İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրաւէրով երէկ  31 Յունուար 2020, Ուրբաթ, ժամը 17.00-ին կայացաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, մեր վարժարաններու եւ եկեղեցիներու երկրաշարժի դէմ տոկունութեան վիճակի կապակցութեամբ։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին ներկայ էին Պատրիարքարանի Դիւանապետ՝ Գերշ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան,  Հանդիպման մասնակցեցան  Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլու, 13 վարժարաններու մատակարար համայնքային եւ թաղային մարմիններու ատենապետները, քաղաքապետարաններու մօտ պաշտօն ստանձնած համայնքային աշխատակիցներ, Ուսուցչաց Հիմնարկի եւ Հայ Ճարի ներկայացուցիչներ։

Նորին Ամենապատուութիւնը յետ բացման աղօթքի պարզեց հանդիպման նպատակը եւ յայտնեց թէ որպէս Պատրիարքական Աթոռ կը հետաքրքրուէր մեր կրօնական, կրթական, մշակութային ու բարեսիրական հասատութեանց վիճակով։

Հայ-Ճարի անդամներէն Գէորգ Էօզքարակէօզ տեղեկութիւններ փոխանցեց կատարուած աշխատանքներու կապակցութեամբ եւ յայտնեց թէ ըստ իրենց կատարած քննարկմանց վարժարաններու շէնքերը կը գտնուէին ապահով վիճակի մէջ։ 

Յետ խորհրդակցութեամբ որոշուեցաւ շէնքերը վերստին ամենայն մանրամասնութեամբ քննարկել առ ի զգուշութիւն։ Այս առումով Իրեն Պըչաքճըի ատենապետած Հայ-Ճարի անդամներուն, Սէլինա Տօղանի եւ Վազգէն Պարընի մասնակցութեամբ պիտի կազմուի յանձնախումբ մը, որուն պիտի գլխաւորէ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանան։  

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın