İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշեց թաղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան տարեդարձը։ Արդար հպարտութիւնով ու մեծ հանդիսաւորութեամբ տօնախմբուած տարեդարձ մըն էր այս մէկը, որովհետեւ Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը իսկապէս պարծանքն է մեր երաժշտական կեանքի։

Երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ օրուան պատգամը։ Ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ միեւնոյն ժամանակ, Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի նախագահն է։ Ֆէրիգիւղի համանուն եկեղեցին ալ երէկ լեցուած էր հոծ թիւով հաւատացեալներով։ Օրուան պատարագիչն էր՝ Տ. Պօղոս Ա. Քհնյ. Պարոնեան, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ Սեդրակ Սրկ. Տավութհան, Հմայեակ Սրկ. Քոչումեան, Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, Սայաթ Սրկ. Չնարեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարուեցան Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որով վերյիշուեցան դպրաց դասու եւ երգչախումբի հանգուցեալ հիմնադիրները, նախագահները, դպրապետները, երաժշտապետները, բոլոր անդամներն ու սատարողները։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էին հայր սուրբն ու տէր հայրը։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու իր գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ թաղի բոլոր յարակից մարմիններէն պատասխանատուներ, քոյր դպրաց դասերէ ներկայացուցիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր համախմբուած էին սիրոյ սեղաններու շուրջ։ Դպրաց դասու հիմնադրութեան 111-րդ եւ երգչախումբի կազմութեան 88-րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ կազմակերպուած հանդիսութիւնը մեծ ոգեւորութեան թատերաբեմը հանդիսացաւ։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Գարէն Թէրզեանի։ Տնօրէն խորհուրդի անունով արտայայտուեցաւ Լորա Սաքման։ Շանթ Էսմէր դաշնակի կատարումներով արժանացաւ ծափահարութիւններու։ Երգչախումբի մենակատարներէն Ալիս Շահինօղլու, Լիւսի Գահվէճիօղլու եւ Յովսէփ Գույումճեան ներկաներուն հաճոյք պատճառեցին իրենց տպաւորիչ ձայնով։ Մեներգներուն նուագակցեցան Սիրուն Սիրունեան եւ Լիւսի Գահվէճիօղլու։ Սրտի խօսք մը արտասանեց դպրապետ Սեդրակ Սրկ. Տավութհան։

Հանդիսութեան ընթացքին արտայայտուեցաւ նաեւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ Անուշեան, որ հայրական խօսքը ըսելու առընթեր ներկաներուն հետ բաժնեց իր անկեղծ զգացումները։ Արդարեւ, ան կը նշէր իր քահանայական ձեռնադրութեան 17-րդ տարեդարձը ու ծափողջոյններու ներքեւ հատեց իրեն համար պատրաստուած կարկանդակը։ Հայր սուրբը բիւր յարգանքով վերյիշեց իր ծնողը՝ երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան ընդգծեց, որ 17 տարուայ իր հոգեւոր ծառայութեան 13 տարին անցուցած է Ֆէրիգիւղի մէջ։ Բոլոր ներկաները ծափողջոյններով իրենց շնորհաւորանքը, գնահատանքն ու համակրանքը արտայայտեցին հայր սուրբին նկատմամբ։

Այս տարի եւս երգչախումբի անդամներէն Սարօ Սիրականեանի հսկողութեան ներքեւ կազմակերպուած էր Բարեկենդանի աւանդական տողանցքը, որով ոգեւորութիւնը հասաւ գագաթնակէտին։ Այս մթնոլորտին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ հուսկ բանքը արտասանեց բաւական բարձր տրամադրութեամբ՝ մաղթելով, որ մեր համայնքը միշտ ըլլայ լաւատես եւ ժպիտը անպակաս՝ իր դէմքէն։

Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ՝ Վարդանանց երգչախումբի անդամներուն կողմէ արտասանուած Տէրունական աղօթքով։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/24-02-2020-վարդանանց-երգչախումբի-տարեդարձը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın