İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՄԵԿՆԵՑԱՒ

Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը յետ ընտրութեան եւ գահակալութեան առաջին պաշտօնական այցելութեան համար այս առաւօտ մեկնեցաւ Մայր Աթոռ։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ուղեկցին Պատրիարքարանի Դիւանապետ եւ Լուսարարապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Լուսարարապետի Փոխանորդ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ Գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Նկատելով որ Ստանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքները կանգ առած են, Նորին Ամենա­պատուութիւնը կը ճամբորդէ Թիֆլիզի վրայով։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Մայր Աթոռի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ, նաեւ պիտի մասնակցի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նիստերուն։

Նորին Ամենապատուութիւնը եւ հետեւորդները Ստանպուլ կը վերադառնան 6 Մարտ, Ուրբաթ օր։

Աղբիւր։ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔՈՅ 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın