İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵԶԱԿԻ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆ

Կաթոլիկ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու Աստուածաբանական երկխօսութեան ծիրին մէջ կազմակերպուած՝ երիտասարդ միաբաններու դէպի Վատիկան ճանաչողական այցելութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Միշաբաթեայ ծրագիրը գործադրուեցաւ արդիւնաւէտութեամբ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիէն հոգեւորականներու մասնակցութեամբ։ Այսպէս, աշխատանքին մասնակցեցան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ երեքական եկեղեցական։ Ինչպէս հաղորդած էինք, յաջորդ տարի դարձեալ պիտի կազմակերպուի նման ձեւաչափով ճանաչողական այցելութիւն մը՝ այս անգամ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Այս անդրանիկ ճանաչողական այցելութեան եզրափակիչ փուլին, երէկ, Վատիկանի Առաքելական պալատի երդիքին տակ ծրագրի մասնակիցները հիւրընկալուեցան Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ, որու կողքին էին կարտինալներ։ Ներկայ էր նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ յղացած էր այս ձեւաչափով հանդիպման մը գաղափարը եւ այցելութեան օրերուն միշտ ուղեկցեցաւ հայ եկեղեցականներուն։ Երէկուան հանդիպման ժամանակ Սրբազան Պապը ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ երիտասարդ միաբաններուն նկատմամբ՝ փոխանցելով իր օրհնութիւնները։ Սրբազան Պապը յոյս յայտնեց, թէ ծրագրի իւրաքանչիւր մասնակից կարողացած է Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Հռոմ քաղաքի մէջ ապրիլ դրական փորձառութիւն մը եւ ինքզինք զգացած՝ ո՛չ թէ որպէս հիւր, այլեւ՝ եղբայր։ «Երբ զանազան երկիրներու քրիստոնեաներս իրարու կ՚այցելենք, մէկզմէկու հանդիպելով Տիրոջ սիրոյ մէջ, շնորհքը ունինք փոխանակելու այդ պարգեւները», յայտնեց Սրբազան Պապը ու շեշտեց, որ երիտասարդ միաբաններու Հռոմ եւ Վատիկան այցելութիւնը առիթ մըն է խորացնելու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ճանաչումը եւ փոխադարձաբար՝ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար հնարաւորութիւն մըն է՝ ընկալելու համար Ս. Հոգւոյ այն պարգեւները, որոնք իրենց մէջ կը կրեն զանոնք։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F22-02-2020-եզակի-փորձառութիւն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın