İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՂԱԼԱԹԻԱ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ անդրանիկ հովուապետական այցելութիւններ շնորհել մեր եկեղեցիներուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս ծիրին մէջ երէկ այցելեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Զանգակներու զուարթ ղօղանջին ներքեւ Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ Կեդրոնական վարժարանի սաներուն կողմէ իրեն հրամցուած աւանդական աղ ու հացով։ Ներկայ էին Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր գործակից ընկերները, Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ եւ աշակերտներ։ «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ եկեղեցի մուտք գործելէ վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր օրհնութիւնը փոխանցեց Կեդրոնականի ընտանիքի անդամներուն։ Ան այս առթիւ մանաւանդ իր հայրական յորդորները յղեց Կեդրոնական վարժարանի սաներուն։

Արարողութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իրեն ընկերակից հոգեւորականները հիւրընկալուեցան խնամակալութեան ժողովասրահին մէջ։ Ի յիշատակ անդրանիկ հովուապետական այցելութեան՝ խնամակալութեան կողմէ ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու Նորին Ամենապատուութեան յանձնեց յուշանուէր մը։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/18-02-2020-ամեն-ս-պատրիարք-հայրը-այցելեց-ղալաթիա

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın