İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՇՆՈՐՀԵՑ ՊԷՅՔՕԶԻ, ԳԱՆՏԻԼԼԻ, ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵՒ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ՈՒ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, իր անդրանիկ հովուապետական այցելութիւնները շնորհել շարունակեց 12 Փետրուար 2020, Չորեքշաբթի։ Պատրիարք Սրբազան Հայրը, իր մօտն ունենալով  միաբաններ ու քահանայ հայրեր, այցելեց եկեղեցիներ ու փոխանցեց իր պատգամը։

Պատրիարք Հօր այցելութեան առաջին կայանը եղաւ Պէյքօզի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցին։ Ժամը 11.00-ին Նորին Ամենապատուութիւնն ու շքախումբը ժամանեց Պէյքօզ  եւ զանգակներու ղօղանջով դիմաւորուեցաւ Երէց՝ Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեանի եւ Վարուժան Մաղաքեանի գլխաւորած թաղային խորհուրդի կողմէ։ Պոլսոյ հեռաւոր այս թաղին մէջ կատարուած «Հրաշափառ»ի արարողութեան մասնակցելու համար եկեղեցի փութացած էին նաեւ խումբ մը ուխտաւորներ։ Պատրիարք Հայրը թափորով եկեղեցի առաջնորդուելէ յետոյ ներկաներուն փոխանցեց իր պատգամը։ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց թէ՝ Ս. Նիկողայիս Եկեղեցին Պոլսոյ հեռաւոր եկեղեցիներէն մին ըլլալով հանդերձ, իր մէջ կը մարմնաւորէր Ս. Նիկողայոս Հայրապետի բաժնեկցութեան տիպարը։ Եկեղեցին թաղային խորհուրդի ջանքերով վերջին տարիներուն ձեռք բերած էր լուրջ նիւթական գումար մը եւ այս մէկը ի սպաս կը դնէր թէ՛ Պատրիարքական Աթոռոյ առաքելութեան եւ թէ՛ համայնքի կարիքաւոր այլ հաստատութիւններուն։ Այս առումով Պատրիարք Հայրը գնահատեց թաղային խորհուրդի աշխատութիւնները եւ մաղթեց նորանոր նուաճումներ։

Արարողութեան աւարտին Պատրիարք Հայրը կանգ առաւ թաղային խորհուրդի սենեակին մէջ, ուր զրուցեց թաղային խորհուրդի անդամներուն եւ ուխտաւորներուն հետ ու տեղեկութիւն ստացաւ եկեղեցւոյ գործունէութեանց մասին։ Ապա, Թաղային Խորհուրդը մերձաւոր ճաշարանի մը մէջ մեծարեց Նորին Ամենապատուութիւնն ու ներկայ հոգեւորականաց դասը։

Դալարազեայ ու գեղատեսիլ վայրին մէջ, ներկաներ միասնաբար զրուցելու առիթն ունեցան։ Վարուժան Մաղաքեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարք Սրբազանի հայրական հոգածութեան համար եւ հաւաստիացուց թէ՝ թաղային խորհուրդը պիտի շարունակէր զօրաւիգ կանգնիլ Պատրիարքական Աթոռոյ առաքելութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնն ու ընկերակիցները եւս հիւընկալութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեցին Պէյքօզի ընտանիքին եւ յաջողութիւն մաղթեցին իրենց գործունէութեանց մէջ։

Պատրիարք Հօր այցելութեան երկրորդ կայանը եղաւ Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց Եկեղեցին եւ ժամը 14.00-ին դիմաւորուեցաւ Երէց՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի ու Ատենապետ Յովհաննէս Ֆէնէրճիի գլխաւորաւորած թաղային խորհուրդի կողմէ։ «Հրաշափառ»ի արարողութեան ներկայ էին նաեւ ուխտաւորներ եւ եկեղեցւոյ համակիրներ։ Պատրիարք Հայրը եկեղեցի առաջնորդուելէ յետոյ, ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց։ Նորին Ամենապատուութիւնը մասնաւորապէս շեշտեց Ս. Երկոտասան Առաքելոց անուան նշանակութիւնը եւ յիշեցուց թէ Պոլսոյ հեռաւոր եկեղեցիներէն մին ըլլալով հանդերձ, իր մէջ կը պարունակէր պատմական յիշողութիւն եւ կենսունակութիւն։ Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը անցեալին այս եկեղեցւոյ ծառայածներուն եւս յիշատակութեան համար առիթ էր։ Այնուհետեւ, Պատրիարք Հայրը հանգստեան աղօթքով յիշատակեց եկեղեցւոյ բազմամեայ ատենապետ՝ Տիգրան Գէորգեանն ու իր գործունէութիւնը եւ ուրախութիւնը յայտնեց, քանի այս եկեղեցին որբ չէր մնացած ու կանգուն կը մնար իր համակիրներով։  Ապա, խորհրդարանին մէջ հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ, որմէ յետոյ Պատրիարք Հայրը եկեղեցւոյ մասին ստացաւ տեղեկութիւններ ու մի առ մի գնահատեր եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորները։ 

Պատրիարք Հօր այցելութեան երրորդ կայանը եղաւ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին։ Ժամը 15.30-ին Նորին Ամենապատուութիւնը ժամանեց եկեղեցի եւ դիմաւորուեցաւ Երէց՝ Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեանի ու Ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ։ «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ Պատրիարք Հայրը եկեղեցի առաջնորդուեցաւ եւ իր ուխտի աղօթքը կատարեց, բարեխօսութեանը դիմելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին։ Այնուհետեւ, Նորին Ամենապատուութիւնը նշեց թէ եկեղեցին մանաւանդ վերջին տարիներուն բարւօք վիճակի մէջ է եւ թաղային խորհուրդի աշխատութիւններով ամէն Չորեքշաբթի ուխտաւորներու եւս մասնակցութեամբ արարողութիւններ կը կատարուին։ Պատրիարք Հայրը, այս առթիւ մասնաւորապէս խնդրեց ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդի աղօթքը։

Արարողութեան աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնն ու հոգեւորականներ, թէյասեղանով հիւրասիրուեցան եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Այս առթիւ արտայայտուեցաւ Եդուարդ Այվազեան ու յանուն թաղային խորհուրդի բարի գալուստ մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան։ Յայտնեց թէ Պատրիարք Հայրը արժէքաւոր հոգեւորական մըն է եւ որպէս Պատրիարք ընտրութեամբ վստահ էր թէ Պոլսահայ համայնքը նոր ու շինիչ շունչով մը պիտի ուղղուէր դէպի ապագայ։ Պատրիարք Հայրը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրասիրութեան համար։ Յայտնեց թէ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին պահանջքներուն պատասխանելու պամար, Պատրիարքական Աթոռը պիտի վերանորոգէ իր հայեացքը եւ վարչականներուն եւս պատասախանատուութիւն յանձնելով պիտի ջանայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը առաւել եւս արդիւնաւորել։

Պատրիարք Հօր այցելութեան չորրորդ կայանը եղաւ Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցին։ Ժամը 17.00-ին Նորին Ամենապատուութիւնը ժամանեց եկեղեցի եւ դիմաւորուեցաւ Երէց՝ Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեանի եւ Ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանի գլխաւորած թաղային խորհուրդի կողմէ։ «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ Պատրիարք Հայրը եկեղեցի առաջնորդուեցաւ եւ իր ուխտի աղօթքը կատարեց, Ս. Խաչի զօրութեան ապաւինելով։ Այս առթիւ ներկաներուն յայտնեց թէ կը գտնուէր պատմական եկեղեցւոյ մը մէջ, որուն անունը ձօնուած էր Քրիստոնէական հաւատքի նշանին՝ Ս. Խաչին։ Իր առաքելութեան յաջողութեան համար կարիքն ունէր Աստուծոյ զօրութեան եւ այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ էր ժողովուրդի աղօթական ներկայութիւնը։

Արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։ Ներկայ էին Գալֆաեան եւ Դպրեվանք վարժարաններէ աշակերտութիւն, առաջնորդութեամբ՝ Տնօրէնուհի Թամար Նէրկիզի։

Պատրիարք Հայրը, ներկաներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը։ Այս առթիւ յանուն եկեղեցւոյ արտայայտուեցաւ Յուսիկ Քահանան եւ յայտնեց թէ սոյն հովուուապետական այցելութիւնը կը զուգադիպէր, իր քահանայական ձեռնադրութեան տարեդարձին։ Հետեւաբար այս մէկը կը նկատէր որպէս նուէր մը։ Շնորհակալութիւն յայտտեց Պատրիարք Սրբազան Հօր, իր հովուուապետական այցելութեան առիթով եւ իրեն մաղթեց բազմաբեղուն գործունէութիւն։ Ապա՝ այցելութեան ի պատիւ բեկանուեցաւ կարկանդակ։ Պատրիարք Հայրը, յայտնեց թէ իր Պատրիարքական առաքելութիւնը նոր կը սկսէր եւ այս կը գիտակցէր թէ Աթոռոյ գործունէութիւնը շարունակական պէտք է ըլլայ։ Այս առումով, ինք պիտի աշխատէր մնայուն արժէքները զարգացնել այլ հաստատութեանց մօտ, որպէսզի արդարացնեն Աստուծոյ եւ ժողովուրդի կամքով իրեն յանձնուած պատասխանատուութիւնը։ Շնորհաւորեց ներկայ հաստատութիւնները եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց վարիչներուն ու ներկայացուցիչներուն։ Հանդիպման աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը զրուցեց թաղային խորհուրդի անդամներուն հետ եւ եկեղեցւոյ գործունոէութեան մասին տեղեկութիւններ ստացաւ։

Պատրիարք Հօր այցելութեանց վերջին կայանը եղաւ Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցին։ Ժամը 18.30-ին Նորին Ամենապատուութիւնն ու շքախումբը, ժամանեց եկեղեցի եւ դիմաւորուեցաւ Երէց՝ Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեանի ու Ատենապետ Նուրհան Էնկինի կողմէ։ Պատրիարք Հայրը, եկեղեցւոյ խորհրդարանը կանգ առնելէ յետոյ, «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ տաճար եւ ներկաներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը իր տուած անդրանիկ պատգամին մէջ մասնաւորապէս նշեց թէ ամէն եկեղեցի ունի իր ուրոյն իւրայատուկ տեղ Պոլսահայ իրականութեան մէջ։ Ս. Կարապետը իր ճարտարապետութեամբ եւ անցեալով, կը յիշեցնէր պանծալի օրերուն ներկայութիւնը համայնքէ ներս։ Որպէս աբեղայ, վարդապետ եւ եպիսկոպոս ծառայելէ յետոյ Աստուծոյ կամնքն էր զինք կոչել Պատրիարքական գահուն։ Այս առթիւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ կ՚առաջնորդուէր եկեղեցի որպէս Պատրիարք։ Այս առիթով ներկաներէն աղօթք խնդրեց, որպէսզի Տիրոջ զօրութեամբ առաւել եւս զօրանայ իր գործունէութիւնը ի փառս եկեղեցւոյ։ Արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որու ընթացքին Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ ընտանիքի անդամներ անմիջական մթնոլորտի մէջ շնորհաւորեցին Պատրիարք Հայրը եւ իր աջն առնելով իր օրհնութիւնը ստացան։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın