İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 Յունուար 2020, Չորեքշաբթի, ժամը՝ 14.30-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ա.Մ.Ն.ու Ստանպուլի Աւագ Հիւպատոս Տարիա Տէրնըլը, որուն կ՚ընկերանար քաղաքական գործիչը

Յարգելի հիւրերը, Հայոց Պատրիարքութեան եւ նորընտիր գահակալին ծանօթանալու համար եկած էին Գումգաբու։ Տեսակցութեան ընթացքին շնորհաւորեցին նաեւ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իրմէ ստացան Աթոռոյ պատմութեան եւ առաքելութեան մասին ընդհանուր գիտելիքներ։

Պատրիարք Հայրը յատկապէս յիշեցուց թէ՝ Հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր կեդրոններէն մին է Պոլսոյ Աթոռը եւ իր սահմաններէն ներս կը ջանայ պատասխանել համայնքի զաւակներուն կրօնական, բարոյական եւ մշակութային պահանջքներուն։ Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց յարգելի հիւրերուն քաղաքավարական այցելութեան առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց դիւանագիտական իրենց պաշտօնին մէջ։  

Յարգելի հիւրերը, յետոյ շրջեցան Աթոռոյս «Կոլոտ» հաւաքածոն ու մեկնեցան Պատրիարքարանէն։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın