İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ Պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ ժամը 14.00-ին ընդունեց Հայկարամ Քարասուի գլխաւորած խումբը որոնք այցելած էին 10-13 Ապրիլ թուականներու միջեւ Լոնտոնի մէջ կատարելի  Եւրո-Հայկական Մարզախաղերու կապակցութեամբ։ Այցելուներ տեղեկութիւններ փոխանցեցին մարզախաղերու մասնակիցներու եւ տարուած կազմակերպչական աշխատանքներու մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց տարուած աշխատանքները եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց։

Ժամը 15.00-ին այցելեց Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Հայաստանի Նախագահ՝ Վազգեն Եագուեան, որուն կ՚ընկերանային Լիւքսեմպուրկէն Փաուլօ Պիլէզիկճեան եւ Վահէ Առաքելեան։ Այցելուներ իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին Ստանպուլ իրենց այցելութեան առթիւ, մանաւանդ Թուրքիոյ Հայոց Հոգեւոր կեդրոնին մէջ կրցած էին հանդիպում ունենալ Նորին Ամենապատուութեան հետ։ Շնորհաւորեցին ընտրութիւնն ու գահակալութիւնը եւ մաղթեցին յաջողութիւններ։ Նաեւ տեղեկութիւններ տուին Միութեան Հայաստանի մէջ ծաւալած աշխատանքներու մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց այս քաղաքավարական այցելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց ազգանուէր ծառայութեանց մէջ։

Օրուան երրորդ հանդիպումը կայացաւ ժամը 15.00-ին։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդունեց Աւստրալիայէն Լէն Իշխանեանի շնորհաւորական այցելութիւնը։

Աղբիւր։ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔՈՅ 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın