İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՐԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն ընթացքին բիւր օրհնութիւններ բաշխեցին հաւատացեալներուն։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս օրերուն կ՚այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Սա իր գահակալութեան շրջանի առաջին արտասահմանեան ուղեւրութիւնն է, որու ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետին կողմէ շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ կը հիւրընկալուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Երէկ առաւօտեան ժամերուն Վեհափառ Հայրապետը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հոգեւորականաց դասու ուղեկցութեամբ առաջնորդուեցան Ս. Գայիանէի պատմական վանքը, ուր մասնակցեցան Ս. Պատարագի արարողութեան։ Մեծ պահքի Արտաքսման կիրակիի Ս. Պատարագին ընթացքին օրուան քարոզը խօսեցաւ Նորին Ամենապատուութիւնը։

Վեհափառ Հայրապետի եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր մասնակցութեամբ երէկ տեղի ունեցած արարողութիւնները իսկապէս յատկանշական էին։ Ս. Պատարագի յիշատակութեան պահուն յիշուեցաւ նաեւ Նորին Ամենապատուութեան անունը։ Քարոզի ատեն նախ հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան, որ հերթական անգամ ողջունեց Նորին Ամենապատուութեան ներկայութիւնը, անոր մաղթեց յաջողութիւններ եւ հաւատացեալներուն տեղեկացուց, որ օրուան քարոզը պիտի խօսէր նորընտիր պատրիարքը։ Աւելի վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Ան նշեց, որ իրեն համար ուրախութիւն էր Մեծ պահքի կիրակիներէն մէկուն խորհուրդը բաժնել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համալիրէն ներս համախմբուած հաւատացեալներու հետ։ Անդրադառնալով մեր պատմական եկեղեցիներու խորհուրդին՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ, որ սրբութիւններու մէջ թրծուելով՝ երբեմն անոնց արժէքի գիտակցութենէն կը հեռանանք։ «Մեր հին տաճարները Աստուծոյ արքայութեան մարմնացեալ յուշարձանները կը հանդիսանան։ Ճշմարիտ օրհնութիւնը, Քրիստոսի զօրութիւնը կը փոխանցուին մեզի մեր հին տաճարներուն մէջ։ Մայր Աթոռէն լոյս կը ճառագայթէ Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհին վրայ», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին համար։ Պատրիարք Հայրը շեշտեց, որ Վեհափառ Հայրապետը տեսիլքներ ունի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը զօրացնելու ուղղութեամբ եւ Աստուծոյ օգնութեամբ այդ տեսիլքները կեանքի կը կոչուին մի առ մի։ Իր խօսքով՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Քրիստոսի ծրագիրն է եւ առ այսօր կը շարունակուի։ Այս բոլորի լոյսին տակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պոլսահայ ժողովուրդի եղբայրական սէրը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն եւ ըսաւ. «Մենք նո՛յն աւազանին մէջ մկրտուած ենք, նոյն միւռոնով դրոշմուած ենք, հետեւաբար մեր միութիւնը յաւերժ է։ Ուր որ հայ մը կայ, մեր սիրտը կը բաբախի անոր համար եւ բաներ մը պէտք է ընենք մեր ազգին համար»։

Աւելի վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ծանրացաւ Արտաքսման կիրակիի խորհուրդին եւ իմաստին վրայ։ Ան դիտել տուաւ, որ մեղքի բերումով մարդուն դրախտէն արտաքսման կը վերաբերի մեծպահոց շրջանի այս կիրակին։ Աստուած մարդ արարածի հոգիին մէջ դրած է կատարելութեան, կատարեալին հասնելու ձգտումը։ Այդ ձգտումը, իրականութեան մէջ, նոյնինքն Աստուծոյ հասնելու ձգտումն է։ Կեանքի տեւողութեան մարդ արարածը կ՚ունենայ զանազան որոնումներ եւ կը պարտաւորուի զանազան նախընտրութիւններ ընել։ Ընդհանրապէս, բարիի եւ չարի միջեւ պայքար մը մղելէ աւելի մարդ հակասութիւններ կ՚ապրի բարիներու կամ չարերու միջեւ նախընտրութիւններ ընելու տեսակէտէ։ «Դուք ձեր ընտրութիւնը լաւ կատարեցէք։ Արարիչը ընտրեցէք, ոչ թէ արարածը։ Այլապէս դրախտէն դուրս կը մնաք», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ բացատրեց, որ մարդ արարածը Աստուծոյ հետ խնդիր մը չունի, բայց Աստուծոյ խօսքերուն հետ խնդիր կ՚ունենայ յաճախ։ Ամէն մարդ զԱստուած կը սիրէ, բայց համապատասխանօրէն Աստուծոյ խօսքը չի սիրեր կամ Աստուծոյ խօսքին չի հնազանդիր։ Աստուծոյ հրամաններուն եւ Աստուծոյ կամքին հետ կ՚ապրի որոշ հարցեր կամ կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ։ Աստուծոյ կամքը մեզի կը հասնի անոր խօսքով, իսկ մարդ արարածը իւրաքանչիւր մեղքով Աստուծմէ կը տրուի։

Նորին Ամենապատուութիւնը շատ լաւ օրինակով մը շարունակեց իր քարոզը։ Ան բացատրեց, որ լիճէ մը, գետէ մը առնուած քարը երբ շօշափենք, ան թաց է, իսկ եթէ այդ քարը կոտրենք, կը տեսնենք, որ անոր մէջի մասը չոր է, այսինքն ջուրը չէ թափանցած այնտեղ։ Ճիշդ այս օրինակով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մաղթեց, որ Աստուծոյ խօսքը պէտք է թափանցէ մարդ արարածին խորքը։ «Ձեզ կը յանձնեմ Աստուծոյ խօսքերուն։ Ձեր մէջ ըլլան անոնք։ Սնուինք, զօրանանք եւ լուսաւորուինք Աստուծոյ խօսքերով», եզրափակեց իր քարոզը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Ս. Պատարագի արարողութենէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը միասնաբար անցան վեհարան, ուր կէսօրին ճաշեցին իրարու հետ։

ԸՆԹՐԻՔ

Միւս կողմէ, շաբաթ երեկոյեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եղաւ ընթրիքի հիւրը մեր համայնքէն Տայք Միրիճանեանի, որ Երեւանի կեդրոնին բացած է «Ճաշակ» անունով ճաշարան մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ իր ընկերակիցները ճաշասեղանի շուրջ համախմբուեցան անմիջական մթնոլորտի մը մէջ։ Կային նաեւ այլ հիւրեր, որոնց հետ Նորին Ամենապատուութիւնը զրուցեց ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։

Վաղը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պիտի մասնակցի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին՝ Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F2-03-2020-սրբութիւններ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın