İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐԿԼԵԶՈՒՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ

Ֆէնէրի յունաց լիսէին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական հաւաքոյթ մը, որու ընթացքին արծարծուեցան երկլեզուութեան պարագան։ Թէեւ յոյն համայնքին համար կազմակերպուած հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը, սակայն անոր օրակարգը ընդհանրութիւններ կը պարզէր երկրի միւս ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու իրականութեան, մշակոյթին, ինքնութեան հարցերուն եւ բնականաբար ժառանգութեան տեւականացման տե-սակէտէ։

Աթէնքի Ազգային համալսարանի եւ «Քափոտիսթրիաս» համալսարանի թրքագիտութեան եւ արդի Ասիոյ հետազօտութիւններու ամպիոնի դասախօսներէն Տքթ. Մարիա Ռոմպոփուլոսի կողմէ հեղինակուած գիրք մը ծանօթացուեցաւ երէկուան հաւաքոյթին ժամանակ։ «Իսթանպուլի յունական փոքրամասնութեան մէջ երկլեզուութիւն. Իսթանպուլի յունական փոքրամասնական վարժարաններէ ներս յունարէնի եւ թրքերէնի օգտագործումը» խորագրեալ այս գիրքին շնորհանդէսը կազմակերպուած էր շահեկան ասուլիսի մը ձեւաչափով։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը, որ հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով։

Շնորհանդէսը կազմակերպուած էր Ֆէնէրի յունաց լիսէի, «Իխօ» թերթի եւ «Լիմոն» հրատարակչութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ։

Գիրքի ներկայացման համար նախատեսուած ասուլիսը վարեց «Իխօ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Անտրէա Ռոմպոփուլոս։ Ատենախօսներն էին դեսպան Տքթ. Ալեքսիս Ալեքսանտրիս, գիրքի հեղինակը՝ Տքթ. Մարիա Ռոմպոփուլոս, ինչպէս նաեւ Փրոֆ. Էլենի Սելլա, որ Աթէնքի Ազգային համալսարանի եւ «Քափոտիսթրիաս» համալսարանի թրքագիտութեան եւ արդի Ասիոյ հետազօտութիւններու ամպիոնի լեզուաբանութեան դասախօսներէն է։

Հետաքրքիրներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ այս ասուլիսը, որու ընթացքին քննարկուեցան բազմակողմանի նիւթեր։ Ատենախօսները երկլեզուութեան հանգամանքներուն անդրադարձան զանազան երեսակներով։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F31-01-2020-երկլեզուութեան-պարագաներ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın