İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՇՆՈՐՀԵՑ ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ, ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԴՐՍԻ, ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ, ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԵՒ ԹԱՔՍԻՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, 11 Փետրուար 2020, Երեքշաբթի, սկսած է անդրանիկ հովուապետական այցելութիւններ շնորհել Պոլսոյ եկեղեցիներուն։ Այս առիթով Պատրիարք Սրբազան Հայրը, իր մօտն ունենալով միաբաններ ու քահանայ հայրեր, կ՚այցելէ եկեղեցիները եւ իր անդրանիկ պատգամը կը փոխանցէ ներկաներուն։

Պատրիարք Հօր այցելութեան առաջին կայանը եղաւ Ենիգաբուի Ս. Թադէոս – Բարթուղիմէոս Եկեղեցին։ Ժամը 10.00-ին Նորին Ամենապատուութիւնը ժամանեց եկեղեցի եւ զանգակներու ղօղանջով դիմաւորուեցաւ Մուրատ Քարամանի գլխաւորած թաղային խորհուրդի կողմէ։ Յետոյ կատարուեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն եւ Պատրիարք Հայրը թափորով առաջնորդուեցաւ եկեղեցի եւ կատարեց իր ուխտի աղօթքը։ Արարողութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնն ու հոգեւորականները հիւրասիրուեցան եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ թէյասեղանով։ Այս առթիւ ներկաներ ողջունեցին Պատրիարք Հօր գալուստը եւ եկեղեցւոյ գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին։

Պատրիարք Հօր այցելութեան երկրորդ կայանը եղաւ Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցին։ Ժամը 11.00-ին Նորին Ամենապատուութիւննը ժամանեց եկեղեցի եւ դիմաւորուեցաւ Երէց՝ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանի ու Ատենապետ Արուշ Թաշի գլխաւորած թաղային խորհուրդի կողմէ։  «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ Պատրիարք Հայրը եկեղեցի առաջնորդուելէ յետոյ, ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց։ Այնուհետեւ, Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց թէ Գումգաբու Դրսի Եկեղեցին իրեն երկար տարիներ օճախ դարձած է, քանի երկար տարիներ եկեղեցւոյ մէջ վարած է հոգեւոր հովուութեան պաշտօն։ Այս եկեղեցւոյ մէջ ստեղուած ընտանեկան ջերմութեամբ, յատկապէս քարոզչական աշխատութիւնը իր տեսանելի պտուղները տուած է եւ հաւատացեալներ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած են։ Երախտիքով յիշեց հանգուցեալ ատենապետ Վարուժան Թավրան եւ այժու ատենապետ Արուշ Թաշը, որոնց գլխաւորած թաղային խորհուրդի անմիջական զօրակցութիւնը միշտ զգացած է իր ծառայութեան օրերուն։  Իր պատգամի աւարտին, Պատրիարք Հայրը ընդունեց ներկաներու շնորհաւորութիւնները։

Ապա, խորհրդարանին մէջ հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ, որմէ յետոյ Պատրիարք Հայրը եկեղեցւոյ մասին ստացաւ տեղեկութիւններ եւ տեղւոյն վրայ կատարեց քննարկումներ։ 

Պատրիարք Հօր այցելութեան երրորդ կայանը եղաւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցին։ Ժամը 12.00-ին Նորին Ամենապատուութիւնը ժամանեց եկեղեցի եւ դիմաւորուեցաւ Երէց՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի ու Ատենապետ Յարութիւն Շանլըի գլխաւորած թաղային խորհուրդին կողմէ։ Սոյն ոգեւորիչ այցելութեան իր ներկայութիւնը բերաւ նաեւ եկեղեցւոյ Զուարթնոց Դպրաց Դաս Երգչախումբը։ Եկեղեցականաց թափորով եւ «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ Պատրիարք Հայրը հոգեւորականներու, սարկաւագներու եւ դպրաց դասու կողմէ առաջնորդուեցաւ եկեղեցի եւ իր ուխտի աղօթքը կատարեց։ Այս առթիւ ներկաներուն փոխանցեց նաեւ իր անդրանիկ պատգամը եւ յիշեց Կէտիկփաշայի Եկեղեցւոյ մէջ մատուցած իր երբեմնի ծառայութիւնը։ Աստուածոյ փառք տուաւ, քանի որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայած եկեղեցիին մէջ ներկայ էր որպէս Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ։ Այս եկեղեցին եւս հաւատքի տոկունութեան լաւ օրինակներէն մին կը հանդիսանար եւ մաղթեց որ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը առաւել եւս զարգանալով շարունակուի Կէտիկփաշայի թաղէն ներս։ «Հրաշափառ»ի արարողութեան աւարտին, Պատրիարք Հայրը վերջին օրհնութիւնը տուաւ ներկաներուն ու մասնակցեցաւ սարքուած սիրոյ սեղանին։ Այնուհետեւ եկեղեցւոյ սպասաւորները, վարիչները եւ ժողովուրդը առիթն ունեցան Պատրիարք Սրբազան Հօր հետ շփուելու եւ անձնապէս իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցելու։ Սիրոյ սեղանին յանուն թաղային խորհուրդի արտայայտուեցաւ Յարութիւն Շանլըն եւ յայտնեց թէ՝ Պատրիարք Հայրը արդէն իսկ Կէտիկփաշայի ընտանիքի անդամներէն մին էր։ Անցեալին հարազատ զաւակն էր այդ ընտանիքի, իսկ այս անգամ կը ներկայանար որպէս Հայրը նոյն ընտանիքին։ Այլ նաեւ Պատրիարք Հայրը, կը դառնար Հոգեւոր Պետը Թուրքիոյ Հայութեան։ Պատրաստակամութիւն յայտնեցին թէ՝ իրենց վիճակած պարտականութիւնը պիտի կատարէին։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Զուարթնոց Երգչախումբի վարիչ Գէորգ Չաղլըզուպուքճու եւ յայտնեց թէ՝ աւանդութիւն մը կանգուն պահելու համար կ՚աշխատին իրենց ընկերներով հանդերձ եւ կը մաղթեց որ Պատրիարք Հօր առաջնորդութեամբ իրենք որպէս երգեցիկ դպիրներ շարուանակեն ծառայել եկեղեցւոյ եւ փոխանցեն իրենց փոխանցուած հոգեւոր ժառանգը։ Իր սրտի խօսքը յայտնեց նաեւ Տրդատ Քահանայ Հայրը, եւ յայտնեց թէ Մեսրոպ Պատրիարքի եպիսկոպոսութեան օրերէն սկսեալ, այս եկեղեցւոյ մէջ միշտ վառ էր քարոզչական առաքելութեան ներկայութիւնը։ Ինք անձամբ ականատեսը եղած էր այդ մթնոլորտին։ Որպէս նոր հովիւը եկեղեցւոյ, անգամ մը եւս հաւաստիացուց թէ՝ իր կարողութեանց սահմաններուն մէջ պիտի շարունակէ սոյն առաքելութեան։ Սիրոյ սեղանի աւարտին, Պատրիարք Հայրը հուսկ բանքը կատարեց եւ յայտնեց թէ՝ Կէտիկփաշան կարեւոր օրինակ մըն է համայնքէ ներս, քանի ներկայիս գրեթէ առանց թաղեցի ունենալու, միշտ կենսունակ է երբեմնի թաղեցիներու ներկայութեամբ։ Եկեղեցին աշխոյժ է թաղային խորհուրդով, երգչախումբով եւ տիկնանց կազմով։ Մաղթեց որ այս զօրաւոր միութեան պտուղները վայելեն եւ տարբեր թաղերու մէջ եւս տեսանելի դառնայ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած բազմութեան ներկայութիւնը։ Ընդունելութեան աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնն ու շքախումբը բաժնուեցաւ Կէտիկփաշայէն։

Պատրիարք Հօր այցելութեան չորրորդ կայանը եղաւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցին։ Ժամը 15.00-ին Նորին Ամենապատուութիւնը ժամանեց եկեղեցի եւ դիմաւորուեցաւ Երէց՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանի, Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեանի ու Ատենապետ Սիմոն Չէքէմի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Ասողիկ Դպրաց Դասէ անդամներ։ «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ Պատրիարք Հայրը եկեղեցի առաջնորդուեցաւ եւ իր ուխտի աղօթքը կատարեց։ Արարողութեան աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնն ու հոգեւորականներ, հիւրասիրուեցան խորհրդարանի մէջ։ Այս առթիւ Պատրիարք Հայրը եկեղեցւոյ ներկայ կացութեան մասին տեղեկութիւններ ստացաւ։ Զրոյցի աւարտին, Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, Երանաշնորհ Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսի շիրմին մօտ հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ։ 

Պատրիարք Հօր այցելութեանց վերչին կայանը եղաւ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն Եկեղեցին։  Ժամը 16.00-ին Նորին Ամենապատուութիւնը ժամանեց եկեղեցի եւ դիմաւորուեցաւ Երէց՝ Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեանի եւ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի սարկաւագներու եւ դպիրներուն կողմէ։ Կատարուած «Հրաշափառ»ի արարողութեան ներկայ էին նաեւ Էսայեան Վարժարանի տնօրէններ՝ Սաթենիկ Նշան եւ Արլին Եէշիլթէփէ ու կրթական մշակներ։ Պատրիարք Հայրը այս առթիւ իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն, ու յատկապէս շեշտեց եկեղեցւոյ եւ վարժարանի առաքելութեան կարեւորութիւնը։ Յիշեցուց թէ՝ Էսայեան Վարժարանը եւս իր ներկայութեամբ Հայ մարդ կը պատրաստէր մեր ժողովուրդին եւ այս մէկը իր դրական անդրադարձը կ՚ունենար նաեւ եկեղեցիէն ներս։ Օրհնեց ներկայ հաստատութիւններն ու իրենց բոլոր անդամները, մաղթելով յաջողութիւն բոլորին։ Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն, որու ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը ընդունեց ներկաներուն ջերմագին շնորհաւորանքը։ Հաճելի զրոյցի աւարտին, Պատրիարք Հայրը իր շքախումբով մեկնեցաւ Թաքսիմէն։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın