İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԷՆԹԻ-ՄԷՆԹՕՐԻ ԳՈՐԾԱԿԻՑ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 27 Յունուար 2020, Երկուշաբթի, ժամը՝14.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Մէնթի – Մէնթօր ծրագրի գործակից երիտասարդներ՝ Մէրի Թաքսի Տէվէճեան, Ժպիտ Էօղէր, Քարօլին Իւչէր Իչլիիւրէքը։

Այցելու երիտասարդներ, առաջին հերթին շնորհաւորեցին Պատրիարք Սրբազան Հօր ընտրութիւնն ու գահակալութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեցին Նորին Ամենապատուութեան։ Նախապէս իրենց կողմէ առաջադրուած եւ գործադրուած ծրագրի մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Պատրիարք Հօր։ Հակիրճ ձեւով բացատրեցին թէ՝ ինչպիսի ծրագիր մըն է, ի՞նչ է նպատակը եւ որքա՞ն ճամանակ կը պահանջէ։   

Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան առիթով։ Ինք, անգամ մը եւս շեշտեց թէ երիտասարդներ յատուկ կարեւորութիւն ունին համայնքային կեանքէն ներս եւ ապագային տարբեր առիթներով համայնքիս երիտասարդները ծառայութեան լծուելու տարբեր առիթներ պիտի գտնեն։ Պատրիարքական Աթոռը, երիտասարդները զարգացնելու եւ համայնքային կեանքին ներգրաւելու ուղղութեամբ տարբեր ծրագիրներ եւս պիտի մշակէ։ Նախապէս կիրարկուած «Մէնթի-Մէնթօր» ծրագիրը եւս մաս կը կազմէ սոյն նախագծին եւ ինք կը հաւատայ թէ՝ երիտասարդներու զարգացման ծառայած յիշեալ ծրագիրը օգտակար պիտի ըլլայ ապագային եւս։ Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդներու նախանձախնդրութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց՝ ապագայ գործունէութեանց մէջ։ 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın