İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՍԿՍԱՒ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՇՆՈՐՀԵԼ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան սկսաւ հովուապետական այցելութիւններ շնորհել մեր եկեղեցիներուն։ Երէկուան դրութեամբ Նորին Ամենապատուութիւնը սկսաւ այցելել մեր եկեղեցիները։ Աւանդութիւն է, որ Պոլսոյ Աթոռի գահակալը պաշտօնի կոչուելէ վերջ հովուապետական այցելութիւններ կը շնորհէ այն եկեղեցիներուն, որոնք Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ կը մնան։ Այս առաջին հովուապետական այցելութիւնները առիթ կը հանդիսանան, որպէսզի մեր հոգեւոր պետը համայնքի սրբավայրերէն ներս փոխանցէ իր անդրանիկ պատգամը։

Երէկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իրերայաջորդ այցելութիւններ շնորհեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Բարթողիմէոս եկեղեցին, Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցին, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցին, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին եւ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցին։

Նորին Ամենապատուութիւնը բոլոր եկեղեցիներուն մէջ դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հովիւներուն եւ թաղային խորհուրդներու անդամներուն կողմէ։ Իւրաքանչիւր հովուապետական այցելութիւն սկսաւ «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ։

Երէկ, կէսօրուան ժամերուն զուգադիպեցաւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ շնորհուած հովուապետական այցելութիւնը։ Ուստի, ատենապետ Յարութիւն Շանլըի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ճաշասեղան մը սարքեց ի պատիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Իսկ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ ներկայ էին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց  թաղային խորհուրդի ատենապետ Սիմոն Չեքէմ, այլ պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Էսաեան լիսէի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ։ Իր պատգամին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտեց եկեղեցւոյ եւ վարժարանի առաքելութեան կարեւորութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը մատնանշեց, որ Էսաեան վարժարանը մեր ժողովուրդին համար կը պատրաստէ հայ անհատներ եւ այս մէկը իր դրական անդրադարձը կ՚ունենայ նաեւ եկեղեցիէն ներս։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/12-02-2020-ամեն-ս-պատրիարք-հայրը-սկսաւ-հովուապետական-այցելութիւններ-շնորհել

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın