İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՐՍԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆԻ ՆՈՐ ԳԻՐՔԸ

Կը տեղեկանանք, որ Sosyal Tarih հրատարակչութիւնը բոլորովին վերջերս լոյս ընծայած է՝ դիւանագէտ ու պատմաբան Արսէն Աւագեանի կողմէ հեղինակուած գիրքը։ «Karanlıkta Kalmış Bir Eylemci: İttihatçı Komünist Salih Zeki (Kuşarkov)» կը կոչուի այս գիրքը, որ շահեկան ուսումնասիրութեան մը արդիւնքն է։

Արսէն Աւագեան թէեւ առաջին հերթին ծանօթ է իր դիւանագիտական գործունէութեամբ, սակայն գիտական գետնի վրայ ալ բեղուն աշխատանք կը տանի՝ որպէս հեղինակաւոր պատմաբան։ Սա թէեւ իր հեղինակած առաջին գիրքը չէ, սակայն այս նոր գիրքն ալ կ՚արծարծէ իսկապէս հետաքրքրական նիւթ մը։ Հեղինակը խոշորացոյցի տակ բերած է անձնաւորութիւն մը, որ Թուրքիոյ մէջ համայնավար շարժումի պատմութեան առանցքային անուններէն մին է։ Նոր լոյս տեսած գիրքի կողքին վրայ ընդգծուած է, որ Սալիհ Զեքի «շատ վիճելի տեղ մը ունի Հայոց ցեղասպանութեան մէջ՝ որպէս Տէր Զօրի կառավարիչ»։ Թուրքիոյ Համայնավար կուսակցութեան հիմնադիր-կառավարիչը եղած է ան, որու կեանքի ոդիսականը այս գիրքին մէջ մատուցուած է՝ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան ժամանակ անոր ապրած մեծ եղափոխութիւնով։ Արսէն Աւագեանի գործը ինքնուրոյն է նաեւ այն առումով, որ առաջին անգամ Օսմանեան արխիւներու եւ Ռուսաստանի Պետական քաղաքական ու ընկերային պատմութեան արխիւներու փաստաթուղթերու օգտագործումով կը ներկայացուի Սալիհ Զեքիի ծաւալուն կենսագրութիւնը։ Արսէն Աւագեան գիրքին մէջ տեղեկութիւններ կու տայ Սալիհ Զեքիի ծննդեան ու մահուան բուն թուականներուն, ինքնութեան, անձնաւորութեան ու ծաւալած գործունէութեան շուրջ։ Հեղինակը կանգ առած է նաեւ Ատրպէյճանի յեղափոխութեան մէջ Սալիհ Զեքիի ունեցած դերակատարութեան վրայ՝ քանի որ ան մաս կազմած է յեղափոխութեան կոմիտէին։ Սալիհ Զեքի պոլշեւիկ մըն էր, կ՚անդամակցէր Ռուսաստանի Համայնավար կուսակցութեան։ 1936 թուականին գրի առած էր յօդուած մը, որ ցարդ լոյս չէ տեսած։ «Ընկեր Սուփհին եւ 16 նահատակներ» խորագրեալ այդ յօդուածը առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ Արսէն Աւագեանի գիրքին մէջ։

Գիրքի յառաջաբանին մէջ Էրտէն Աքպուլութ նշած է, որ այս գիրքի հրատարակութիւնը կը զուգադիպի Թուրքիոյ Համայնավարական կուսակցութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին։

Գիրքը հրատարակուած է՝ իրաւունքները վերապահուած ըլլալով TÜSTAV-ի։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F5-02-2020-արսէն-աւագեանի-նոր-գիրքը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın