İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՈՒՐԲԳՐՈՑ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆԻՆ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 30 Յունուար 2020, Հինգշաբթի, ժամը՝ 10.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց ԱՄՆ-ու մայրաքաղաք Ուաշինկթընէն Սուրբգրոց Թանգարանի տնօրէն Էնտի Նիկմանը։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւՅովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի անուան թանգարանի տնօրէն՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։

Յարգելի հիւրը տեղեկութիւն փոխանցեց իր պաշտօնավարած թանգարանին ու անոր առաքելութեան մասին եւհամագործակցութեան ճամբով յարաբերութեան մշակման խնդրանք ներկայացուց Ամենապատիւ Տիրոջ։

Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարքական Աթոռոյս հանդէպ եղած սոյն փափկանկատութեանհամար եւ ըսաւ թէ եթէ անհրաժեշտ պայմաններ գոյանան, կարելի կ՚ըլլայ ակնկալուած համագործակցութիւնը։

Յարգելի հիւրը ապա այցելեց նաեւ Կոլոտ Պատրիարքի անուան թանգարանը։ 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın