İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱՄԻՇԼԻԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 90-ԱՄԵԱԿԸ

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, ներկայութեամբ արժանապատիւ քահանայ հօր, պատկան մարմինի, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն, Ուրբաթ, 31 Յունուար 2020-ի յետմիջօրէի ժամը 6։00-ին, «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս յիշատակուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 90-ամեակը։

Հանդիսավարներ Բարշ. Սարգիս Սրկ. Սիմոնեան եւ տիկ. Դալար Մարտիրոսեան-Սիմոնեան բացումը կատարելով ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու անմահ նահատակներուն եւ վախճանեալ դպրեվանեցիներուն յիշատակը, ապա հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Բարշ. Սարգիս Սրկ. Կարապետեան, որ ըսաւ. «Մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութենէն սորված ենք, որ աշխարհի որեւէ անկիւն կրթօճախ ունենալը կ՚երաշխաւորէ մեր ինքնութեան պահպանումը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը այն եզակի տունն է, որ 90 տարի շարունակ կերտեց կաթողիկոսներ, ազգային ու հոգեւոր ղեկավարներ, ուսուցիչներ ու երաժիշտներ։ Տարիներ շարունակ Դպրեվանքի յաջողութեան զանգերը անլռելի կերպով ղօղանջեցին մեր սրտերէն ու հոգիներէն ներս»։

Գեղարուեստական յայտագիրով Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» քերթուածը տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց տիկին Զարուկ Թովմասեան-Արոյեան, «Մայր եւ Կոյս» շարականի երգեցողութիւնը կատարեց Բարշ. Յակոբ Սրկ. Պարսումեան, Վահագն Դաւթեանի «Գիշերային Զրոյց Նարեկացու Հետ» բանաստեղծութեան տպաւորիչ ասմունքով ներկաները ներշնչեցին Տիար Աբիկ Քեհեայեան եւ Տիկին Մեղրի Ասիլեան-Ղուկասեան։

Յայտագիրին երկրորդ մասով Կիրակնօրեայի խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին Դպրեվանքի քայլերգը եւ շարք մը շարականներ, ղեկավարութեամբ հոգեշնորհ հայր սուրբին, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ տիար Քրիստափոր Միքայէլեանի։ Ապա երկու տեսերիզներու ցուցադրութեամբ ժողովուրդը նախ ծանօթացաւ Դպրեվանքի առօրեայ կեանքին, որպէս ուսուցման, զարգացման եւ ձիրքերու կերտման ազգային եւ հոգեւոր կեդրոն, երկրորդ տեսերիզով ունկնդրեց վկայութիւններ դպրեվանքը աւարտող գամիշլիցիներէ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանէ, Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանէ, Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շառոյեանէ, Բարշ. Սարգիս Սրկ. Կարապետեանէ եւ տիար խաչիկ Միքայէլեանէ։ Առաջին տեսերիզը պատրաստուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ, իսկ երկրորդը՝ Ճեզիրէի Առաջնորդարանի դասաւորումով։

Հուսկ հոգեշնորհ հայր սուրբը փակման խօսքով անդրադարձաւ Դպրեվանքի վսեմ առաքելութեան եւ որպէս դպրեվանեցի անհուն ուրախութեամբ յայտնեց իր երախտագիտութիւնը այս ազգային եւ հոգեւոր կեդրոնին, ուր ստացաւ ազգային եւ հոգեւոր դաստիարակութիւն։ Իր խօսքին մէջ ան շեշտեց հետեւեալը. «Դպրեվանքը փոքր աշխարհ մըն է եւ բնութեան նման ունի չորս եղանակ.
ա- հոգեւոր դաստիարակութիւն
բ- մտաւոր դաստիարակութիւն
գ- ընկերային դաստիարակութիւն
դ- երաժշտական դաստիարակութիւն
Այս բոլորը ի մի խմբուելով կը կազմեն դպրեվանեցիին հոգեմտաւոր աշխարհը, որ կը լուսեպսակուի ծառայութեան գաղափարով ու կեանքով»։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի միասնական կատարումով։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն

http://www.kantsasar.com/news/14536-2/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın