İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՋԵՐՄ ԶՐՈՅՑ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան երէկ Հռոմի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Նիւ Եորքի առաջնորդ կարտինալ Տիմոթէոս Տոլանի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, նորին սրբազնութիւնը շուրջ երեք տասնամեակ պաշտօնավարած է որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ։ Այդ ամբողջ ժամանակաշրջանին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ կարտինալ Տոլան շատ ջերմ, եղբայրական յարաբերութիւններու մէջ գտնուած են։ Ներկայ շաբթուան տեւողութեան կարտինալ Տոլան Վատիկանի մէջ կը մասնակցի կարգ մը ժողովներու։ Օգտուելով իր կեցութեան ընձեռած հնարաւորութենէն՝ ան փափաքած է անպայման տեսակցիլ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի հետ, որ այժմ կը պաշտօնավարէ Վատիկանի մէջ։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ կարտինալ Տոլան Հռոմի մէջ ընթրեցին՝ որպէս երկու հոգեւոր եղբայր։ Հարկ է նշել, որ Երուսաղէմի երջանկայիշատակ պատրիարք Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանի՝ Արեւելեան թեմի առաջնորդ եղած տարիներէն սկսեալ, Միացեալ Նահանգներու մէջ ջերմ յարաբերութիւններ եղած են Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիներու առաջնորդարաններուն միջեւ։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան պահպանած է այդ սերտ կապերը եւ Նիւ Եորքի մէջ պաշտօնավարած տարիներուն համագործակցած՝ կարտինալ Օքանըրի, կարտինալ Իկընի եւ վերջապէս կարտինալ Տոլանի հետ։

Երկու բարձրաստիճան եկեղեցականները Հռոմի ընթրիքին ժամանակ վերյիշեցին քաղցր յուշեր եւ ըմբոշխնեցին Նիւ Եորքի մէջ հիմքերը դրուած եղբայրական յարաբերութիւններու ջերմութիւնը։ Կարտինալ Տոլան զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւններ քաղեց Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նոր առաքելութեան մասին։ Միեւնոյն ժամանակ, ան նորին սրբազնութենէն խնդրեց, որպէսզի իր ջերմ ու յարգալիր ողջոյնները փոխանցէ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F21-02-2020-հռոմի-մէջ-ջերմ-զրոյց

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın