İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՇՆՈՐՀԵՑ ՊԷՇԻԿԹԱՇ, ՕՐԹԱԳԻՒՂ, ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷ, ՌՈՒՄԷԼԻՀԻՍԱՐ, ՊՕՅԱՃԸԳԻՒՂ ԵՒ ԵՆԻԳԻՒՂ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, իր անդրանիկ հովուապետական այցելութիւնները շնորհել շարունակեց 19 Փետրուար 2020, Չորեքշաբթի։ Պատրիարք Սրբազան Հայրը, իր մօտն ունենալով  հոգեւորականաց դասէ անդամները, օրուայ տեւողութեան ընթացքին այցելեց Արեւմտեան Վոսփորի զանազան եկեղեցիները ու փոխանցեց իր պատգամը։

Պատրիարք Հօր այցելութեան առաջին կայանը եղաւ, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին։ Ժամը 10.00-ին Նորին Ամենապատուութիւնն ու շքախումբը ժամանեց եկեղեցի եւ դիմաւորուեցաւ Երէց՝ Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհյն. Գույումճեանի եւ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Հայազատ Կազէրօղլուի գլխաւորած թաղային խորհուրդի կողմէ։

Նորին Ամենապատուութիւնը «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ եւ Բրշ. Էտվին Սրկ. Կալիպեանի երգեհոնի ընկերակցութեամբ, զանգակներու ղօղանջներուն ներքեւ մուտք գործեց եկեղեցի ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն։ Իր խօսքերուն մէջ յայտնեց թէ՝ Պէշիկթաշի Եկեղեցիին մէջ ինք ունի անցեալ մը եւս ինք այս եկեղեցւոյ մէջ պաշտօն ստանձնելով,  խնկաբոյր մթնոլորտի մէջ վայելած է պատմական օրեր։ Պէշիկթաշի Եկեղեցին իր ճարտարապետութեամբ, Պալեան Ընտանիքի ձեռակերտ ընծան դարձած է Պոլսահայ ժողովուրդին։ Երբ արտասահմանէն այցելուներ կը փութան Պոլիս, անպայման անոնց ցոյց կը տրուի այս սքանչելիքը եւ անոնք հիացումով կը բաժնուին եկեղեցիէն։ Եկեղեցին, ո՛չ միայն իր գեղեցկութեամբ կը յայտնուէր, այլ իր մէջ տիրապետող կանոնաւոր ու խաղաղ մթնոլորտով։ Այս մթնոլորտը ստեղծուած էր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին, երէցին, դպրաց դասուն եւ տիկնանց կազմին համերաշխ գործակցութեամբ։ Պատրիարք Հայրը գնահատեց սոյն տեսարանը եւ մաղթեց որ յարատեւ մնայ։ Արարողութեան աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդուեցաւ խորհրդարան, ուր ստորագրեց եկեղեցւոյ պատւոյ տոմարը։

Ապա, ներկայ հոգեւոր հայրեր թէյասեղանով հիւրասիրուեցան եկեղեցւոյ սրահին մէջ։

Յանուն Պէշիկթաշի Ընտանիքի արտայայտուեցաւ Դպրապետ՝ Բրշ. Արման Սրկ. Մարաշեան եւ յայտնեց թէ Պատրիարքական Աթոռոյ ազգընտիր գահակալը հիւրասիրելով, հոգեկան անհուն ուրախութիւն մը կ՚ապրին։ Սոյն հանգրուանը պատմական օր մըն էր եւ առիթ կը դառնար, որպէսզի Պէշիկթաշի ընտանիքի բոլոր անդամները իրենց հաւատարմութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեն Պատրիարք Սրբազան Հօր։ Այս առթիւ մաղթեց յաջողութիւն եւ արեւշատութիւն եւ ազգաշէն գործունէութիւն։ Թէյասեղանը նաեւ առիթ եղաւ, որպէսզի ներկայ հոգեւորականներ Պէշիկթաշի Եկեղեցւոյ հետ առընչուած իրենց յիշատակները բաժնեն։ 

Պատրիարք Հօր այցելութեան երկրորդ կայանը եղաւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին։ Ժամը 11.00-ին, Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ Երէց՝ Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեանի եւ Ատենապետ՝ Իսքէնտէր Շահինկէօզի գլխաւորած թաղային խորհուրդի կողմէ։

Ներկայ էին նաեւ Թարգմանչաց Վարժարանի Տնօրէն Արաս Տէլիճէի գլխաւորութեամբ ուսուցիչներ եւ աշակերտներ։

Պատրիարք Հայրը, մեծ ոգեւորութեամբ «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ եկեղեցի եւ իր ուխտի աղօթքը կատարեց։

Այս առիթով ներկաներուն իր պատգամը ուղղեց եւ գովասանքով արտայայտուեցաւ Օրթագիւղի Եկեղեցւոյ գործունէութեան մասին։ Յայտնեց թէ եկեղեցին մօտաւոր անցեալին ի հիմանէ բարեզարդուած ըլլալով, գեղեցիկ տեսք մը ստացած էր։ Թաղային Խորհուրդի ջանքերով ու աշխատութեամբ, եկեղեցին տիրացած էր նիւթական զօրութեան։ Այս իսկ պատճառներով, եկեղեցին իր սահմանները ընդարձակելով, Պոլսոյ բոլոր ժողովուրդին ուշադրութեան առարկայ դարձած էր։ Պատրիարք Հայրը, մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց Թարգմանչաց Վարժարանի աշակերտութեան եւ իրենց յայտնեց թէ այս օրը պատմական օր մըն էր իրենց համար։ Բացատրեց թէ կարեւոր դասի պահի մը կը վերածուէր այս արարողութիւնը եւ անոնք պիտի ըմբռնէին թէ համայնքի գլուխն է Պատրիարքութիւնը եւ օրուայ Պատրիարքը։ Այնուհետեւ տղոց հրաւէր ուղղեց, որպէսզի այցելեն Պատրիարքարանը եւ մօտէն ծանօթանան իրենց հոգեւոր կեդրոնին։ Իր խօսքերու աւարտին, նշեց նաեւ թէ եկեղեցին յանձին իր հոգեւոր հովիւին՝ Տ. Զաւէն Քահանայ Հօր առաջնորդութեամբ կարեւոր գործ կը կատարէ եւ համագործակցութեան որպէս արդիւնք, Կիրակնօրեայ արարողութիւններուն յատկապէս բազմաթիւ ուխտաւորներ կը փութան եկեղեցի։ Պատրիարք Հայրը օրհնեց այս տեսարանի իւրաքանչիւր տարրը եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին։

Արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որու ընթացքին ներկաներ առիթն ունեցան հիւրասիրելու Պատրիարք Հայրն ու ներկայ հոգեւորականները։ Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները, այս առիթով իրենց երջանկութիւնը յայտնեցին, քանի իմաստալից օր մը եղած էր Օրթագիւղի համար։ Անոնք Պատրիարքական Աթոռոյ նկատմամբ իրենց ունեցած հաւատարմութիւնը անգամ մը եւս յայտնեցին ու ըսին թէ՝ ի պահանջել հարկին միշտ պատրաստ են նիւթական կամ բարոյական զօրակցութիւն յայտնեց Պատրիարքական Աթոռոյ գործունէութեանց։ Հանդիպման աւարտին հոգեւոր հայրեր շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած հիւրասիրութեան համար։

Պատրիարք Հօր այցելութեան երրորդ կայանը եղաւ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցին։ Ժամը 13.00-ին, Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ Երէց՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհյն. Միւրզեանի եւ Ատենապետ՝ Իրմա Փոլաթի գլխաւորած թաղային խորհուրդի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ ԿոմիտասԴպրաց Դասէ անդամներ, որոնք Բրկ. Արթիւր Դպ. Պաղտասարեանի առաջնորդութեամբ միացան երգեցողութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը եկեղեցականաց թափօրով առաջնորդուելէ յետոյ, ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց եւ յայտնեց թէ Պոլսոյ պատմական թաղերէն միոյն մէջ կը գտնուի։ Եկեղեցին ճիշտ է թէ իր անցեալի փառքը չունի, քանի նուազած է թաղեցի հայերուն թիւը։ Բայց եւ այնպէս, եկեղեցին իր կարելիութիւններով կը շարունակէ իր գործունէութեան եւ կը ջանայ Կիրակնօրեայ արարողութեանց մասնակից դարձնել ուխտաւորները։ Շրջանը արդէն իսկ ուխտավայրերու շրջան մը կը դառնար նաեւ Յունաց Եկեղեցւոյ ներկայութեամբ եւ Ս. Խաչ Եկեղեցին իր բաց դռներով կը միանար այս խորհուրդին։

Պատրիարք Հայրը յայտնեց թէ այս ուղղութեամբ թաղային խորհուրդի, երէցի եւ դպրաց դասու գործակցութիւնը գնահատելի էր։ Մաղթեց որ, եկեղեցւոյ առաքելութիւնը առաւել եւս ծաւալի եւ Ս. Խաչ Եկեղեցին մնայ բարձր պատնէշի վրայ։

Արարողութեան աւարտին, Պատրիարք Հայրը թափօրով առաջնորդուեցաւ Երանաշնորհ Զաքարիա Պատրիարք Կաղզուանցի շիրիմին մօտ, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Հոգեւոր արարողութենէ յետոյ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ ներկայ հոգեւոր հայրեր հիւրասիրուեցան թէյասեղանով, ուր ներկաներ զրուցելու առիթն ունեցան Պատրիարք Հօր հետ։ Այս առթիւ Ատենապետուհի՝ Իրմա Փոլաթ բարի գալուստ մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան ու յայտնեց թէ իր ներկայութիւնը կ՚ոգեւորէր եկեղեցւոյ վարչութիւնը։ Մաղթեցին որ, Իր առաջնորդութեամբ եւ Պատրիարքական Աթոռոյ հովանիին ներքեւ մեր համայնքը ունենայ փայլուն ապագայ եւ անդորր օրեր։ 

Պատրիարք Հօր այցելութեան չորրորդ կայանը եղաւ Ռումէլիհիսարի Ս. Սանդուխտ Եկեղեցին։ Նորին Ամենապատուութիւնը Ժամը 14.30-ին, եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ Ատենապետուհի՝ Նուրիցա Եասուլքալի կողմէ,  հոգեւորականաց թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցի եւ կատարեց իր ուխտի աղօթքը։

Ներկայ էին նաեւ ուխտաւոր ժողովուրդը։ Այս առիթով ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց եւ ըսաւ թէ՝ Վոսփորի ամենէն գողտրիկ եւ խորհրդաւոր եկեղեցիներէն մին է Ս. Սանդուխտ Եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ շրջանէն ներս Հայութեան թիւը նուազած ըլլալով հանդերձ, ամէն ամիս Ս. Պատարագ կը մատուցուի այստեղ եւ ներկայ ուխտաւորներով կ՚ոգեւորուի եկեղեցւոյ մթնոլորտը։ Յիշեցուց թէ անցեալէն ի վեր այս եկեղեցին նաեւ ծանօթ եղած է իր տեսարանով, քանի պարտէզէն դիտուած Վոսփորը կ՚ոգեւորէ այցելուները։ Այս տրամադրութեամբ, շատ անգամներ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի հետ միատեղուած էին եկեղեցւոյ մէջ։ Իր խօսքերու աւարտին գնահատեց թաղային խորհուրդը եւ պատասխանատու երէց՝ Տ. Շիրվան Քահանան եւ մաղթեց բոլորին բեղուն գործունէութիւն։

Հոգեւոր արարողութենէ յետոյ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ ներկայ հոգեւոր հայրեր հիւրասիրուեցան թէյասեղանով, ուր ներկաներ օրհնութիւնը ստացան Պատրիարք Հօր։ Ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Պատրիարք Հօր այցելութեան առիթով եւ փափաք յայտնեցին որ այլ առիթներով Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրասիրեն եկեղեցւոյ մէջ ու վայելեն իր ներկայութիւնը։ Այս առթիւ իրեն մաղթեցին քաջառողջ կեանք եւ օրհնաբեր նոր շրջան մը։

Պատրիարք Հօր այցելութեան հինգերորդ կայանը եղաւ Պօյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց Եկեղեցին։ Նորին Ամենապատուութիւնը Ժամը 16.00-ին, եկեղեցւոյ մուտքը դիմաւորուեցաւ Ատենապետ՝ Նազարէթ Էօզսահաքեանի գլխաւորած Թաղային Խորհուրդի կողմէ։ Մեր Հոգեւոր Պետը, ապա «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ, առաջնորդուեցաւ եկեղեցի եւ իր ուխտի աղօթքը կատարեց։ Ներկայ էին նաեւ ուխտաւորներ։

Պատրիարք Հայրը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն եւ յայտնեց թէ Պոյաճըգիւղի Եկեղեցին կամքի դրսեւորման լաւագոյն օրինակներէն մէկն է։ Հակառակ անոր որ եկեղեցին կալուածական եկամուտ մը չունի, Ատենապետ Նազարէթ Էօզսահաքեանի առաջնորդութեամբ երկար տարիներու ընթացքին բարելաւուած է եւ եկեղեցւոյ մէջ կենսունակութիւնը զգալի է։ Մինչ այդ, եկեղեցւոյ վարչակազմը կը ջանայ որպէսզի եկեղեցին տիրանայ մշտական եկամուտի։ Յիշեցուց նաեւ թէ՝ ամիսը անգամ մը Ս. Պատարագ կը մատուցուի այս եկեղեցւոյ մէջ եւ եկեղեցւոյ դռները բաց են հաւատացեալներու առջեւ։ Պատրիարք Հայրը, եկեղեցւոյ բոլոր մարմիններուն աշխատութիւնը օրհնեց եւ իրենց մաղթեց յաջողութիւն։ Հոգեւոր արարողութենէ յետոյ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ ներկայ հոգեւոր հայրեր հիւրասիրուեցան թէյասեղանով, ուր ներկաներ զրուցեցին Պատրիարք Հօր հետ։

Յանուն Թաղային Խորհուրդի արտայայտուեցաւ Անգինէ Արզումանեան եւ ողջունեց Ամենապատիւ Տիրոջ ներկայութիւնը Պօյաճըգիւղէ ներս։ Սոյն պահը յիշարժան առիթ մըն էր, քանի սահմանափակ պայմաններով եկեղեցին կանգուն պահելու կամքի տէր անձինք, կը խրախուսուէին Պատրիարք Սրբազան Հօր ներկայութեամբ։ Այս առթիւ յայտնեցին որ իրենք միշտ կ՚աշխատին Ս. Երից Մանկանց Եկեղեցին կենսունակ պահելու համար եւ կը մաղթեն որ Տէրը կ՚օրհնէ իրենց աշխատութիւնը։ Այս առումով Պատրիարքական Աթոռոյ զօրակցութիւնը եւս խնդրեցին։ Իրենց գործունէութեանց մասին եւս տեղեկութիւններ փոխանցելով, յայտնեց իրենց բարեմաղթութիւնները։

Պատրիարք Հօր այցելութեանց վերջին կայանը եղաւ Ենիգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին։ Ժամը 16.30-ին, Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ Երէց՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի եւ Ատենապետ՝ Կարպիս Գալայճեանի գլխաւորած թաղային խորհուրդի կողմէ։ Եկեղեցի փութացած էին նաեւ բազմաթիւ թաղեցիներ։ Նորին Ամենապատուութիւնը «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ դէպի եկեղեցի եւ կատարեց իր ուխտի աղօթքը։

Այնուհետեւ, բոլոր ներկաներուն ուղղեց իր խօսքը եւ յայտնեց թէ օրուայ տեւողութեան ընթացքին վեցերորդ եկեղեցին է որ կ՚այցելէ եւ իւրաքանչիւր եկեղեցի իր օրհնութեամբ կը յայտնուի իր առջեւ։ Իր պատասխանատու պաշտօնին մէջ յատկապէս Աստուծոյ զօրակցութիւնը անհրաժեշտ էր եւ այս այցելութիւններով առաւել եւս կը զգար այս ճշմարտութիւնը։ Այս առումով բոլորին աղօթքը խնդրեց, որպէսզի իմաստութեամբ առաջնորդէ իրեն յանձնուած հօտը։

Պատրիարք Հայրը յայտնեց թէ, որպէս համայնք նոր շունչի մը կարիքը ունին եւ յետ ընտրութեան այլեւս պիտի աշխատէր այս մէկը հաստատելու համար։ Իր խօսքերուն մէջ յատկապէս շեշտադրեց սրբազան յամառութեան անհրաժեշտութիւնը, որով միայն ծաղկեալ ապագայի պիտի տիրանայ մեր ժողովուրդը։ Խրատեց, որպէսզի յուսալքութեան երբեք չմատնուին եւ միշտ յոյսով զօրացած շարունակեն ծառայել իրենց համայքին վերելքին համար։ Այս առումով անդրադարձաւ եկեղեցւոյ գործունէութեան մասին եւ գնահատեց տեղւոյն թաղային խորհուրդը եւ երէցը։ Իր խօսքերու աւարտին մաղթեց որ Տէրը անսասան պահէ Պատրիարքական Աթոռը։

Պատրիարքական Պատգամէն յետոյ, եկեղեցի փութացած Մէզզօ Սօփրանօ Ժագլին Չարքճը մեներգեց «Ողջոյն Քեզ Մարիամ» հոգեւոր երգը։ Պատրիարք Հայրը, ապա եկեղեցականաց թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ սրահը եւ Պահպանիչ աղօթքով օրհնեց ներկաները։ Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Պատրիարք Հօր ի պատիւ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Այս առթիւ, յանուն եկեղեղեցւոյ թաղային խորհուրդին, Զաքէոս Ծ. Վարդապետ արտայայտուեցաւ ու իր երջանկութիւնը յայտնեց։ Պատրիարք Սրբազան Հօր այցելութիւնը, օրհնաբեր հանգրուան մըն էր եւ ներկաներ ըստ բաւականին ոգեւորուած էին։ Երկար տարիներ յետոյ Պատրիարքական հովանին զգալի դարձած էր եւ այս մէկը խրախուսանք էր ժողովուրդին համար։ Իր խօսքերու աւարտին մաղթեց յաջողութեամբ լի օրեր։  Սիրոյ սեղանի աւարտին, մեր Հոգեւոր Պետը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած ընդունելութեան համար եւ մաղթեց այլ առիթներով կրկին այցելել Ս. Աստուածածին Եկեղեցին։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın