İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ վախճանեալ գահակալներէն՝ Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարք, որ եղած է Հայ Եկեղեցւոյ ամենէն տիտան հովուապետներէն մին, ամէն տարի իր վախճանման տարեդարձին կը յիշատակուի հոգեհանգստեան աղօթքներով։ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 13 Փետրուար 2020, Հինգշաբթի, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ հանդիսապետութեամբ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի։ Արարողութեանց ներկայ եղան Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան եւ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Բրշ. Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ Բրկ. Սարօ Սրկ. Այվազեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ ուխտաւորներու կողմէ առաջնորդութեամբ Գրիգոր Աւ. Քահանայի։

Ս. Պատարագի աւարտին հանդիսապետ հայր սուրբը, աւուր պատշաճի քարոզեց ու Ս. Աւետարանի «երանեաց» բաժինը բացատրեց։ Ս. Ոսկեանց Քահանայից վարքը եւս յիշելով, շեշտեց թէ այդ սուրբերը Ս. Թադէոսի առաքելութեան պատուղները կը հանդիսանային Հայոց մօտ։ Իրենց լաւ թափանցած էին Քրիստոսի վարդապետութեան ճշմարտութեան եւ այս հաւատքի զօրութեամբ ոսկիի նմանողութեամբ փայլած էին ժողովուրդի մօտ։ Հայր Սուրբը այս առթիւ, նշեց նաեւ թէ՝ հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշատակուէր Յովհաննէս Կոլոտը իր շիրմին մօտ։

Քարոզի աւարտին թափօր կազմուեցաւ դէպի Ս. Ամենափրկիչ մատուռը, ուր կը հանգչին Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի եւ Գրիգոր Կեսարացի Պատրիարքներու աճիւնները։ Կատարուեցաւ պաշտօն Երանաշնորհ հովուապետներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Իր մահուան տարելիցին առթիւ հոգեհանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցաւ նաեւ Փրօֆ. Տթք. Յակոբ Կոթողեան։ Յետ արարողութեանց, Ղալաթիոյ Խնամակալութեան կողմէ սարքուեցաւ հոգեճաշ Եկեղեցւոյ ԿոլոտՊատրիարք Սրահին մէջ։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın