İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՇՆՈՐՀԵՑ ԳԱՐԹԱԼ ԵՒ ԳԱՏԸԳԻՒՂ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր, անդրանիկ հովուապետական այցելութիւններու վերջին կայանները հանդիսացան Գարթալի Ս. Նշան Եկեղեցին եւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցին։ 20 Փետրուար 2020, Հինգշաբթի, յետ Ս. Վարդանանցի Տօնակատարութեանց, Պատրիարք Սրբազան Հայրը, իր մօտն ունենալով  հոգեւորականաց դասէ անդամներ, այցելեց այս երկու եկեղեցիները։

Պատրիարք Հօր այցելութեան առաջին կայանը եղաւ, Գարթալի Ս. Նշան Եկեղեցին։ Ժամը 16.00-ին Նորին Ամենապատուութիւնը ժամանեց եկեղեցի եւ դիմաւորուեցան Երէց՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ Ատենապետ՝ Յովհաննէս Սահակօղլուի գլխաւորած թաղային խորհուրդի կողմէ։

Ապա, «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդուեցաւ եկեղեցի եւ կատարեց իր ուխտի աղօթքը։ Ներկայ էին նաեւ ուխտաւորներ։

Պատրիարք Հայրը այս առթիւ իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն եւ յայտնեց թէ Պոլսոյ Ասիական Ափի ամենէն հեռու եկեղեցիներէն միոյն մէջ կը գտնուի։  Նախապէս տարբեր առիթներով գտնուած Ս. Նշան Եկեղեցւոյ մէջ այս անգամ կը գտնուէր որպէս Պատրիարք եւ այս կոչումին համար փառք տուաւ Աստուծոյ։ Յայտնեց թէ՝ այս եկեղեցին մօտաւոր անցեալին, այժմու թաղային խորհուրդի առաջնորդութեամբ թէ՛ արտաքնապէս եւ թէ՛ ներքնապէս բարեզդարդուած է եւ բոլոր այցելուներ մեծ գոհունակութեամբ ներկայ կը գտնուին այս եկեղեցւոյ մէջ։ Եկեղեցւոյ մէջ որոշ առիթներով կը կատարուէր նաեւ Ս. Պատարագ եւ արարաղութիւններ եւ այս բոլորին յաջողապէս կը հսկէր Եկեղեցւոյ երէց Տէր Գրիգոր Աւ. Քահանան։ Այս առթիւ, բոլորին մաղթեց գործոց բարեաց յաջողութիւն եւ անդորրութիւն։ Արարողութենէն յետոյ ներկաներ թէյասեղանով հիւրասիրուեցան եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Այս առթիւ, Գարթալի Ընտանիքէ անդամներ իրենց խնդակցութիւնը յայտնեցին Պատրիարք Սրբազան Հօր։ Շնորհակալութիւն յայտնեցին իր այցելութեան առիթով եւ մաղթեցին արեւշատութիւն։

Պատրիարք Հօր այցելութեան երկրորդ կայանը եղաւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցին։ Ժամը 18.00-ին Նորին Ամենապատուութիւնը ժամանեց եկեղեցի եւ եկեղեցւոյ բակին մէջ մեծ ոգեւորութիւն մը տիրապետել սկսաւ։ Զանգակներու ղօղանջին միացաւ «Կենդանարար Աստուած» եւ «Էջմիածին» շարականը մատուցող նուագախումբի երաժշտութիւնը։

Մեր Հոգեւոր Պետը, դիմաւորուեցաւ Եկեղեցւոյ Քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի, Երէց՝ Արժ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ Ատենապետ՝ Արման Պիւքիւճեանի գլխաւորած թաղային խորհուրդի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ թաղի պաշտօնական մարմիններէ ներկայացուցիչներ եւ անդամներ։ Եկեղեցւոյ մուտքին յանուն Գատըգիւղի Հայութեան, երկու մանուկներ ծաղկապսակ նուիրեցին։

Ապա, Սեւան Շէնճանի առաջնորդութեամբ եւ Արտէն Գարիպեանի Երգեհոնահարութեամբ, Ս. Թագաւոր Դպրաց Դասու անդամներու կազմած թափօրը, «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդեց դէպի եկեղեցի։

Կատարուած ուխտի աղօթքէն յետոյ, յանուն Գատըգիւղի Ժողովուրդին իր ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Քարոզիչ Հայր Սուրբը։ Իր խօսքերուն մէջ, մասնաւորապէս յայտնեց թէ ժողովուրդը երջանիկ է քանի իր Հոգեւոր Պետը առաջին անգամ կ՚այցելէ Ս. Թագաւոր Եկեղեցին, որուն անունը ընծայուած է Քրիստոս Թագաւորին։ Հայր Սուրբը յայտնեց թէ՝ Ս. Թագաւոր Եկեղեցին ունի նաեւ խորհրդանշական իմաստներ, որոնցմէ երկուքը իմաստաւոր կը դառնար այդ պահուն։ Մաղաքիա Պատրիարք Օրման, իր վերջին պատգամը փոխանցած էր այս բեմէն, ժողովուրդի միասնականութեան եւ ամրութեան համար։ Այս թաղին մէջ փոխանցած էր իր մեծ պատգամը ըսելով թէ՝ Հայ Ժողովուրդին ծառայելը պատիւ է։ Մաղթեց որ, ծառայասիրութեան մէջ այս տիպարը միշտ ներշնչէ Նորին Ամենապատուութեան եւ իր խօսքերը միարար ըլլան ժողովուրդին մօտ։ Երկրորդ, յիշատակեց թէ Կոմիտաս Վարդապետ իր վերջին աղօթքը կատարած է այս բեմին առջեւ, երգելով «Տէր Ողորմեա»։ Մաղթեց որ, Կոմիտասեան ոգին բարեխօս ըլլայ Նորին Ամենապատուութեան, որպէսզի իր խօսքերով ողորմութիւն խնդրէ ժողովուրդին համար Աստուծմէ։ Իրեն մաղթելով արեւշատութիւն, խնդեց որ Պատրիարքական անդրանիկ պատգամը փոխանցէ ժողովուրդին։

Նորին Ամենապատուութիւնը առաջին հերթին, շնորհակալութիւն յայտնեց Հայր Սուրբի ողջոյնի խօսքերուն համար եւ ըսաւ թէ՝ Հովուապետական այցելութեանց վերջին կայանին հասած էր Գատըգիւղի այցելութեամբ։ Թուարկուած տիտան անունները, իրենց վերջին պահերուն յիշատակ թողած էին Գատըգիւղ, իսկ ինք մաղթեց որ անդրանիկ այցելութեան յաջորդեն այլ առիթներ, որպէսզի իր ժողովուրդին հետ համախմբուելու առիթն ունենայ։ Գատըգիւղի պատմական ներկայութեան մասին խօսեցաւ եւ յայտնեց թէ այն հազուագիւտ թաղերէն է, որ ունի հայկական խորունկ արմատներ եւ տակաւին կը շարունակէ պատմութիւնը իրենց մօտ։ Այս առումով մաղթեց որ Գատըգիւղի այնցեալէն փոխանցուած մշակութասէր աւանդը, մշտական ըլլայ։ Այս առումով, թաղը բախտաւոր էր իր հոգեւոր հովիւ՝ Գրիգոր Աւ. Քահանայով, քանի Տէր Հայրը թաղի պատմութիւնը գրի առած էր եւ յանձնած էր ապագայ սերունդներուն։ Յայտնեց թէ՝ ինք եւս նոյնացած է թաղի հետ եւ իր ծառայութիւնը գնահատելի էր ո՛չ միայն թաղէ ներս, այլ՝ համայնքէ ներս։ Յիշեց նաեւ՝ Հայր Յարութիւնը, որ Տէր Հօրմէ ստացած տիպարով կը շարունակէ ծառայել մեր եկեղեցւոյ, բան մը որ երջանկութիւն է բոլորիս համար։ Մաղթեց որ, իր կեցուածքը, կորովը եւ աշխատասիրութիւնը շարունակական ըլլայ վասն պայծառութեան եկեղեցւոյ եւ Պատրիարքական Աթոռոյ։ Հոգեւորականաց դասը բախտաւոր էր անշուշտ, ունենալով իրենց գործունէութեան համակիր Թաղային Խորհուրդ մը։ Յայտնեց թէ, թաղային խորհուրդը եւս օրինակելի միասնականութեամբ կը շարունակէր իր գործունէութեան ու կը հսկէր յարակից մարմիններուն։ Նշեց՝ Ս. Թագաւոր Երգչախումբը, որ այսօրուայ երգեցողութիւնները լաւապէս մատուցանեց ու յայտնեց թէ հոգեպարար արարողութեամբ ինք եւս ոգեւորուեցաւ։ Գատըգիւղի կարեւոր հաստատութիւններէն մին էր նաեւ Արամեան Ունճեան Վարժարանի եւ Սանուց Միութիւնը։ Իրենց գործունէութեանց արդէն մօտէն հետեւելով, Պատրիարքական Աթոռը եւս գոհ էր մասնաւորապէս մշակութային երուզեռով։ Իր խօսքի աւարտին, ժողովուրդին եւս շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ըսաւ թէ իրենց ներկայութիւնը արժէքաւոր էր եւ խնդեց իրենց աղօթակցութիւնը այս դժուարին պաշտօնին մէջ։ Իրենց եւս մաղթեց որ Աստուած օրհնէ բոլորը եւ իրենց ընտանիքները։ 

Պատգամի աւարտին Պատրիարք Հայրը, օրհնեց ներկաները եւ թափօրով առաջնորդուեցաւ պարտէզ։ Ապա, իրենր ի պատիւ թէյասեղան սարքուեցաւ ու ներկաներ հաճելի զրոյց ունեցան իր հետ։ Այնուհետեւ, այցելութեան առիթով, Եկեղերւոյ հրատարակած, Երէց՝ Գրիգոր Աւ. Քահանային վերջին գիրքը՝ «Արմաշու Չարխափան Ս. Աստուածածին Վանքի Տպարանը»  խորագրեալ գիրքը նուիրուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան։ Պատրիարք Հայրը, ինք եւս յիշեցուց գրաւոր աւանդութեան կարեւորութիւնը եւ թելադրեց որ ժողովուրդէ անհատներ եւս ո՛չ միայն բանաւոր այլ գրաւոր աւանդ թողուն։ Շնորհաւորական խօսքերէ յետոյ Պատրիարք Հայրը բաժնուեցաւ Գատըգիւղէն։

Աղբիւր։ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔՈՅ 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın