İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՇՆՈՐՀԵՑ ԹՕՓԳԱԲՈՒ, ԷՅԻՒՊ, ՊԱԼԱԹ ԵՒ ՂԱԼԱԹԻԱ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, իր անդրանիկ հովուապետական այցելութիւնները շնորհել շարունակեց 17 Փետրուար 2020, Երկուշաբթի։ Պատրիարք Սրբազան Հայրը, իր մօտն ունենալով  հոգեւորականաց դասէ անդամներ, այցելեց եկեղեցիներ ու փոխանցեց իր պատգամը։

Պատրիարք Հօր այցելութեան առաջին կայանը եղաւ, Թօփգագուի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցինպ։ Ժամը 09.30-ին Նորին Ամենապատուութիւնն ու շքախումբը ժամանեց եկեղեցի եւ դիմաւորուեցաւ Երէց՝ Արժ. Տ. Մինաս Աւ. Քհյն. Ճիհանկիւլեանի եւ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Շանդ Չաքմաքճըի գլխաւորած թաղային խորհուրդի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանի Տնօրէն Անիթա Թումաեանի գլխաւորութեամբ ուսուցիչներ եւ աշակերտներ։ Վարժարանէ տղաք, եկեղեցւոյ մուտքին բարի գալուստ մաղթեցին Պատրիարք Հօր։

Ապա, Նորին Ամենապատուութիւնը «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցիէն ներս ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն։ Իր խօսքերուն մէջ յայտնեց թէ՝ Քրիստոնէութեան հիմքերը բաւականին հին էին Թօփգաբուի շրջանէն ներս եւ եկեղեցին երկար տարիներ, որպէս աղօթավայր հիւրընկալած էր հաւատացեալները։ Յայտնեց թէ իր առաջին այցեութիւնը կատարած էր մանուկ հասակին երբ խորհրադակատարութեան մասնակցելու համար եկած էր Ս.Նիկողայոս Եկեղեցին։ Տարիներու ընթացքին առիթները շատցած էին եւ վերջինս ինք մուտք կը գործէր որպէս Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ։ Այս առիթով փառք տուաւ Աստուծոյ եւ աղօթքը խնդրեց ներկաներուն։ Պատրիարք Հայրը յայտնեց նաեւ թէ եկեղեցին իր մօտ ունի վարժարան մը եւ թաղային խորհուրդի անդամներ իրենց կարելիութեանց սահմաններու մէջ կը ծառայեն որպէսզի մանուկներ ուսում ստանան այստեղ։ Սոյն առաքելութեան մէջ յաջողութիւն մաղթեց ներկաներուն։

Արարողութեան աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը թէյասեղանով հիւրասիրուեցաւ եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ։ Վարչայիններ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին եւ բացատրեցին իրենց ծրագիրները։

Հովուապետական այցելութեան առիթով, վարչութեան անդամներէն Նուրհան Սուճուեան Պատրիարք Հօր նուիրեց շրջանակ մը, որուն մէջ կը գտնուի թաղի մէջ եւս անցեալին կատարուած Հայ Գիրերու Գիւտի մեծ յոբելեանէն խմբանկար մը։

Զրոյցի տեւողութեան ընթացքին, վարչայիններ շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան, որ իր հայրական օրհնութիւնը բաշխելու համար փութացած էր եկեղեցի եւ այս մէկը պատմական յիշատակ մը պիտի մնար իրենց մօտ։

Պատրիարք Հայրը եւս փոխադարձ շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ընդունելութեան համար եւ մեկնեցաւ եկեղեցիէն։

Պատրիարք Հօր այցելութեան երկրորդ կայանը եղաւ Էյիւպի Ս. Եղիա Եկեղեցին։ Ժամը 10.30-ին, Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ Ատենապետ՝ Միսաք Կիւլիւքի կողմէ, «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ դէպի եկեղեցի։ Այստեղ իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն եւ յայտնեց թէ՝ Էյիւպի Ս. Եղիաս եկեղեցին, անցեալի իր փառքի օրերը չապրիր քանի թաղեցի հայութիւնը նուազած է։ Բայց, փառք տուաւ Աստուծոյ, որ եկեղեցիին պաշտպան ազնիւ սպասաւորներու ներկայութեամբ, եկեղեցին խնամեալ կը մնայ եւ միշտ բաց է հաւատացեալներուն առջեւ։ Պատրիարք Հայրը, յայտնեց թէ Ատենապետ Միսաք Կիւլիւք, երկար տարիներ ստանձնած է այս լուծը եւ իր ծառայութիւնը գնահատելի է։ Մաղթեց որ Աստուած, եկեղեցւոյ սպասաւորներուն արեւշատութիւն ու յաջողութիւն պարգեւէ, ինչպէս նաեւ կանգուն պահէ այս եկեղեցին։ Այցելութեան առիթով, Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրասիրուեցաւ նաեւ խորհրդարանի մէջ, ուր պատշաճ տեղեկութիւններ ստացաւ ատենապետէն։ Այստեղ, յիշատակուեցան նաեւ դրուագներ, որոնք առընչուած են եկեղեցւոյ պանծալի անցեալէն։ Ատենապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարք Հօր այցելութեան առիթով, քանի իր ներկայութեամբ պատուած էր զիրենք ու իր այցելութեան շարքէն ժամանակ յատկացուցած էր այս գողտրիկ եկեղեցիին։ Այս առթիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր մաղթեց արեւշատութիւն ու բեղուն գործունէութիւն, որպէսզի իր առաջնորդութեամբ նոր շրջան մը բացուի Պոլսահայ իրականութենէն ներս։

Պատրիարք Հօր այցելութեան երրորդ կայանը եղաւ Էյիւպի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին։ Ժամը 11.30-ին, Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ Երէց՝ Արժ. Տ. Մինաս Աւ. Քհյն. Ճիհանկիւլեանի եւ Ատենապետ՝ Արթօ Արմանի գլխաւորած թաղային խորհուրդի կողմէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը եկեղեցականաց թափօրով եւ «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ դէպի եկեղեցի եւ իր ուխտի աղօթքը կատարեց։ Այս առթիւ ներկաներուն փոխանցեց իր պատգամը եւ յայտնեց թէ անցեալին զանազան առիթներով այցելած էր այս եկեղեցին, իսկ այս անգամ Աստուծոյ կամքով ներկայ էր, որպէս Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ։ Իր երբեմնի այցելութիւններու պահուն, արդէն իսկ մօտէն ականատեսը եղած էր թէ՝ թաղային խորհուրդի ջանքերով եկեղեցին իր դռները ամիսը անգամ մը կը բանար եւ Ս. Պատարագ մը մատուցուէր։ Եկեղեցին խնամուած էր եւ իր մաքրութեամբ արդէն իսկ յայտնի էր թէ՝ սպսաւորներ իրենց կարելին ի գործ կը դնէին։ Այնուհետեւ, յատկապէս գնահատեց եկեղեցւոյ երէց՝ Տ. Մինաս Աւ. Քահանան, որուն առաջնորդութեամբ եւ գործոն ներկայութեամբ եկեղեցիին մէջ աղօթասացութիւնը կանոնաւոր ձեւով կ՚ընթանար։

Արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որու ընթացքին ներկաներ առիթն ունեցան Պատրիարք Հօր հետ զրուցելու։ Ատենապետ Արման, յանուն թաղային խորհուրդի խօսք առաւ եւ ողջունեց Պատրիարք Հօր ներկայութիւնը։ Թաղային Խորհուրդի կալուածական ու նիւթական կացութեան մասին ընդարձակ տեղեկութիւններ փոխանցեց Նորին Ամենեպատուութեան եւ յայտնեց թէ ինք եւ իր ընկերները միշտ զօրաւիգ պիտի կանգնին Պատրիարքական Աթոռոյ եւ գահակալին։ Վստահութիւն յայտնեց թէ՝ Պատրիարքական Աթոռոյ առաջնորդութեամբ, համայնքային կեանքէ ներս միարար կամք մը պիտի դրսեւորուի եւ հաստատութիւններ եւս աւելի առիթն պիտի ունենան իրարու հետ գործակցելու։ Պատրիարք Սրբազանը առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ընդունելութեան համար եւ գնահատեց ներկաները։ Ինք եւս հաստատեց թէ համայնքային կեանքէ ներս անհրաժեշտ է միութիւնը եւ միատեղ աշխատութիւնը։ Ինք, այս ուղղութեամբ կենսական քայլեր պիտի առնէր, որպէսզի այլ հաստատութիւններ իրենց նիւթական եւ բարոյական զօրակցութիւնը յայտնեն ուրիշ կարիքաւոր հաստատութեանց եւս։ Սոյն այցելութիւններով զանազան թաղերու վարչայիններուն հետ շփուելու առիթը կը ստեղուէր, բան մը որ արժէքաւոր է ապագայի համար։ 

Պատրիարք Հօր այցելութեան չորրորդ կայանը եղաւ Պալաթու Ս. Հրեշտակապետ Եկեղեցին։ Ժամը 10.30-ին, Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ Ատենապետուհի՝ Աննիկ Թավուքճուի գլխաւորած թաղային խորհուրդի կողմէ։

Պատրիարք Հայրը «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ եկեղեցի եւ Չարխափան Ս. Աստուածածնի սրբապատկերին մօտ կատարեց իր ուխտի աղօթքը։

Այս առթիւ ներկաներուն փոխանցեց նաեւ իր պատգամը եւ յայտնեց թէ Պալաթու Եկեղեցին, որպէս ուխտավայր իր ուրոյն տեղը ունէր Պոլսոյ մէջ։ Բազում ուխտաւորներ կը փութային եկեղեցի, կը խոնարհէին Չարխափանի առջեւ եւ կ՚ապաւինէին Աստուծոյ։ Ինք եւս որպէս Պատրիարք, յատկապէս այս մէկը կատարելու համար ներկայ էր Ս. Հրեշտակապետ Եկեղեցւոյ մէջ։ Այս դժուարին պարտականութեան մէջ կարիքն ունէր Աստուծոյ իմաստութեան ու առաջնորդութեան եւ այս առումով շատ արժէքաւոր կը նկատէր այս եկեղեցւոյ մէջ կատարած ուխտի աղօթքը։ Պատրիարք Հայրը, յիշեց նաեւ թաղային խորհուրդի գործունէութիւնը եւ յայտնեց թէ հայութեան թիւը թէեւ նուազած է Պալաթու մէջ, սակայն եկեղեցին որպէս ուխտավայր կանգուն ու մաքուր էր։ Այս գործունէութիւնը գնահատելի էր եւ մաղթեց որ ապագային եւս նիւթապէս եւ բարոյապէս առաւել եւս զարգանայ եկեղեցին, որպէսզի այցելուներ տեսնեն պատմական ուխտատեղիին փառքն ու պատիւը։ Արարողութեան աւարտին, Պատրիարք Հայրը, եկեղեցւոյ սրահին մէջ հիւրասիրուեցաւ թէյասեղանով ու ներկաներ առիթն ունեցան զրուցելու Իրեն հետ։ Ներկաներ, Պատրիարք Հօր ներկայացուցին եկեղեցւոյ կալուածական եւ նիւթական իրաւիճակը։ 

Պատրիարք Հօր այցելութեանց վերջին կայանը եղաւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին։ Ժամը 14.00-ին, Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ Ատենապետ՝ Յարութիւն Էպէօղլուի գլխաւորած խնամակալութեան կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Կեդրոնական Ազգային Վարժարանի Տնօրէն Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեանի գլխաւորութեամբ ուսուցիչներ եւ աշակերտներ։ Նորին Ամենապատուութիւնը «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ դէպի եկեղեցի եւ կատարեց իր ուխտի աղօթքը։ Այնուհետեւ, բոլոր ներկաներուն ուղղեց իր խօսքը եւ յայտնեց թէ ոգեւորիչ պահ մըն էր իրեն համար։ Անցեալին որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայած այս եկեղեցին, այժմ ներկայ էր որպէս Պատրիարք։ Պատրիարք Հայրը յայտնեց թէ՝ Ղալաթիան հայ բնակչութեան ամենէն հին եղած վայրերէն մէկն է եւ նախ քան Պատրիարքութեան հաստատուիլը, հայեր իրենց աղօթատեղիով արդէն իսկ ներկայ էին այստեղ։ Իր պատմական շունչով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին, կը տարբերէր շատ մը եկեղեցիէն։ Այս շրջանը Պոլսահայութեան համար կարեւոր եղած է նաեւ Ներսէս Պատրիարքի երազանքը հանդիսացող Ազգային Կեդրոնական Վարժարանով։  Այստեղէն աճած են բազմաթիւ մտաւորականներ, գրչի մարդիկ, ուսուցիչներ ու ազգային գործիչներ եւ հետեւաբար ազգը տակաւին նոյն սպասումներով կը մօտենայ վարժարանին եւ մաղթէ իր ծոցէն ելած մշակոյթի սպասաւոր նոր անձինք տեսնել։ Այս առումով գնահատելի էին խնամակալութեան եւ վարժարանի ջանքերը։

Պատրիարք Հայրը իր խօսքերու աւարտին, առաջնորդուեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի մայր մուտքի աստիճանները եւ այստեղ աշակերտներուն խրատեց ըսելով թէ՝ սիրեն Հայեցի դաստիարակութեամբ ուսումը եւ յատկապէս ընտրեն իրենց հաճելի ասպարէզը։ Ապա՝ Նորին Ամենապատուութիւնն ու հոգեւոր հայրեր, հիւրասիրուեցան վարժարանի սրահին մէջ։

Հովուապետական այցելութեան առիթով, յանուն խնամակալութեան եւ վարժարանի, Յարութիւն Էպէօղլու նուիրեց յուշանուէր մը, մաղթելով Ամենապատիւ Տիրոջ իմաստութիւն, արեւշատութիւն եւ գործոց բարեաց յաջողութիւն։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın