İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄՇՈՒՇԱՊԱՏ ԹԱՓՈՐ ԼԵՌԸ ՅԱՅՏՆԵՑ Ս. ԳՐԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ Սաղիմական Ս. Ծննդեան տօնակատարութեանց մասնակցելու համար մեկնած էի դէպի Ս. Երկիր։ Արարողութեանց աւարտին առիթն ունեցայ ուխտաւոր եղբայրներու եւ քոյրերու հետ միասնաբար վայելել նաեւ Քրիստոսակոխ սրբավայրերը, որոնցմէ ամենէն խորհրդաւորներէն մին է Թափոր Լեռը։ Նախապէս քանիցս այցելած եմ այս սրբավայրը եւ ամէն անգամ ակամայ տարբեր հոգեւոր ապրումներով վերադարձած եմ տուն։ Կը կարծեմ թէ՝ այս այցելութիւնը, իր տեսանելի նշաններով եզակի իմաստ մը պիտի ունենայ, քանի Աստուածաստեղծ բնութիւնը ուղղակիօրէն պատկերասփռեց Աստուծոյ խորախորհուրդ ներկայութիւնը։ Վայրը, դէպքերը եւ մթնոլորտը զիրար ամբողջացուցին եւ ներկաներ շողշողուն աչքերով վերահաստատեցին թէ՝ Քրիստոս իր Աստոուածային փառքով «օրէնքի եւ մարգարէութեանց կատարումն է»։

Ըստ Ս. Գիրքի, «Յիսուս իրեն հետ առաւ Պետրոսը ու Յակոբոսը եւ անոր եղբայրը Յովհաննէսը ու զանոնք բարձր լեռ մը հանեց առանձին» (Մատթ. 17.1)։ Այս վայրը մինչեւ այսօր սրբավայր կոչուեցաւ, որովհետեւ Յիսուս այստեղ այլակերպեցաւ, երեսը փայլեցաւ արեգակի պէս, հանդերձները ճերմկցան լոյսի պէս, Մովսէս ու Եղիա Մարգարէները երեւցան ու Յիսուսի հետ խօսիլ սկսան եւ ի վերջոյ Հայր Աստուած Յիսուս Քրիստոսի մասին վկայեց ըսելով. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք» (Մատթ. 17.5)։ Այլ խօսքով, այս վայրը սրբավայր դարձաւ եւ ալ աւելին՝ Աստուծոյ Լեռը դարձաւ, քանի Յիսուս Քրիստոս իր Աստուածային փառքը յայտնեց առաքեալներուն մօտ եւ հաստատեց թէ՝ ինքն է «Աստուծմէ Աստուած եւ լոյսէն լոյս»։ Իւրաքանչիւր ուխտաւոր Ս. Գրային այս տողերու գիտակցութեամբ կը բարձրանայ թափոր լեռ, կը միտի նոյն վայրին մէջ զգալ Այլակերպեալ Փրկչէն ճառագայթող Աստուածային լոյսը եւ Փրկչի զօրութեամբ փարատել իր մէջի մռայլը։ 

Մենք եւս նոյն ուխտով ճամբայ ելած էինք, նման բիւրաւոր ուխտաւորներու։ Թափոր Լերան ճանապարհը կը գտնուի կայարան մը, ուր կը սպասէք կառքեր եւ զանոնք օգտարծելով կամաց կամաց կը բարձրանաք դէպի լերան գագաթը։ Կայանի մօտ սպասման պահուն բնութիւնը արդէն իսկ իր գեղեցկութեամբ եւ կեանք բուրող ներկայութեամբ կը շրջապատէ ձեզ։ Ամէն տեղ ծառ, ծաղիկ, կանանչութիւն կը գտնուի եւ ակամայ խաղաղութիւնը կը սկսի հաստատուիլ ձեր մօտ։ Երբ կը բարձրանաք գագաթը անշուշտ, ամէն ինչին արծուաբիբ հայեացքով կը հետեւիք։ Այս ճամբորդութեան պահուն ալ կը սպասէինք որ նմանօրինակ տեսարան մը պիտի պարզուէր մեր առջեւ, բայց այդպէս չեղաւ։ Երբ հասանք կայարան, յանկարծ տեսանելի դարձաւ մշուշ մը, որով շրջապատը մեծաւ մասամբ անտեսանելի դարձած էր։ Այդ խաղաղութիւն բուրող ծառերը, ծաղիկները, կանանչութիւնը գրեթէ անտեսանելի դարձած էին եւ կար միայն մշուշը։ Վախազդու մթնոլորտ մըն էր, քանի բոլորիս աչքերը դժուարաւ կը զանազանէին թէ ինչ կը գտնուէր շրջակայքը։ Երբ կը սպասէինք շատերը յուզուած էին, քանի բնութիւնը եւ շրջակայքը տեսնել կ՚ուզէին, նկատելով որ այս բոլորը լանջէն մինչեւ գագաթ ամբողջացուցիչ տարրերն էին Թափոր Լերան։ Սպասեցինք այս յուզումնալի տրամադրութեամբ եւ երբ կայարան հասաւ փոխադրամիջոցը, բոլորս միատեղ սկսանք ճամբորդել դէպի լերան գագաթը։ Շատ հետաքրքրական էր այս ճամբորդութիւնը, որովհետեւ քանի կը բարձրանայինք, մշուշի քօղարկիչ ազդեցութիւնը առաւել եւս զգալի կը դառնար եւ տակաւ առ տակաւ ամէն ինչ անհետանալ կը սկսէր։ Երբ բարձրացանք լերան գագաթը, արդէն իսկ ամէն ինչ գրեթէ անհետացած էր եւ մենք կը զրուցէինք այս տեսարանի մասին։ 

Երբ կառքէն իջանք, մշուշապատ բնութեան մէջ արդէն իսկ տեսանելի էր Թափոր Լերան գագաթը կանգնած Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ սեփականութիւնը՝ Սուրբ Պայծառակերպութիւն Եկեղեցին։ Այդ տաճարը հասնելու եւ այդ սրբավայրին մէջ խոկալու համար ներկայ էինք արդէն իսկ։ Երբ մշուշի մէջ քօղարկուած եկեղեցին եւ իր արտաքին դրան մուտքը տեսայ, յուզումնալի տրամադրութիւնս այլափոխուեցաւ երկիւղալի տրամադրութեան, որուն մէջ գոյութիւն ունէր հոգեկան ուրախութիւն մը։ Այդ պահուն մտածել սկսայ թէ՝ մշուշապատ մթնոլորտը աւելի ազդեցիկ էր քանի կանանչութիւնը, քանի ուղղակիօրէն տեսանելիներ կ՚անհետանային եւ անտեսանելիներ կը յայտնուէին։ Պահ մը յիշատակեցի Յայտնութեան Գիրքէն դրուագ մը. «Ահաւասիկ ան՝ որ պիտի գայ ամպերուն հետ. եւ ամէն աչք պիտի տեսնէ զայն» (Յայտն. 1.7)։ Անտեսանելին, մշուշապատ մթնոլորտին մէջ կը ներկայացնէր դրախտային եւ Աստուածային կեանքը։ Այդ պահուն յիշատակեցի նաեւ հատուած մը եւս, որուն մէջ Աստուածային կատարելութիւնը կը շեշտուէր. «Երբ տեսայ զայն՝ մեռելի մը պէս ինկայ անոր ոտքերուն առջեւ. ան իր աջը դրաւ իմ վրաս եւ ըսաւ ինծի. «Մի՛ վախնար, ես եմ Սկիզբը եւ ես եմ Վախճանը. Ես եմ կեանքը եւ ես եմ որ մեռայ. Եւ ահա կենդանի եմ յաւիտեանս յաւիտենից» (Յայտն.1.17-18)։ Կէս ժամ առաջ յուզուած էինք, բոլորս զմեզ անբախտ նկատելով, իսկ այդ պահուն սկսած էինք նկատել՝ բախտաւորներ։ Լերան վրայ տիրապետող խաղաղութեան հոգին, մշուշապատ մթնոլորտը, թռչուններուն քաղցրաբարոյ երգեցողութիւնը եւ այս բոլորին մէջ տակաւ առ տակաւ, ծանրակշիռ քայլերով դէպի տաճար առաջնորդուող ուխտաւորները… Կարծէք Քրիստոս իր Աստուածային ներկայութիւնը այս տեսարանին ընդ մէջէն կը յայտնէր ներկայ հաւատացեալներուն եւ կ՚ողջունէր Աստուծոյ Լեռը ժամանած ուխտաւորները։ Ինչպէս հայրապետներէն մին կ՚ըսէ. «Երբ աշխարհատես աչքերը պահ մը փակենք, Ս. Հոգւոյ ներգործութեամբ էապէս կը տեսնենք զԱստուած»։ Ուխտաւորներ իրենց Փրկիչը արդէն իսկ տեսած էին, երբ անոնք այս տեսարանին մէջ քալելով կը մօտենային դէպի Եկեղեցի։

Հասանք եկեղեցի, եւ հոգիներու ապաստանարանին մէջ այլեւս կարեւորութիւն չունէր արտաքին մթնոլորտը։ Այդտեղ, այլեւս կար ցեղունին վրայ քանդակուած Քրիստոսի սրբապատկերը եւ իր մօտ կանգնած Մովսէս ու Եղիա Մարգարէներու ընծայուած մատուռները։ Աղօթեցինք եւ Պայծառակերպութեան Տօնին նուիրուած «Ի վերին Երուսաղէմ» հանգստեան երգը երգեցինք ու յիշատակեցինք հրեշտակներու բնակարանը։ Ս. Գիրքէն ընթերցեցինք Պայծառակերպութեան բաժինը եւ խոկացինք այս մասին։ Ի վերջոյ բոլորս անգամ մը եւս կրկնեցինք Պետրոս Առաքեալին այն դաւանութիւնը, որուն վրայ հիմնուեցան Քրիստոսի եկեղեցին. «Դուն Քրիստոսն ես՝ կենդանի Աստուծոյ Որդին» (Մատթ. 16.16)։ Մօտաւորապէս ժամ մը եկեղեցւոյ մէջ կազդուրուելէ յետոյ, դուրս ելանք արտաքին պատշգամը։ Մշուշը արդէն իսկ մասամբ անհետացած էր եւ Քրիստոսի Աստուածութեան դաւանողներ ըլլալով արծուաբիբ աչքերով բարձունքէն դիտել ուզեցինք լերան լանջերը։ Այս պահը եւս խորհրդաւոր էր, որովհետեւ մեր դիմացը տակաւին մշուշապատ էր, իսկ լանջը բոլորովին մշուշէ զերծ մնացած կանանչութեամբ կը յայտնուէր։ Պահ մը դիտեցի եւ մտածեցի թէ՝ «Մեր Հայրը որ երկինքն է», բարձունքէն նմանապէս կը հետեւի մեր առօրեային։ Այդտեղ մշուշի եւ կանանչի անջատումը, կը խորհրդանշէր երկնաւորի եւ երկրաւորի տարբերութիւնը։ Այդտեղ տեսանելի զօրութիւն մը կը զգենուր Դաւիթ Մարգարէի խօսքը. «Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ, ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ» (Սղմ. 19.1)։ 

Այսպիսի ոգեւորիչ անակնկալները ապրած ըլլալով, փառք տուինք Քրիստոսի եւ յաջորդ ուխտատեղին երթալու տրամադրութեամբ բաժնուեցանք եկեղեցիէն։ Մենք ծրագրեցինք ու ճամբայ ելանք, առանց գիտնալու թէ՝ Տէրը ուրիշ անակնկալով մը եւս պիտի պարարտացնէր մեր ապրումները։ Թափոր Լերան գագաթին կը գտնուի կայարան մը, ուրկէ ճամբայ ելլելով ուխտաւորներ կը վերադառնան լերան լանջը գտնուող առաջին կայարանը։ Երբ գացինք, տեսանք թէ Նիժէրէն ուխտաւորաց մեծ խումբ մը եւս կը սպասէր փոխադրամիջոցին գալուստը եւ մենք եւս սկսանք սպասել իրենց հետ։ Մինչ այդ Թափոր Լեր բարձրացած էին Ուաշինկթընէ Տ. Յովսեփ Քահանայի եւ Տիթրոիթէ Տ. Հրանդ Քահանայի կողմէ առաջնորդուած Հայ ուխտաւորրաց խումբերը։ Կայարանին մօտ զիրար ողջունեցինք եւ կարծելով որ անգամ մը եւս իրարու չենք հանդիպիր, բարի ճանապարհ եւ ուխտագնացութեան օրեր մաղթեցինք։ Անոնք այցելեցին Ս. Պայծառակերպութեան Եկեղեցին եւ իրենց աղօթքն ու խոկումը կատարելէ յետոյ վերադարձան կայարան։ Շուարած աչքերով դիտեցին մեզ, քանի տակաւին կառք կը սպասէին Նիժէրցիները եւ մենք։ Այդ պահուն այդպիսի մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ որ, աշխարհի տարբեր գաղութներէն ժամանած երեք Հայ գաղութներ թափոր լերան վրայ միացած կը սպասէին։ Քանի տակաւին կառքը չէր հասած, խումբերը սկսան իրարու հետ զրուցել եւ ակնթարթի մէջ արդէն իսկ մտերմութիւն հաստատուած էր։ Ժամանակ մը յետոյ նայեցանք որ Նիժէրցիներ իրենց ժողովորդական պարերով պարել սկսան, քանզի օթը ցրտանալ սկսած էր։ Իսկ մենք ալ շրջեցանք ու զրուցեցինք, որպէսզի առոյգ մնանք։ Պահ մը յետոյ կառք մը եկաւ ու Նիժէրցիներ հեռացան մեզմէ եւ երեք Հայկական խումբեր առանձնապէս ժամանակ անցնելու առիթն ունեցանք։ Բայց շատ կարճ ժամանակ յետոյ, երկինքը պոռթկաց ու տեղատարափ անձրեւ մը սկսաւ։ Բոլոր Հայ ուխտաւորներ, որոնք հովանոց ունէին իրարու փարեցան, որպէսզի պահպանուին անձրեւէն։ Բայց աւա՜ղ…Այնքան զօրաւոր էր անձրեւը որ ստիպուած վազելով մերձաւոր փակ վայր մը փնտռեցինք, որպէսզի ապաստանինք։ Այս պահը, միացուցած էր բոլորս եւ չեմ մոռնար Տ. Հրանդի երգած Կոմիտասեան «Անձրեւն եկաւ շաղալէն» երգը։ Պահ մը սպասեցինք եւ ի վերջոյ անձրեւը բաւականին դադրեցաւ։ Առիթէն օգտագործուելով վերադարձանք կայարան եւ քիչ յետոյ արդէն իսկ կառքերը եկած էին։ Առանց նայելու թէ՝ ուրկէ եկած ենք, բոլորս նստանք կառքերը եւ հասանք լերան լանջին։ 

Այդ անձրեւը թէեւ շատերու առողջութեան վրայ վատօրէն ազդած էր, բայց՝ երբ մտածեցի այդ անսպասելի դրուագի մասին, Թափոր Լերան խորհուրդը տարբեր երեսակով մը դիտեցի։ Պայծառակերպութեան դէպքը յիշեցի անգամ մը եւս, դերակատարները ձեւով մը ներկայ էին մթնոլորտին մէջ։ Պայծառակերպութեան պահուն «երեւցան Մովսէս ու Եղիան» (Մատթ.17.3)։ Մովսէսը կը խորհրդանշէ օրէնքը, իր ձեռքը ունեցած տասնաբանեայ պատուիրաններով, իսկ Եղիան՝ մարգարէութիւնը։ Հին Կտակարանէ հատուածներ եւս մտածումներուս միացան այդ պահուն. Առաջին հատուածները վերագրուած էին Մովսէս Մարգարէին, երբ ան Սինա Լերան կը մօտենար, տասնաբանեայ պատուիրանները Տիրոջմէ ստանալու համար։ «Ահա ես քեզի կուգամ թանձր ամպի մը մէջ, որպէսզի ժողովուրդը լսէ՝ երբ ես քեզի հետ խօսիմ ու նաեւ միշտ քեզի հաւատայ» (Ելից 19.9)։ «Երրորդ օրը առտուն որոտումներ ու կայծակներ կ՚ըլլային եւ թանձր ամպ մը կար լերանը վրայ ու խիստ սաստիկ փողի ձայն մը եւ բանակին մէջ եղած բոլոր ժողովուրդը զարհուրեցաւ» (Ելից 19.16)։ Թափոր Լերան շուրջ տիրապետող մշուշն ու խորհրդաւորութիւնը ուղղակիօրէն կը յիշեցնէր Մովսէս Մարգարէի խորհրդաւոր ներկայութիւնը։ Իսկ երկրորդ հատուածները վերագրուած էին Եղիա Մարգարէին, երբ ան երաշտութեան սկիզբն ու վախճանը դարձաւ։ «Գաղաադի բնակիչ Թեղբացի Եղիան Աքաաբին ըսաւ. «Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որուն առջեւ կը կենամ, կենդանի է, որ այս տարիենրուն մէջ ցօղ եւ անձրեւ պիտի չգայ իմ խօսքիս» (Գ. Թագ. 17.1)։ Եղիա Աքաաբին ըսաւ. «Վե՛ր ելիր, կեր ու խմէ՛, վասն զի անձրեւի ոտնաձայն կայ։…Մինչեւ ասդին անդին դառնալը երկինք ամպերով սեւցաւ եւ հով կար ու սաստիկ անձրեւ եկաւ» (Գ. Թագ. 17.41,45)։ Երթի ժամանակ մեր վրայ իջած տեղատարափ անձրեւը, խորհրդանշականօրէն յիշեցուց Եղիա Մարգարէին ներկայութիւնը։ Իսկ, այս բոլորին ամբողջացուցիչ տարրը Յիսուս Քրիստոս, քարեղէն տաճարի ճամբով կը յայտնէր իր բացառիկ ներկայութիւնը Թափոր Լերան վրայ։ Իսկ, ներկայ երէք առաքեալներուն կը փոխարինէին երէք հայ ուխտաւորաց խումբեր։ 

Մեր ուխտագնացութիւնը հասաւ իր աւարտին, եւ այս բոլորը մտածել տուին թէ՝ Ս. Գիրքի տողերը տարբեր առիթներով, կրնայ ներկայանալ մեր առջեւ։ Իսկ, երանելի են այն անձերը, որոնք, որպէս հոգեւոր սփոփանքի աղբիւրը կ՚ընդունին այս եզրակացութիւնները եւ կը շարունակեն իրենց կեանքի ճամբորդութեան։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
28 Յունուար 2020, Պոլիս

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın