İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔ

Արաբական ծոցի երկիրներու Եկեղեցիներու խորհուրդի տարեկան ժողովը վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Քուէյթի մէջ։ Երկօրեայ աշխատանքին մասնակցութիւն բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն ներկայացուցիչներ՝ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Սարգիսեան (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի առաջնորդ) եւ Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան (Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ)։ Ժողովը առիթ ստեղծեց քննարկելու տարածքաշրջանէ ներս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները։ Նկատի ունենալով, որ սոյն ժողովը առաջին անգամ Քուէյթի մէջ գումարուեցաւ՝ մասնակից առաջնորդները ժողովականներուն ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուցին Քուէյթէ ներս քրիստոնեաներու ներկայութիւնը։ Անոնք յատկապէս անդրադարձան Քուէյթէ ներս Հայ Եկեղեցւոյ եւ համայնքի գոյութեան։ Արդարեւ տարածքաշրջանի ամենահին քրիստոնեայ համայնքներէն մին է հայութիւնը։ Ժողովի աւարտին Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Սարգիսեան ընտրուեցաւ այս խորհուրդի ատենապետը՝ 2020 թուականին համար։

Արաբական ծոցի երկիրներու եկեղեցիներուն միջեւ այս հաղորդակցութեան դրութիւնը կը գործէ 2012 թուականէն ի վեր։ Այստեղ գլխաւոր նպատակն է համախմբել տարածքաշրջանի բոլոր եկեղեցիները, որոնք պետական ճանաչում եւ արտօնութիւն ունին։ Այս առումով սոյն կառոյցը հիմնուած է հինգ հիմնական եկեղեցական համայնքներու եւ ընտանիքներու համա-խըմբումով։ Ուղղափառ եկեղեցիները Արեւմտեան եւ Արեւելեան բաժիններով ներկայացուած են այնտեղ։ Կաթողիկէ, Աւետարանական եւ Եպիսկոպոսական-Անկլիքան եկեղեցիներն ալ մաս կը կազմեն նոյն ծիրին։ Այս հաղորդակցութեան ձեւաչափին մէջ ամէն տարի կը կազմակերպուի հաւաքոյթ-հանդիպում մը։ Սա հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ արծարծելու համար թէ՛ եկեղեցիներու գործունէութիւնը տարածքաշրջանէ ներս եւ թէ անոնց մտահոգութիւնները։ Այսպէոսվ կ՚ամրապնդուին նաեւ տարածքաշրջանէ ներս միջեկեղեցական յարաբերութիւնները։

Քուէյթի այս տարուան հաւաքը հիւրընկալեց Յոյն Ուղղափառ եկեղեցին։ Աւելի քան երեսուն եկեղեցական առաջնորդներ մասնակցութիւն բերին աշխատանքներուն, որոնք կեդրոնացան եկեղեցական կեանքի վերաբերեալ մանրամասնութիւններու վրայ։ Զանազան գործունէութիւններու վերաբերեալ տեղեկագիր մըն ալ եկաւ օրակարգի վրայ։ Ժողովականները յատուկ աղօթք մըն ալ արտասանեցին՝ տարածքաշրջանի եւ աշխարհի խաղաղութեան համար։

Այս հարթակին վրայ հայկական ներկայութիւնը առաջին իսկ օրէն եղած է աշխոյժ։ Կիլիկեան Աթոռի ներկայացուցիչներուն առընթեր, ներկայ էր նաեւ Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան։ Հարկ է նշել, որ այս վերջինը իր կարեւոր բաժինն ու մասնակցութիւնը բերած է՝ այս հաղորդակցութեան ձեւաչափի ծրագիր-կանոնագրի պատրաստութեան, 2012 թուականին, երբ տակաւին նոր կը դրուէին անոր հիմքերը։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F31-01-2020-հաղորդակցութեան-հաւաք

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın