İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՀԱԶԱՆԳ ԿԸ ՀՆՉԵՑՆԷ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՊԻՒՏՃԷԻ ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ԲԱՑԻՆ ՀԱՄԱՐ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր երէկուան ժողովին ընթացքին ահազանգ հնչեցուց Մէրամէթճեան վարժարանի այժմու կացութեան շուրջ։ Ան դիտել տուաւ, որ վերջին մատաղօրհնութեան ժամանակ կատարուած հանգանակութեան արդիւնքը շատ հեռու մնացած էր ակնկալութիւնները արդարացնելէ։ Պիւտճէի բացի աւելի քան մէկ երրորդը հաւասարակշռել կարելի չէ եղած։ Այս կացութիւնը այժմ լուրջ մարտահրաւէրի մը դէմ յանդիման թողած է Ֆէրիգիւղի ընտանիքը։ Թաղային խորհուրդը ամսաթոշակներու վճարումը կարողացած է ընել, շնորհիւ Պետրոս Շիրինօղլուէն կատարուած փոխառութիւնով մը։

Ատենապետ Մանուկ Էօղէր երէկուան հաւաքոյթին ժամանակ շեշտեց, որ Ֆէրիգիւղի շրջանին մէջ թէեւ մեր համայնքի բնակչութեան զգալի մասը կուտակուած է, սակայն իրենք կը պայքարին մեծ դժուարութիւններու դէմ։ Մանուկ Էօղէր նշեց, որ եկեղեցւոյ եւ յարակից մարմիններու գործունէութիւնը կը ձգտին յառաջ տանիլ ի գին ամէն բանի, որովհետեւ սա է միակ երաշխիքը մեր ինքնութիւնն ու մշակոյթը պահելու համար։ Թաղային խորհուրդն ալ իր հնարաւոր բոլոր միջոցները մինչեւ վերջին պահը ի գործ պիտի դնէ այս նպատակին համար։ Ըստ Մանուկ Էօղէրի, ներկայ տարին փակելու համար թաղային խորհուրդը պիտի ջանայ վարկեր ապահովել դրամատուներէ։ Իսկ յաջորդ քայլափոխին, եթէ հնարաւոր չըլլայ առկայ դժուարութիւնները դիմագրաւել, ապա թաղային խորհուրդը կը նախատեսէ վաճառքի հանել՝ իր կողմէ տնօրինուած եկեղեցապատկան կալուածները, որպէսզի դպրոցի եւ թաղի միւս յարակից մարմիններու գործունէութիւնը յառաջ տանիլ կարելի ըլլայ՝ որքան որ կարելի է։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/19-02-2020-ֆէրիգիւղի-թաղային-խորհուրդը-ահազանգ-կը-հնչեցնէ-մէրամէթճեան

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın