İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԻ ԽՄՈՐՈՒՄՆԵՐ

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ) երէկ երեկոյեան ժողով մը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Սա նախկին Համայնքային վաքըֆներու հարթակն (VADİP) է, որ նոր անունով մը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։ Այստեղ միայն անուանափոխութիւն մը խնդրոյ առարկայ չէ, այլեւ՝ ըստ երեւոյթին, նոր մօտեցումներով աշխատանք մը կը նախատեսուի յառաջիկային համար։ Երէկուան ժողովը գումարուեցաւ գլխաւորութեամբ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի։ Դռնփակ նիստ մըն էր այս մէկը, որու սկիզբին մամուլին թոյլատրուեցաւ կատարել նկարահանում։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, նոր շրջանի խմորումներուն շուրջ խօսակցութիւններ տեղի ունեցան ընդհանուր գիծերու մէջ։

Ժողովի բացումին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պետրոս Շիրինօղլու, որ յիշեցուց, թէ երկար ժամանակէ ի վեր այս ձեւաչափով ժողով մը չէր գումարուած։ Ան խորհրդածութիւններ ըրաւ նաեւ մօտաւոր անցեալին Պատրիարքարանի մէջ կազմակերպուած լայնախարիսխ համայնքային խորհրդակցութեան կապակցութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ գումարուած այդ ժողովին զուգահեռ կը նախատեսուի Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ կեդրոնական սեղան մը ստեղծել՝ համայնքային կեանքը կեդրոնաձիգ դրութիւնով մը կազմակերպելու նպատակով։ Պետրոս Շիրինօղլու տեղեկացուց, որ յետայսու ԹՎՄ-ի ժողովներուն մասնակցութիւն պիտի բերէ նաեւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։ Ինչպէս ծանօթ է, Տիգրան Կիւլմէզկիլ մասնակցութիւն չէր բերեր VADİP-ի ժողովներուն։ Պետրոս Շիրինօղլուէն վերջ արտայայտուեցաւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, որ առաջին հերթին խօսեցաւ կարեւոր նիւթի մը շուրջ։ Այսպէս, ան դիտել տուաւ, որ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ չունին նեղութիւն մը։ Վերջին շրջանին խնդիրներ յառաջացած էին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան միջեւ։ Տիգրան Կիւլմէզկիլ յիշեցուց, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կամքով մօտաւոր անցեալին հանդիպում մը ունեցած էին Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։ Ըստ Կիւլմէզկիլի, Շիրինօղլու խոստացած է լուծել առկայ խնդիրները։ «Մենք համայնքի շահերուն համար պիտի աշխատինք, անհատական որեւէ սպասում չունինք», ըսաւ Կիւլմէզկիլ ժողովի ընթացքին։

Մինչ այդ, ներկայ ժողովականներն ալ մեծ ուրախութեամբ հետեւեցան Շիրինօղլուի եւ Կիւլմէզկիլի միջեւ ստեղծուած ներդաշնակութեան։ Արդարեւ, նիստի մասնակիցները ծափահարութիւններով ողջունեցին մեր երկու մեծ բարերարներու համատեղ ներկայութիւնը սրահէն ներս։

Երէկուան ժողովի տեւողութեան արտայայտուեցաւ Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նազարէթ Էօզսահակեան։ Այս վերջին ելոյթը կը վերաբերէր Եւրոմիութեան միջոցներէն օգտուելու խնդրին։ Պոյաճըգիւղի թաղային խորհուրդը վերջերս մասնակցութիւն կը բերէ ԵՄ-ի գանձատրումով՝ քաղաքացիական հասարակութեան խրախուսման նպատակով ձեռնարկուած ծրագրի մը։ Այս ծրագիրը կը նախատեսէ Թուրքիոյ մէջ Եւրոմիութեան հետ համարկման գործընթացին զուգահեռ փոքրամասնութիւններու պահպանումը։ Պետական կառոյցներ, քաղաքացիական հասարակութենէ կազմակերպութիւններ եւ զանազան փոքրամասնական մարմիններ մասնակցութիւն կը բերեն այս նախագծին, որու շուրջ խորհրդածութիւններ ըրաւ Նազարէթ Էօզսահակեան։

Դռնփակ նիստի ընթացքին ծաւալուած քննարկումներէն վերջ ժողովականները արձակուեցան՝ յառաջիկայ շրջանի վերաբերեալ դրական ակնկալութիւններով։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/3-03-2020-նոր-շրջանի-խմորումներ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın