İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՅՕՐԻՆՈՂ ՕՆՆՕ ԹՈՒՆՉ ՅԱՏՈՒԿ ԾՐԱԳՐՈՎ ՄԸ Կ՚ՈԳԵԿՈՉՈՒԻ MİAM-Ի ԿՈՂՄԷ

Իսթանպուլի Թեքնիկ համալսարանի Երաժշտական յառաջացած ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի (MİAM) նախաձեռնութեամբ այս օրերուն կեանքի կը կոչուի ծրագիր մը, որ ձօնուած է անմոռանալի յօրինող, փոփ երաժշտութեան գլուխգործոցներու երգահան Օննօ Թունչի յիշատակին։ Երէկ սկսած այս ծրագիրը պիտի շարունակուի մինչեւ հինգշաբթի։ Հանգուցեալ Օննօ Թունչ կ՚ոգեկոչուի MİAM-ի նախաձեռնութեամբ պատրաստուած բազմակողմանի ծրագրով մը։ Երէկ, այս ձեռնարկներու շարքին բացման ներկայ գտնուեցան Օննօ Թունչի եղբայրը՝ նոյնպէս յայտնի երաժիշտ Արթօ Թունչպոյաճեան, ինչպէս նաեւ դուստրը՝ Այտա Թունչ։

Քառօրեայ ծրագրի շրջանակին մէջ նախատեսուած են երաժշտական աշխատանոցներ եւ երաժշտական աշխարհի օրակարգի զանազան նիւթերուն վերաբերեալ ասուլիսներ։ Թուային աշխարհէ ներս երաժշտական հատուածի ընդհանուր արժեւորումէն սկսեալ, մինչեւ Թուրքիոյ եւ աշխարհի մէջ վիտէօ խաղերու երաժշտութիւնը՝ բազմաբնոյթ նիւթեր կ՚արծարծուին այս ամբողջին մէջ։ Ամերիկահայ արուեստագէտ Քլինթ Պաճաքեանն ալ մասնակցութիւն կը բերէ ծրագրին։ Աշխատանոցներու ծիրէն ներս առանցքային դերակատարութիւն մը վերապահուած է Արթօ Թունչպոյաճեանին, որ կ՚անդրադառնայ համաշխարհային երաժշտութեան եւ երաժշտական փիլիսոփայութեան։

Հանգուցեալ Օննօ Թունչի յիշատակին ձօնուած այս քառօրեայ ծրագիրը մէկ կողմէ ոգեկոչում մըն է, իսկ միւս կողմէ՝ կու գայ ապացուցանել, որ իր ժառանգութիւնը կը շարունակէ ներշնչանքի առիթ դառնալ երաժշտական աշխարհէ ներս նոր թռիչքներու համար։ MİAM-ի աշխատանոցները կեդրոնացած են այնպիսի նիւթերու վրայ, որոնք երաժշտական դասական ուսուցումներու ծրագրերէն դուրս կը մնան։ Արթօ Թունչպոյաճեանի եւ Քլինթ Պաճաքեանի առընթեր այլ զանազան հեղինակաւոր երաժիշտներ այս աշխատանոցներուն մասնակցութիւն կը բերեն՝ որպէս դասախօս։ Կազմակերպիչները շատ լուրջ վերաբերմունք ցոյց տուած են՝ աշխատանոցներու մասնակիցները ընտրելու համար։ Թեկնածուները դիմում ներկայացուցած են որոշ ժամկէտի մը մէջ եւ դիմողներու շարքէն ճշդուած են անոնք, որոնք պիտի կարենան մասնակցիլ աշխատանոցներուն։

Օննօ Թունչ 1948 թուականին ծնած էր Իսթանպուլի մէջ։ Հարիւրաւոր ստեղծագործութիւնով մեծ արտադրանք մը կատարած էր թրքական փոփ երաժշտութեան համար։ Սեզէն Աքսուի, Պիւլենտ Օրթաչկիլի, Մուսթաֆա Սանտալի նման կարեւոր դէմքերու հետ տարած էր բեղուն աշխատանք։ 1996 թուականին ան արկածահար եղած էր իր մասնաւոր օդանաւով Պուրսայէն դէպի Եալովա թռիչքի ժամանակ։ 

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F4-02-2020-անմոռանալի-յօրինող-օննօ-թունչ-յատուկ-ծրագրով-մը-կ՚ոգեկոչուի-miam-ի-կողմէ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın