İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՀ՝ ԼՐԱԳՐՈՂ ՀԱՅԿ ՔԻՐԱԶԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ 23 փետրուարին Գահիրէի մէջ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ յայտնի ու վաստակաշատ լրագրող Հայկ Քիրազեան (Ժան Կեռաս)։ Այս վերջինը Միջին Արեւելքի մասնագէտ մըն էր։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, 1966 թուականէն սկսեալ տողավարձով լրագրութիւն ընել սկսած էր AFP գործակալութեան եւ «Լը Մոնտ» օրաթերթին համար։ 1971 թուականին պաշտօնապէս միացած էր «Լը Մոնտ»ի խմբագրական կազմին։ Ամբողջ քսանհինգ տարի Միջին Արեւելքի բոլոր ճակատներէն լուսաբանումներ կատարած էր ֆրանսական այս հեղինակաւոր օրաթերթին համար։

Հայկ Քիրազեան 1925 թուականին ծնած էր Գահիրէի մէջ։ Գիտէր ֆրանսերէն, անգլերէն, արաբերէն եւ հայերէն։ Գործակիցները կը սիրէին զինքը անուանել՝ «Քիր»։ Տասնամեակներու ընթացքին թէ՛ դէպքերու վայրերէն եւ թէ Փարիզէն ամենայն բծախնդրութեամբ լուսաբանած էր կարեւորագոյն իրադարձութիւններ։ Ան ականատես եղած էր Նասըրի մահուան, Իսրայէլ-Պաղեստին կռիւներուն ու բանակցութիւններուն, Եմէնի քաղաքացիական պատերազմներուն, Լիբանանի պատերազմին, Իրանի իսլամական յեղափոխութեան, իսլամի քաղաքականացումին եւ այլն։ 1991 թուականին հանգստեան կոչուելէ վերջ Հայկ Քիրազեան շարունակած էր աշխատակցիլ «Լը Մոնտ Տիփլոմաթիք» թերթին։ Ան 2009 թուականին իր խորհուրդներով աջակցութիւն ցուցաբերած էր նաեւ «Նոր Յառաջ» թերթի հիմնադրութեան։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F4-03-2020-մահ՝-լրագրող-հայկ-քիրազեանի

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın