İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՇՆՈՐՀԵՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂ ԵՒ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆՑ

Ս. Վարդանանց Տօնը, 20 Փետրուար 2020, Հինգշաբթի, Ս. Պատարագի մատուցմամբ նշուեցաւ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։ Վարդանանցի Տօնական արարողութեանց առիթով, Նորին Ամենապատուութիւնը Հովուապետական անդրանիկ այցելութեանց շարքէն ներս ներկայ եղաւ նաեւ Ֆէրիգիւղի Եկեղեցւոյ մէջ։

Առաւօտեան ժամերգութեանց աւարտին, ներկայ հոգեւորականներ եւ դպիրներ եկեղեցւոյ մուտքը հաւաքուեցան եւ ժամը 10.30-ին ժամանեց Պատրիարք Հայրը ու դիմաւորուեցաւ Եկեղեցւոյ Քարոզիչ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եւ Ատենապետ՝ Մանուկ Էօղէրի գլխաւորած թաղային խորհուրդի կողմէ։ Ներկայ էին Արժ. Տ.Տ. Գրիգոր Աւ., Պօղոս Աւ., Կորիւն Աւ., Զօհրապ եւ Շիրվան քահանայ հայրերն ու թաղեցիներ։ Պատրիարք Հայրը, «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի եւ իր ուխտի աղօթքը մատուցանեց առ Բարձրեալն Աստուած։

«Հրաշափառ»ի արարողութեան աւարտին, սկիզբ առաւ տօնական Ս. Պատարագը, որ մատուցուեցաւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի ձեռամբ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ առաջնորդութեամբ՝ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի։ Ս. Պատարագին մասնակցեցան նաեւ Մէրամէթճեան Վարժարանէ աշակերտեր, իրենց Տնօրէնուհի Արփի Մանուկեանի առաջնորդութեամբ։   

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Պատրիարք Հայրը քարոզեց եւ Ս. Վարդանանց Տօնին ոգիին մասին խօսեցաւ ներկայ ժողովուրդին։ Պատրիարք Հայրը յիշեցուց թէ ազգային եկեղեցական տօներու կարեւորագոյններէն է Ս. Վարդանանցը, քանի սրբոց հաւատոյ զօրութեան հետեւելով Հայեր պահպաներ են իրենց հաւատքը, գտեր են իրենց տոկունութիւնը որպէս ժողովուրդ եւ մեր արժէքները հասցուցեր են մինչեւ այսօր։ Նորին Ամենապատութիւնը Վարդանանցի մէջ թաքնուած հաւատքը ոգիին զօրութիւնը յիշեցնելով ըսաւ. « Շատեր կը կարծեն թէ՝ Հայոց այս պայքարը պատերազմական ոգիով ծնունդ առած է եւ թշնամութիւնը կը տեսնեն առ հասարակ, բայց Վարդանանցը սիրոյ պատերազմ է, որով Հայեր ցոյց տուած են թէ կը սիրեն իրենց հաւատքն ու Փրկիչը եւ կը պայքարին բոլոր այն ազդեցութեանց հետ, որոնք կը ջանան խլել իրենց սուրբ հաւատքը։ Այլ խօսքով Քրիստոսի ներկայութիւնը խոստովանելու համար տրուած պայքար մըն է։ Այս մէկը նաեւ արդարութեան եւ ազատութեան համար մղուած պայքար մըն է, որով դարեր առաջ մեր պապերը պաշտպանեցին իրենց հաւատքի ազատութիւնը։ Այս առումով բոլորիս կը ներշնչէ Ս. Վարդանանց Տօնն ու ոգին»։

Պատրիարք Հայրը մերօրեայ Աւարայրերու մասին խօսեցաւ նաեւ եւ յայտնեց թէ՝ եկեղեցին, վարժարանը, միութիւնը եւ նման արժէքները կանգուն պահելու սրբազան պայքարը կը մղուի եւ այս մէկը մեծ մարտնչում մըն է։ Անդրադարձաւ մասնաւորապէս ֆէրիգիւղի համայնքային կեանքին եւ յայտնեց թէ՝ Ս. Վարդանանց Եկեղեցին, Մէրամէթճեան վարժարանը այս կամքի խորհրդանիշներն են եւ զանոնք կանգուն պէտք է պահել, որպէսզի անոնք շարունակեն մնալ հաւատքի եւ մտքի օրրան։ Այս առիթով շնորհաւորեց Եկեղեցւոյ Վարչութիւնը, Քարոզիչ Հայր Սուրբը, Դպրաց Դաս Երգչախումբը, Մէրամէթճեան Վարժարանը եւ յարակից մարմինները եւ իրենց կամքը։ Խօսքերու աւարտին իր խօսքը ուղղեց նաեւ Մէրամէթճեանի աշակերտներուն եւ ըսաւ թէ՝ բոլոր պայքարը կը մղուի իրենց համար, որպէսզի անոնք մշակուած ըլլալով ապագային դառնան համայնքային հաստատութեանց մէջ գործիչներ եւ սպասաւորներ ու փոխանցեն իրենց ստացածները։ Ինք որպէս Պատրիարք, ժողովուրդի զաւակներուն թելադրեց որ, միշտ նկատի ունենան այս կամքը։

Պատրիարքական Պատգամի աւարտին, նկատի ունենալով թէ՝ Վարդանանց Տօնը անուանակոչութեան տօնն է նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին,  Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ կատարուեցաւ «Հայրապետական Մաղթանք» ու ներկաներ աղօթեցին վասն անսասանութեան Մայր Աթոռոյ եւ արեւշատութեան Վեհափառ Հայրապետին։

Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցան նաեւ հին եւ նոր բոլոր ննջեցեալները։

Հոգեւոր արարողութեանց աւարտին, ներկաներ համախմբուեցան եկեղեցւոյ սրահին մէջ սարքուած սիրոյ սեղաններուն շուրջ։ Հաճելի մթնոլորտին ներքեւ ներկաներ զրուցեցին Պատրիարք Հօր հետ եւ Իր օրհնութիւնը ստացան։

Սիրոյ սեղանին, յիշատակուեցաւ նաեւ թէ՝ օրուայ պատարագիչ  Հայր Յարութիւնի քահանայական ձեռնադրութեան հինգերորդ տարին լրացած է եւ այս առթիւ տօնական կարկանդակ մը բեկանուեցաւ։ Ոգեւորիչ մթնոլորտի ներքեւ Հայր Սուրբը իր սրտի խօսքը յայտնեց, եւ ըսաւ թէ՝ մեծ ուրախութիւն էր հարազատներու հետ նշել այս հանգրուանը եւ ծառայութեան տարիները արագ անցած էին։ Հաստատեց թէ՝ հինգ տարի առաջ նոյն եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրուած պահուն տրուած ուխտը Աստուծոյ ողորմութեամբ հաստատ կը մնար եւ մաղթեց որ միշտ նոյնպէս շարունակէ ի փառս Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ։ Այս առումով մաղթեց Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ, բոլորին աղօթքները, որպէսզի հաւատքի պատերազմին մէջ հաստատ մնալով ծառայէ Ս. Եկեղեցւոյ։

Սեղանի աւարտին, հուսկ բանք կատարեց Պատրիարք Հայրը եւ առաջին հերթին շնորհաւորեց Հայր Սուրբին ձեռնադրութեան տարեդարձը եւ իրեն մաղթեց ծառայութեամբ բեղմաւորուած օրեր։ Գնահատեց նաեւ Ֆէրիգիւղի Եկեղեցւոյ ծառայութիւնը, յայտնելով թէ՝ այս եկեղեցին ամենէն հայաշատ թաղերէն միոյն կը պատկանի եւ միշտ իր պայծառութիւնը կը փափաքին։ Մաղթեց որ, Ս. Վարդանանց Տօնը օրհնաբեր ըլլայ ներկաներուն եւ անոնք միշտ Ս. Վարդանի ոգիով պահպանեն հոգեւոր եւ մշակութային գանձերը։

Աղբիւր։ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔՈՅ 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın