İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Փետրուար 2020, Հինգշաբթի, Ժամը 15.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեցԶուիցերիոյ աւագ հիւպատոս՝ Հուլիան Թէօնին։

Մեծայարգ հիւրը, որ նոր ձեռնարկած է իր պաշտօնին, Պատրիարք Սրբազան Հօր քաղաքավարական այցելութիւն տալով, փափաքած էր ծանօթանալ Հայ Համայնքի հոգեւոր կեդրոնին։ Զրոյցի տեւողութեան ընթացքին, յարգելի հիւրը առիթն ունեցաւ նաեւ շնորհաւորելու Նորին Ամենապատուութեան ընտրութիւնն ու գահակալութիւնը։

Պատրիարք Հայրը, մեծայարգ աւագ հիւպատոսին շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ յաջողութիւնմաղթեց դիւանագիտական իր նոր պաշտօնին մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը, մասնաւորապէս շեշտեց թէ Հայ Եկեղեցւոյ չորս կարեւոր կեդրոններէն է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը եւ այս շրջագիծով Աթոռոյ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ հնագոյն համայնքներէն մին՝ Հայ Համայնքը կը շարունակէ իր հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին։ Հանդիպման աւարտին, Թէօնին շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան ջերմ ընդունելութեան համար ու մեկնեցաւՊատրիարքարանէն։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın