İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԵՆԹԻ ՄԵՆԹՈՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Մենթի-Մենթոր երիտասարդական աշխատանքային խումբը ժամը 17.00-ին մետեղուեցան Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ։ 

Հանդիպումը հովանաւորեց Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ Պատրիարք Սրբազան Հայրը։ Աշխատանքային խումբի առաջնորդները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան, որ կարելիութիւն ընծայած էր այս մեկտեղման Պատրիարքարանի մէջ կայացման համար։ 

Նորին Ամենապատուութիւնը ներկայ երիտասարդներուն ուղղեց իր հայրական խօսքը եւ ընդգծեց կեանքի պատրաստութեան ճանապարհին ուսման կարեւորութիւնը։ Մանաւանդ շեշտեց թէ անհատներ կրնային երջանիկ ըլլալ երբ կրնային իրենց տաղանդներուն համաձայն ասպարէզ մը ընդգրկել։ Որպէսզի այդ զգացումը բոլոր երիտասարդները կարենային ապրիլ, կարեւորեց անդադար աշխատելու եւ ուսանելու անհրաժեշտութիւնը։ Գնահատեց որ փորձառու անձեր իրենց փորձառութիւնները կը փոխանցէին նոր երիտասարդներու, որպէսզի անոնք կարենային ճշդել իրենց ուղղութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց ներկայ երիտասարդները ու յաջողութիւն մաղթեց բոլորին։

Ապա  խումբը իր աշխատանքը շարունակեց դահլիճին մէջ։ 

Աղբիւր։ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔՈՅ 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın