İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Վիեննայէն Գէորգ Յակոբճեան 13 Փետրուար 2020, Հինգշաբթի, ժամը՝ 10.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Հօր կողմէ։

Երիտասարդ ուսանողը յայտնեց, որ իր տոքթորական ուսումնասիրութեան համար եկած էր քաղաքս եւ փափաքած էր այցելել մեր Հոգեւոր Պետին, քանի իր ուսումնասիրութեան նիւթն էր Թուրքիոյ եւ Լիբանանի Հայութեան իրաւունքները միջազգային օրէնքին համաձայն։ Ան նախ շնորհաւորեց Նորին Ամենապատութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց, ապա տեղեկութիւններ փոխանցեց իր ուսումնասիրութեան մասին։

Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան առիթով, ապա բացատրութիւններ տուաւ Թուրքիոյ Հայ համայնքին մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց երիտասարդ իրաւաբանը ու շնորհակալութիւն յայտնեց իր ընտրած շահեկան նիւթին համար։ Մեր Հոգեւոր Պետը այցելուին հարցումներուն պատասխանելէ ետք, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın