İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ԴԱՍՈՒ ՆՈՐ ԱՆԴԱՄՆԵՐ՝ Տ. ՆԱԹԱՆ ՔՀՆՅ. ԱՐԱՊԵԱՆ ԵՒ Տ. ՆԵՐՍԷՍ ՔՀՆՅ. ԱՅՎԱԶԵԱՆ

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ քահանայից դասը, ձեռամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, օժտուեցաւ երկու նոր քահանաներով՝ յանձինս Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեանի եւ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեանի։

Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, Կ. Պոլսոյ Ժողովոյ 150 Հայրապետաց Տօնին, 22 Փետրուար 2020, Շաբաթ, ժամը 08.30-ին սկսան առաւօտեան ժամերգութիւնները։  Իսկ, ժամը 10.30-ին Պատարագիչ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, եկեղեցականաց թափօրով մուտք գործեց տաճարէն ներս։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Գոփարեան, Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ եւ դպիրներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան զանազան երգչախումբերէ ժամանած ուխտաւոր դպիրներէ կազմուած միացեալ երգչախումբի կողմէ, ղեկավարութեամբ՝ Բրկ. Յովսեփ Ուր. Դպ. Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Բրշ. Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։  

Նախ քան ճաշու գիրքերու ընթերցումը Տրց. Սեւան Սրկ. եւ Տրց. Սարօ Սրկ., սաղմոսներով ու ծնկաչոք բարձրացան եկեղեցւոյ բեմը, ուր խարտաւիլակներ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, անգամ մը եւս ներկայացուցին ենթակաները վկայելով իրենց վարքին եւ գիտութեան։  

Կանոնական աղօթքներու ընթերցումէն ետք ընծայեալները իրենց երեսը ժողովուրդին դարձան եւ իրենց ձեռքերը վեր բարձրացուցած «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ»ի երգեցողութեամբ հրաժարեցան աշխարհիկ կեանքէ։ Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը Տրց. Սեւան Սրկ. եւ Տրց. Սարօ Սրկ.ի վրայ ձեռք դրաւ եւ յետոյ ուրարը վիզերէն դարձնելով՝ վերածեց փորուրարի։

Սուրբ Գրոց ընթերցումներու աւարտին Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ մինչեւ «Ողջոյն»ի պահը։ Կարդացուեցան կանոնական աղօթքներ եւ ընծայեալներուն տրուեցան փիլոն եւ պատարագիչի զգեստներ։ Ապա Տրց. Սեւան Սրկ. եւ Տրց. Սարօ Սրկ. զանգակներու ղօղանջներով եւ «Խորհուրդ Խորին» շարականով զգեստաւորուեցան եւ առաջնորդուեցան Ս. Սեղանին առջեւ։

Ապա, Նորին Ամենապատուութիւնը քահանայական ընծայեալներուն ճակատներն ու ձեռքերը օծեց, վերակոչելով՝ Սեւան Սարկաւագը՝ Տէր Նաթան, իսկ Սարօ Սարկաւագը՝ Տէր Ներսէս։ Նորապսակ քահանայ հայրերը, իրենց անդրանիկ օրհնութիւնները տուին ժողովուրդին։ 

Յետ օծման Պատրիարք Հայրը քարոզեց «Հոգին Սուրբ եկեսցէ ի քեզ եւ զօրութիւն բարձրելոյն հովանի լիցի ի վերայ քո» բնաբանով եւ ըսաւ թէ՝ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամօր կեանքէն ներս այս խօսքը հրաշք մը գործել սկսաւ եւ Ս. Հոգիին ներգործութեան ազդեցութիւնը տեսանելի դարձաւ։ Քահանայութեան կոչումին մէջ եւս կարեւորութիւնը շեշտեց այդ խօսքին, քանի Ս. Հոգին Աստուած աշխարհական մարդոց մէջ կոչում մը կ՚արթնցնէ եւ եթէ ընծայեալը ընդառաջէ այս կոչումին Աստուածային հրաշքը տեղի կ՚ունենայ ու նոր մարդ մը ծնունդ կ՚առնէ որպէս հոգեւորական։ Ձեռնադրութեան արարողութեան մէջ տեղի ունեցածը այսպէս բնորոշեց եւ ապա ըսաւ թէ՝ երկու երիտասարդ ընտանիքի հայրեր, իրենց սրտին մէջ զգալով Տիրոջ ծառայելու կանչը, դիմեցին Պատրիարքական Աթոռ եւ փափաք յայտնեցին քահանայ դառնալ։ Անոնք արդէն ի տղայ տիոց եկեղեցւոյ դպրաց դասերու անդամներ էին եւ վերին իշխանութիւնը քննած էր զիրենք եւ յայտնի դարձած էր թէ իրենց փափաքը անցողական կամք մը չէր։ Այդ փափաքին որպէս արդիւնք այսօր կը ձեռնադրուէին որպէս եկեղեցւոյ սպասաւորներ։    

Պատրիարք Հայրը, ապա յայտնեց թէ իւրաքանչիւր քահանայական ձեռնադրութեան մէջ ընծայեալներուն նոր անուն կը տրուի ի նշան նոր մարդ դառնալու։ Ապա բացատրեց նորընծաներուն դրուած անուններուն իմաստները, ըսելով. « Նախ պէտք է նշել թէ երկուքն ալ աշակերտած են Մեսրոպ Պատրիարքին եւ իր առաջնորդութեամբ եկեղեցական գիտելիքներ ամբարած։ Այնուհետեւ անոնք վերակոչեցինք Պատրիարք Հօր հետ առընչուած երկու անունով։ Նաթան անունը կը նշանակէ Աստուծոյ ընծան եւ երկու հոգեւորականներ Պոլսոյ Աթոռին համար դարձած էին ընծաներ։ Այս անունը նաեւ Մեսրոպ Պատրիարքի կողմէ ալ շատ սիրուած էր եւ շատ ատեններ նորածիններու համար Նաթան անունին գործածութիւնը կ՚առաջարկէր։ Իսկ Ներսէս անունը ուղղակիօրէն առընչուած է Ս. Ներսէս Պարթեւ Հայրապետի հետ, որուն յիշատակութիւնը Մեսրոպ Պատրիարքը միշտ վառ պահած է յատկապէս Գնալը Կղզիի Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասով։ Այնուհետեւ կը մաղթենք որ այս նոր անուններով, Աստուծոյ դաշտին մէջ կը դառնաք զօրաւոր որսորդներ, Աստուծոյ Խօսքը իւրացնելու եւ բացատրելու տրամադրութեամբ»։

Պատրիարք Հայրը նաեւ յայտնեց թէ՝ այս ձեռնադրութեամբ Պոլսոյ Աթոռէ ներս կը սկսի նոր շրջան մը եւս, քանի իրենց զարգացման շրջանը պիտի շարունակուի ու անոնք պիտի ստանան զանազան նոր գիտելիքներ եւս։ Ըսաւ թէ՝ այս ուղղութեամբ Աթոռոյ ենթակայ լսարաններ եւ դասընթացքներ պիտի հաստատուին, որպէսզի անոնք եւ իրենց նմաններ հոգեւոր դաշտէ ներս ծառայելու առաւել եւս պատրաստ ըլլան, իրենց եկեղեցւոյ մասին իմաստութեամբ բացատրութիւններ տալու։ Այս ուղղութեամբ խրատեց զիրենք եւ ըսաւ որ հեռու մնան յատկապէս նիւթապաշտութենէ եւ անշուշտ թէ զանազան աշխարհիկ կեանքէ, որպէսզի ժողովուրդը քահանային մէջ տեսնէ իմաստունը, առաջնորդը եւ հաւատացեալը։  

Ողջոյնի պահուն, բոլոր հոգեւորականները եկան համբուրելու նորապսակ հոգեւորականներու ճակատներն ու աջերը։

Արարողութեանց աւարտին հաւատացեալներ մօտեցան նորընծաներուն՝ աջահամբոյրով ստանալու համար իրենց օրհնութիւնը։ Իսկ Պատրիարք Հայրը, եկեղեցականաց թափօրով եւ «Կենդանարար Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ դէպի խորհրդարան։

Հոգեւոր արարողութեան աւարտին Գողթան Դպրաց Դասու ուսումնարանի սրահին մէջ հոգեւորականներու, նորընծաներու ընտանիքներուն եւ դպիրներուն մասնակցութեամբ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ, նախագահութեամբ Պատրիարք Սրբազան Հօր։ Իր սրտի խօսքը արտասանեց Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. եւ շնորհաւորեց նորընծաները։ Յայտնեց թէ նորընծաները Պատրիարք Սրբազան Հօր, որպէս Պատրիարք կատարած առաջին ձեռնադրութեան հունձերն էին։ Այս առումով մաղթեց որ այս օրհնաբեր տեսարանը առաւել եւս զարգանայ եւ տարածուի ժողովուրդին վրայ։ Իրենց մաղթեց որ ըլլան մշակներ առանց ամօթոյ։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Շիրվան Քահանան եւ յայտնեց թէ ձեռնադրեալները կը ճանչնար երկար տարիներէ ի վեր։ Յատկապէս Տէր Ներսէսը,Գնալը Կղզիի Եկեղեցւոյ շրջաբակէն ներս եղած էր իր մանկութեան ընկերը, որուն հետ առաջին անգամ յաճախած էր եկեղեցի եւ ծանօթացած՝ Մեսրոպ Հայր Սուրբի հետ։ Ուրախ էր քանի այդ դաշտէն մշակ մը եւս այսօր կը ձեռնադրուէր որպէս քահանայ։ Սիրոյ սեղանի տեւողութեան ընթացքին, Տէր Ներսէսի քոյրը՝ Մարալ Չաղլըչուպուքճու մեներգեց ժողովրդական երգեր։ Նաեւ Թաթուլ Ծ. Վրդ. ի ձեռնադրութեան տարեդարձը կը զուգադիպէր այս օրուան եւ իրեն համար պատրաստուած կարկանդակը բեկանուեցաւ։ Ինք եւս արտայայտեց իր սրտի խօսքերը եւ յայտնեց ծառայութեան պատրաստակամութիւնը։  Սիրոյ սեղանի աւարտին իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին նաեւ նորընծայ Տէր Նաթան եւ Տէր Ներսէս քահանաները։ Իրենց կարգին յայտնեցին թէ՝ գիտակից են քահանայական կարգի սրբութեան եւ կարեւորութեան եւ այս ուղղութեամբ միշտ պիտի աշխատին զօրացնելու համար մեր եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ մէջ երկար տարիներ ծառայած անձերու համար եւս տարբեր զգացում մըն էր եւ իրենք նկատեցին անկրկնելի եզակի պահ մը։ Պիտի յիշէին խորանի առջեւ իրենց կատարած ուխտը եւ այս գծով պիտի ջանային իրենց լաւագոյնը ընծայաբերել եկեղեցւոյ։ Արդէն իսկ քառասուն օրեր այս մասին առաւել եւս մտածելու, աղօթելու եւ առաջնորդուելու առիթը պիտի ունենային։ Այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց հոգեւոր ծնող՝ Պատրիարք Սրբազան Հօր եւ իրենց զօրաւիգ բոլոր հոգեւորականներուն, սարկաւագներուն եւ դպիրներուն։

Հուսկ բանքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը եւ յայտնեց թէ Պոլսոյ մէջ եկեղեցւոյ ծառը տակաւին չէ չորցած եւ այս ձեռնադրութեամբ ծաղկիլ կը սկսէր։ Մաղթեց որ ապագային նոր կոչումներ եւս ելլեն եւ եկեղեցին համալրուի նոր հոգեւոր սպասաւորներով։ Այս առթիւ գնահատեց նորընծաները եւ իրենց ընտանիքները ու իրենց նոր ճամբուն մէջ կարողութիւն մաղթեց։ 

Արժ. Տ. Նաթան Քահանայի ձեռնադրութեան կնքահայրն է՝ Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեանն ու Երէցկին՝ Լուսի Չնարեանը, իսկ Արժ. Տ. Ներսէս Քահանայի ձեռնադրութեան կնքահայրն է՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։ Նորընծաներ, նախ քան պաշտօն ձեռնարկելու, Պատրիարքարանի մէջ պիտի բոլորեն իրենց քառասնօրեայ ապաշխարութեան շրջանը։

Աղբիւր։ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔՈՅ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın