İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳՈՐԾՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Սա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առաջին հանդիպումն էր պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ։ Նորին Ամենապատուութեան առընթեր, ասուլիսին ներկայ գտնուեցան Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ պոլսահայ մամուլին յայտարարութիւններ ըրաւ՝ նոր շրջանին համար նախատեսած վարչակազմակերպչական քայլերուն շուրջ։ Ան խօսեցաւ ընդհանրապէս շեշտը դնելով գործնականութեան վրայ։

Նորին Ամենապատուութիւնը երկար զրոյց մը յանձն առաւ մամլոյ սպասաւորներուն հետ։ Առաջին փուլին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը լրագրողներուն հետ մէկտեղուեցաւ իր աշխատասենեակին մէջ։ Ապա բոլորը համախմբուեցան ճաշասեղանի շուրջ եւ ի վերջոյ զրոյցը շարունակուեցաւ դահլիճի երդիքին տակ։ Իւրաքանչիւր փուլին Նորին Ամենապատուութիւնը կարեւոր խորհրդածութիւններ ըրաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի վերաբերեալ։

«Կեդրոնացեալ մտքի կարիքն ունինք։ Ընդհանրապէս մեր համայնքէն ներս կեդրոնացումի մը պակասը զգալի է՝ առաջնահերթութիւնները ճշդելու առումով։ Նոր սերունդը պատրաստակամ է այս ուղղութեամբ։ Մեզի անհրաժեշտ է վարչայիններու սերունդ մը, որ մեր համայնքը կը պատկերացնէ իր ամբողջութեան մէջ։ Պէտք է անպայման օգտագործենք մեր հաւաքական ներուժը։ Այս հաւաքականութիւնը պէտք է շարժման անցընել։ Մեր հաստատութիւններու վարչութիւններէն չի գար մեր ակնկալածը, որովհետեւ անոնք տեղական են։ Այս համայնքը պէտք է շարժի իր տեղէն եւ այդ տեղաշարժը ապահովելու տեսակէտէ մամուլին դերը շատ կարեւոր է։ Համայնքի արթնացումին, այս նոր շրջանի զարթօնքին հասնելու համար մամուլը մեր գործակիցը կը համարենք», ասուլիսի ընթացքին լրագրողներուն հետ բաժնեց իր խորհրդածութիւնները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Սա անշուշտ մէկ կողմէ սկզբունքային մօտեցումներու բանաձեւում մըն էր, իսկ միւս կողմէ իր կողմէ ակնկալուած գործնականութեան ենթագետնին տեսակէտէ կարեւոր ազդանշաններ կը պարփակէր։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկուան մամլոյ ա-սուլիսի ընթացքին տեղեկացուց, որ շաբաթ մը վերջ՝ 18 փետրուարին, երեքշաբաթի, Գումգաբուի մէջ խորհրդակցութեան հրաւիրած է թրքահայ համայնքային կամ թաղային մարմիններու ատենապետներն ու Կրօնական ժողովի անդամները։ Սա այն ձեւաչափն է, որով պատրիարքական ընտրութենէն առաջ պաշտօնի կոչուած էր Նախաձեռնարկ մարմինը եւ հիմա ալ նոր շրջանի սկիզբին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեսլականին համահունչ վարչական դրութիւն մը ստեղծելու ճանապարհին ժողովի կը հրաւիրուին։ Արդարեւ, Նորին Ամենապատուութիւնը կը նախատեսէ յառաջիկայ շրջանին Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ կեանքի կոչել վարչական նոր դրութիւն մը։ Այսպէս, կեդրոնական սեղանի մը շուրջ պիտի համախմբուին՝ վարժարան հովանաւորող հաստատութիւններու ատենապետները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը եւ Պատրիարքական Աթոռի կողմէ ալ՝ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ պիտի ստեղծուի այս դրութիւնը։ Նորին Ամենապատուութեան նախագահելիք սեղանին շուրջ հերթով տեղ պիտի ունենան՝ վարժարան չհովանաւորող եկեղեցիներէ երեք ատենապետներ։ Այս կեդրոնական սեղանը պիտի ունենայ նաեւ իր յանձնախումբերը կամ ենթայանձնախումբերը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ 1960-ական թուականներէն ի վեր մեր համայնքը չունի ազգային կեդրոնական վարչութիւն մը։ Ընդհանրական լիազօրութիւններով, աշխարհականներէ բաղկացեալ կեդրոնական մարմնի մը անհրաժեշտութիւնը միշտ եղած է զգալի։ Այժմ ան շարժման կ՚անցնի այդօրինակ կառոյց մը ստեղծելու նպատակով։ Թէեւ անպաշտօն դրութեան մը մասին է խօսքը, սակայն Նորին Ամենապատուութիւնը համոզուած է, որ մեր համայնքէն ներս, Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ պէտք է անպայման գործէ «կեդրոնական սեղան» մը։ Այդ մէկուն տրուելիք անունն ալ այդքան էական չէ, սակայն անցեալի ազգային կեդրոնական վարչութեան նմանութեամբ, ներշնչումով առաքելութիւն մը պիտի վերապահուի այդ մէկուն։ Նորին Ամենապատուութեան կողմէ նախատեսուած այս մարմինը պիտի ունենայ առանձին մասնագիտական յանձնախումբ մը, որպէսզի մէկ կողմէ աշխատանք տանի անոր պաշտօնական ճանաչումը ապահովելու առաջադրութեամբ։

Նորին Ամենապատուութեան նախատեսած կեդրոնական սեղանը գրեթէ նոյն ձեւաչափն է Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) համակարգման խորհուրդին հետ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ համամիտ է այս դիտարկման, սակայն կ՚ընդգծէ, որ VADİP-ի վրայ այսօրուան նման ժողովրդական ճնշում մը գոյութիւն չունէր։ Մեր համայնքին մօտ այսօր աւելի քան երբեք հասունցած է նման կարիքի մը անհրաժեշտութիւնը։ «Սա ոսկի առիթ մըն է ապագայի համար։ Մեր վարիչները պէտք է զգան, որ պատմական պատասխանատուութիւն մը կը վիճակի իրենց։ Վեց տարիէ ի վեր մեր համայնքային մարմիններու ընտրութիւնը չի կատարուիր։ Մեր վարչայինները յաչս մեր ժողովուրդին պէտք է արդարացնեն իրենց այս յաւելեալ պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը ու պէտք է նուէր մը տան մեր համայնքին։ Մենք պէտք է կազմենք այդ սեղանը ու անպայման պէտք է աշխատցնենք զայն։ Վաթսուն տարի վերջ կեդրոնական մարմին մը կ՚ունենանք», համոզուած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին միշտ ընդգծեց նաեւ յանձնախումբերու եւ ենթայանձնախումբերու անհրաժեշտութիւնը։

Հարցումներու պատասխանելու ժամանակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ, որ այժմ կարելի չէ անցեալի նման մասնաւոր ընտրութիւնով մը ազգային կեդրոնական վարչութիւն մը ընտրել։ «Հիմա մեր ունեցած ատաղձը այս է։ Եթէ մենք յաջողինք այդ կեդրոնական սեղանը կազմել եւ այս դրութիւնը բանեցնենք նպատակայարմար ձեւով, ապա ժամանակի ընթացքին անոր օրինականացման հաւանականութիւնն ալ կ՚աւելնայ», դիտել տուաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ աւելցուց, որ այժմ պատրիարքական ընտրութեան կատարուած ըլլալուն բերումով համայնքի աշխարհական վարիչներն ալ յարաբերաբար աւելի լաւ տրամադրութեան մը մէջ են։ Ուստի, անոնք ալ պիտի չփափաքին նման դրական խաղ մը խանգարել։

Ի լրումն այս բոլորին, եթէ այս նախատեսուած կեդրոնական սեղանը դրական գործունէութիւն ծաւալէ, ապա սա կրնայ խթանել նաեւ համայնքային մարմիններու առկախեալ ընտրութիւններու խնդրին լուծումը։ Արդարեւ, ծանօթ է, որ պաշտօնական մարմինները որոշ վերապահութիւններ ունին, որոնք համայնքային շրջանակներէ ներս վաղուց տարածում գտած են։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ երէկ յիշեցուց, որ մեր հարստացած հաստատութիւններու պարագային ձեւաւորուելիք ապագայ նոր ղեկավարութիւնները ատեն-ատեն վերապահութեան կամ մտահոգութեան առարկայ կը դառնան պատկան մարմիններու կողմէ։ Եթէ մեր համայնքէն ներս այդ հարստացող հաստատութիւններու գործունէութեան հակակշռման վերաբերեալ արդիւնաւէտ, գործնական դրութիւն մը ստեղծուի, ապա այդ մտահոգութիւններն ու վերապահութիւններն ալ կը յաղթահարուին։ Այս մէկն ալ յաւելեալ հանգամանք մը կ՚ըլլայ ընտրութիւններու թոյլտուութեան ապահովութեան տեսակէտէ։

Ասուլիսի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հարց տրուեցաւ, թէ այս նախաձեռնութեան նկատմամբ ի՞նչ վերաբերմունք կրնայ ունենալ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ տարիներէ ի վեր իր գլխաւորած կառոյցին շուրջ համախմբել կը ձգտի համայնքային հաստատութիւնները։ Ի պատասխան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ գործադրուած ջանքերուն մասին ու շեշտեց, որ ան ունի իրապաշտ կարծիքներ։ Փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ մեր համայնքէն ներս, Պատրիարքարանէ դուրս որեւէ կառոյց հարիւր տոկոսով չէ յաջողած ընդհանուր դրութիւն մը ստեղծել եւ յառաջ տանիլ։ «Պարոն Պետրոս Շիրինօղլուն ալ մեր համայնքի ձայներէն մէկն է, եթէ նոյնիսկ գլխաւորը», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկացուց, որ յառաջիկայ երեքշաբթի նախատեսուած ժողովէն առաջ օրակարգի եւ նպատակներու վերաբերեալ հրաւէր-ուղենիշ մը ուղարկուած է Գումգաբուէն մեր բոլոր հաստատութիւններու ղեկավարութիւններուն։ Այստեղ հիմնական սպասումը այն է, որ Գումգաբուի խորհրդակցութենէն առաջ բոլորը տանին աշխատանք, իւրաքանչիւր վարչական մարմին քիչ թէ շատ յստակեցնէ դիրքորոշում մը եւ այդպէսով իրականանայ խորհրդակցութիւնը։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F11-02-2020-գործնականութիւն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın