İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱԼԱԹԻԱ ՀԱՅՏԷՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 21 Փետրուար 2020, Ուրբաթ առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջընդունեց  Մալաթիա Հայրենակցական Միութեան (ՀԱՅՏԷՐ) նորընտիր վարչութեան անդամները, գլխաւորութեամբ՝ Ատենապետ Նուրհան Կէզտիրիճիի։

Այցելուներ, նախ շնորհաւորեցին Պատրիարք Հայրը եւ յաջողութիւն մաղթեցին իրեն։ Իրենք յայտնեցին թէ՝Մալաթիա ՀԱՅՏԷՐը մօտաւոր անցեալին կատարած էր ընտրութիւն մը եւ նոր վարչութիւնը պաշտօնիձեռնարկած էր։ Այս առումով, անդամներու մասին ծանօթութիւններ տրուեցաւ Պատրիարք Հօր եւ ծրագիրներու մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցուեցաւ։ Անոնք պարզեցին նաեւ հայրենակցական միութիւններու համագործակցութեան համար իրենց գաղափարներն ու տեսակէտները։

Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց տրուած այցելութեան համար եւ գոհունակութեամբ ծանօթացաւ անդամներու հետ։ Իրենց միութեան գործունէութիւնը գնահատելի էր եւ մաղթեց որ սոյն միութեան ճամբով մշակութային եւ ընկերային ծիրէն ներս միշտ զարգացումներ իրականանան։ Այս առիթով Պատրիարք Հայրը, իր բարեմաղծութիւնները փոխանցեց ներկաներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔՈՅ 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın