İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ, ՆՈՐ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ – 1

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս կը սկսի նո՛ր շրջան մը։ Նո՛ր գահակալ մը կայ Պատրիարքական Աթոռին վրայ։ Նո՛ր որոնումներ սկսած են համայնքէն ներս։ Այս բոլոր «նոր»երու խաչմերուկին պէտք է դիտարկել Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած վերջին լայնախարիսխ խորհրդակցութիւնը։

Թրքահայութիւնը ունի վաղեմի խնդիրներ, որոնց լուծում գտնել հնարաւոր չ՚ըլլար երկար տասնամեակներէ ի վեր։ Մեծ հաշուով՝ համայնքի ներքին բարդ հաւասարակշռութիւնները եւ պետական քաղաքականութեան ինչ-ինչ դրսեւորումներ ծնունդ տուած են ծանր կացութեան մը։ Առկայ մարտահրաւէրը միայն հարցերու կուտակուած ըլլալը չէ, այլեւ՝ անդունդ մը գոյացած է համայնքային կեանքի ընդհանուր հոսքի եւ նոր ժամանակներու ոգիին միջեւ։

Այս համայնապատկերին վրայ կը բիւրեղանայ մեր հաստատութիւններու այլասերած վիճակը, ինքնութեան գոյատեւման տագնապը, անարդիւնաւէտ եւ ինքնագլուխ կառավարումը, անսկզբունք վերաբերմունքը հաւաքական դիմագծի հանդէպ, զօրակցութեան չկամութիւնը եւ տակաւին բազում մտահոգիչ իրողութիւններ։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը այս թնճուկին վրայ ուշադրութիւն կեդրոնացուցած է ներկային՝ իր գահակալութեան շրջանի առաջին իսկ քայլափոխին։ Վաղեմի խնդիրները նո՛ր հայեացքով մը կը դիտարկէ ան։ Նո՛ր եռանդով մը հետամուտ կ՚ըլլայ լուծման ջանքերուն։ Նո՛ր բանաձեւումներով մատնանիշ կ՚ընէ անոնց հրատապ բնոյթը։ Աւելի՛ն, համապարփակ համագործակցութեան մթնոլորտ մը ստեղծելու համար կը ձգտի ստեղծել նո՛ր գետին մը։ Նո՛ր շունչով, նո՛ր տեսիլքով ճանապարհ դուրս եկած է։ Նո՛ր բարեկարգումի մը մեկնարկը ապահովել կը ջանայ իր բոլոր հնարաւորութիւններով։

Նորին Ամենապատուութեան հնարաւորութիւններու առանցքին է իր վայելած ժողովրդականութիւնը, իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած՝ թերեւս շատ թարմ ժողովրդական աջակցութիւնը։ Սա անանտեսելի, անգնահատելի ազդակ մըն է։ Համայնքի ընդհանուր կամքին համահունչ գործելու կարելիութիւնը՝ որպէս օրինական իշխանութիւն, մեծ տեղաշարժի մը լիարժէք նախադրեալն է։ Գումգաբուի վերջին ժողովին շատ պարզ երեւցաւ, որ Նորին Ամենապատուութիւնը կը գիտակցի այս բոլորը։ Ան վճռած է արդիւնքի, նո՛ր ձեռքբերումներու վերածել իր այդ ներուժը։

Պատրիարքարանի լայնախարիսխ վերջին խորհրդակցութիւնը առիթ դարձաւ նաեւ այլ իրողութեան մը վերահաստատման։ Համայնքային հաստատութիւններու վարչական խորհուրդներու առկախեալ ընտրութեան հարցը այսօր թրքահայոց օրակարգի թիւ մէկ նիւթն է։ Նորին Ամենապատուութեան հետ նո՛ր ճանապարհորդութեան մը ձեռնարկելու զուգահեռ՝ այժմու աշխարհական վարիչները համախմբուելով համոզիչ ջանք մը պէտք է գործադրեն եւ ընտրութեան հարցին տրամաբանական լուծման մը ակնկալութիւնը վերստին բարձրաձայնեն դրական ձեւով։ Ժամկէտանց վարչայիններ ըլլալու հանգամանքը միանշանակ կը դժուարացնէ անոնց գործը եւ զանոնք խոցելի կը դարձնէ հանրութեան խղճին առջեւ։ Նորին Ամենապատուութեան թարմ ժողովրդականութիւնը որոշ միջոց մը կրնայ հաւասարակշռել աշխարհական վարիչներու այս խոցելի պարագան։ Բայց եւ այնպէս, եթէ հանդուրժելի ժամկէտներու մէջ առկախեալ ընտրութիւններու խնդիրը լուծում մը չունենայ, ապա ակամայ կրնայ վտանգուիլ նաեւ նորընտիր պատրիարքի նո՛ր տեսլականը։ Ձեւ մը պէտք է գտնել խնայելու համար իր նո՛ր տեսիլքը, որպէսզի անոր վրայ ստուեր չածեն՝ ժողովրդական յենարաններէ զուրկ աշխարհական վարիչներով ընթանալու ռիսքերը։

http://www.jamanak.com/content/օրակարգի-նիւթերը/20-02-2020-նոր-շրջան-նոր-որոնումներ-1

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın