ թուղթ, նկատելով որ Տ. Կոմիտաս Վ. անձամբ կամ գրաւորապէս դիմած չէր, եւ նմանօրինակ դիմում մը պաշտօնապէս յանձնարարուած չէր Ազգ. Ժողովոյ ելեւմտից յանձնախումբին, որուն անկ էր օր առաջ տնօրինել զարժանն, մինչ նոյն յանձնախումբը վայրկենապէս գումարելն ալ նիւթապէս անկարելի էր, հետեւապէս պատասխանեցի, թէ այս պայմաններուն ներքեւ ես ինքնաբերաբար ոեւէ տնօրինութիւն ընելու ձեռնհաս չեմ, բայց եթէ իրօք Ս. Պատրիարքն արտօնած է, պէտք է գործադրուի առանց մեր միջամտութեան: Իսկ գալով գոյանալիք հասոյթէն բաժին դրամ կամ վարձք պահանջուած ըլլալու զրոյցին, ատիկա բացարձակապէս հակառակ է ճշդութեան եւ տրամաբանութեան, ուստի կը խնդրեմ, որ եթէ առանց մեր գիտութեան դրամ պահանջող մ՚եղած է, թող հրապարակուի անոր անունը, եւ կը ցաւիմ որ կանոնական ձեւակերպութեանց թերութեան եւ թիւրիմացութեան պատճառաւ յարգելի Տ. Կոմիտաս Վարդապետը յուզման մատնուած է:

Ա. Յ. Գասպարեան

1910, նոյեմբեր, 9/22 «Բիւզանդիոն»

ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍ ՄԸ

Դպրոցական սիրուն հանդէս մը տեղի ունեցաւ առջի օր Բերայի Էսայեան վարժարանին մէջ, ներկայութեամբ ուսուցիչներու, հոգաբարձութեան անդամներու եւ մէկ քանի հրաւիրեալներու: Աղջկանց երգչախումբին կողմէ նիւթընդմէջ գեղեցիկ երգեր երգուեցան՝ Պր. Լեւոն Չիլինկիրեանի առաջնորդութեամբ։ Ամսական վիճակացոյցներու բաշխումէն ետք՝ աշակերտուհիներուն կողմէ ճառեր եւ արտասանութիւններ եղան Սիպիլի եւ Վարուժանի գրուածքներէն: Մասնաւորապէս իր նիւթով եւ գրուածքով ուշագրաւ էր Աղջկանց Լրացուցիչ կարգի աշակերտուհիներէն Օր. Քիւրքճեանի կարդացած գրուածքը՝ Հայ Կինը, ուր կնոջ ազատութեան գաղափարին նուիրուած շունչ մը կար: Դպրոցական մասին աւարտումէն ետքը մասնաւոր հրաւէրով խօսեցաւ Կովկասահայ յայտնի մանկավարժ-ուսուցիչ Պր. Ստեփան Լիսիցեան, որ գոհունակութիւն յայտնելով աշակերտուհիներուն ցոյց տուած յուսալի արդիւնքին մասին, ցոյց տուաւ, թէ ի՛նչ ճամբու պէտք է հետեւին անոնք: Ծափերու մէջ աւարտող այս հակիրճ բանախօսութենէն ետքը, ներկաներուն խանդավառութեան եւ յուզմունքի արտայայտութեան մէջ ծանօթ երաժշտագէտ Կոմիտաս Վարդապետ երգեց Ձայն Տուր Ով Ծովակը եւ մանաւանդ հայ ժողովրդական երգերուն մէջ իր պարզութեամբը եւ արտայայտիչ հանգամանքովը իբր գոհար մը նկատուող Աշխատութեան երգը: Այս գեղեցիկ եւ հոգեգրաւ վայրկեաններէն ետքը Բերայի քարոզիչը մէկ քանի ափեղցփեղութիւններ դուրս տուաւ:

1910, նոյեմբեր 12/25 «Ազատամարտ»

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ԱՌ Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴ.

Ճշմարիտ Հայուն սրտին ու հոգիին խօսող Ազգային-Կրօնական բնատոհիկ հնադրոշմ երաժշտութեան յայտնութեան մասին Կ. Պոլսոյ Բըթի Շանի սրահին մէջ Ձեր տարած արուեստական յաղթանակին արձագանգը մեծ ուրախութեամբ լսելով, ամենաբուռն սիրով կ՚խնդակցիմ Ձեզի եւ կ՚շնորհաւորեմ Ձեզ: Մի ցաւիք սակայն, թէ՛ կ՚հալածեն Ձեզ, Խաղաղութեան եւ Սիրոյ Գերագոյն Երգիչն ու Տաղերգուն՝ Յիսուս ըսած է արդէն, թէ «Զի եթէ նախ զիս հալածեցին, ապա եւ զՁեզ հալածեսցեն»: Ուրիշ ո՞վ ըսաւ որ առաքինութիւնը թշնամի չունի: Եւ ո՞վ է մանաւանդ ան որ կարենայ ժխտել թէ մատնութիւնը, դաւն ու եղբայրասպանութիւնը Հայուն բաժինն են: Թող մեր անցեալը, ներկայ պատմութիւնը վկայ է ատոր: Հետեւապէս, երբեք անսովոր բան մը չէ մեզի համար, Տ. Հա՛յր, որ մեզմէ մէկը մեզ կառավարող իշխանութեան դիմելով Ձեր համերգն իբր «խռովարարական» ներկայացում մատնէ անոր: Արդ, նկատելով որ ամէն բարի եւ օգտակար ձեռնարկ մեծամեծ դժուարութիւններու կրնայ հանդիպիլ, ուստի, դուք, Տ. Կոմիտաս Հայր, պէտք է դիւցազնաբար կռուիք այն բոլոր դժուարութիւններուն դէմ որոնք կ՚ներկայանան շատ անգամ ձեր կարգակիցներուն կողմէ: Սահակներու, Մեսրոպներու, Կոմիտասներու, Սիւնեցիներու Սահակդուխտներու, Սանդուխտներուն եւ Շնորհալիներու սրբազան երգերուն, ինչպէս նաեւ հին Հայոց աշուղներուն ժողովրդային տաղերուն աստուածաշունչ եղանակներուն արտաբերումով, ամենամեծ ծառայութիւնը մատուցած պիտի ըլլաք Հայ Եկեղեցիին եւ Հայ Ազգին: Այդ իսկ պէտք է կազմէ ձեր փառքն ու մխիթարութիւնը, եթէ անկեղծ ու անշահա-խընդիր կերպով կապուած էք այդ նպատակին: Պիտի խնդրեմ, Հայր Սուրբ, որ արուեստասէր գեղջուկ քահանայիս շնորհաւորականն ընդունելով, հաճիք, իբր անկեղծ սրտիս գրաւականը նկատել ներկայս:

Յաջողութիւն մաղթելով՝ մնամ յարգանօք

ՍԵՐՈՎԲԷ ՔՀ. ՊՈՒՐՄԱԵԱՆ

Ատաբազար

Յ.Գ.- Ձեր հասցէն չունենալով, հարկադրուած եմ հոս հարցնել ձեզի թէ համերգներ տալու համար

1 Կրնա՞ք Ատաբազար գալ եւ ե՞րբ

2 Ի՞նչ պայմաններով եւ ինչպէ՞ս կրնաք գալ: Կ՚վստահեցնենք ձեզ թէ Ատաբազար իբր երաժշտասէր քաղաքին մէջ տրամադրելի ձայներ մեծ թիւով կը գտնուին: Ամբողջ քաղաքացին կ՚սպասէ ձեր պատասխանին:

1910, դեկտեմբեր, 6/19, «Բիւզանդիոն»

ԱՌԱՋԻՆ ԳՕՆՍԷՐՎԱԹՈՒԱՌԸ Կ.ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ

Ուրախութեամբ կ՚իմանանք թէ ծանօթ երաժշտագէտ Տ. Կոմիտաս Վ., որ իր մասնագիտութիւնը ձեռք բերած է եւրոպական գօնսէրվաթուառներուն մէջ, մտադիր է գօնսէրվաթուառ մը բանալ մայրաքաղաքիս մէջ, ուր գեղարուեստի այս վսեմ ճիւղը իր բոլոր մանրամասնութիւններով պիտի ուսուցանէ գործիական եւ ձայնական նրբութիւններով: Գօնսէրվաթուառը երեք գլխաւոր բաժանումներ պիտի ունենայ.- Հայ եկեղեցական երաժշտութիւն, Հայ գեղջուկ երաժշտութիւն եւ Եւրոպական երաժշտութիւն, ձայնական եւ գործիական: Առաջին երկու մասերը զուտ հայ ուսանողներուն յատուկ պիտի ըլլան: Իսկ երրորդ մասը, որ հարիւրաւոր երիտասարդներու հաց հայթայթելու մնայուն արուեստ մըն ալ պիտի ըլլայ, միջազգային հանգամանք պիտի ունենայ, ուր պիտի ուսուցուին ձայնական եւ գործիական երաժշտութեան ամէն մասերը, որոնց քաջ տեղեակ է ինքը: Այս առթիւ կազմուած է կարգադիր մասնախումբ մը, որ Գօնսէրվաթուառին երկու տարուան ծախքերը ապահովելու համար որոշած է համերգներ տալ, եւ Կ. Պոլսոյ եւ արտասահմանի մէջ այս նպատակաւ հանգանակութիւն մը կատարել: Զմիւռնիոյ ազգայինները, խանդավառուած Տ. Կոմիտաս Վ.-ի նոյն քաղաքին մէջ տուած համերգէն, խոստացած են մեծ չափով սատարել Գօնսէրվաթուառի մը հաստատութիւնը, եթէ Վրդ.ը պոլսեցիներէն չքաջալերուի եւ Իզմիրի մէջ ուզէ գործադրել իր նպատակը: Կարգադիր մասնախումբը կը գտնուի ծանօթ դրամատէր Եդուարդ էֆ. Գարակէօզեանի նախագահութեան տակ: Ղալաթիոյ դպրաց դասը այս առթիւ 50 ոսկի տրամադրելու յօժարութիւն յայտնած է:

1911, 26/11 մարտ, «ԺԱՄԱՆԱԿ» 

http://www.jamanak.com/content/ընկերա-մշակութային/5-03-2020-անցուդարձ՝-կոմիտասի-շուրջ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın