İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՈՒՐԻՈՅ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Շաբաթ, 22 Փետրուարի երեկոյեան, Սուրիոյ կրօնական կալուածներու նախարարը մասնաւոր այցելութիւն մը տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարան։

Նախարարին կ՚ընկերակցէին Հալէպի կրօնական կալուածներու տնօրէնն ու փոխտնօրէնը։

Այցելութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային մարմիններու ներկայացուցիչները։

Առաջնորդ սրբազանը նախարարը հրաւիրեց ազգ. մարմիններու ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ նախ այցելելու Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցի, որ անցեալ տարի Սուրիոյ նախագահին նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ նորոգուած էր եւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին ձեռամբ վերօծուած։

Նախարարը պատմական այս եկեղեցւոյ մասին իր տպաւորութիւնները յայտնելով դիտել տուաւ, որ այս կառոյցը կը վկայէ, որ հայերը ներկայ են այստեղ դարերէ ի վեր։

Ապա Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստի պաշտօնական խօսքով դիմեց նախարարին, անդրադարձաւ նախորդ օրերուն Բերիոյ Հայոց Թեմի պատուիրակութեան նախարարին այցելութեան, նախարարութեան շէնքէն ներս, դիտել տալով, որ ջերմ
մթնոլորտի մէջ ընթացած հանդիպումը արդիւնաւէտ էր եւ խթան դարձաւ ընդլայնելու գործակցութիւնը։

Խօսելով Հալէպի ամբողջական ազատագրութեան մասին, սրբազանը յայտնեց, որ այս յաղթանակը կը պարտինք սուրիական քաջարի բանակին, երկրիս նախագահին վճռակամութեան, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին զոհողութեան, ապա իր ուրախութիւնը յայտնեց Սուրիոյ կառավարութեան Հալէպի մէջ հերթական իր նիստը գումարելուն առիթով, զայն համարելով յաղթանակի վկայութիւն եւ վերականգնումի ծրագրաւորում։

Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ Դամասկոսի մէջ խորհրդարանի նախագահին հետ հանդիպման, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով թեմի զաւակներուն շնորհակալութիւնը եւ վեհափառ հայրապետին ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնելու անոր։

Այնուհետեւ կրօնական կալուածներու նախարարը խօսք առնելով իր գոհունակութիւնը յայտնեց Ազգ. Առաջնորդարան իր անդրանիկ այցելութեան համար։ Ապա անդրադարձաւ Հալէպի ամբողջական ազատագրման, հայութեան եւ համայնքի Սուրիական Հայրենիքին հաւատարմութեան եւ ժողովուրդին հաւաքական պայքարին՝ յանուն Սուրիական Հայրենիքի ամբողջական ազատագրումին։
Նախարարը յայտնեց, որ Սուրիան ոչ միայն ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլեւ կոչ ուղղեց համայն աշխարհին ճանչնալու եւ դատապարտելու զայն, դիտել տալով, որ այսօր ալ Օսմանեան Կայսրութեան ժառանգորդները նոյնանման սպանդներ կը գործեն Սուրիոյ ժողովուրդին նկատմամբ։

Հուսկ, ներկաները զրուցեցին Հալէպն ու Սուրիան յուզող հարցերու եւ վերականգնումի աշխատանքներուն շուրջ։

Զրոյցը շարունակուեցաւ մտերմիկ ընթրիքի մը սեղանին շուրջ։

http://www.kantsasar.com/news/15120-2/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın