İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊՐԱՅՆՏ ԵՒ ԶՈՊԱՅԵԱՆ ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԻՑ

Մարզական աշխարհը ցնցումի մէջ է պասքսեթպոլի առասպելական աստղերէն Քոպի Պրայնտի մահուան հետեւանքով։ Ան եւ իր դուստրը զոհ գացին ուղղաթիռի արկածի մը։ Համայն աշխարհ մեծ ցաւ կ՚ապրի այս դէպքին հետեւանքով։ Մարզասէրներէ սկսեալ, մինչեւ պետական գործիչներ՝ վշտակցութիւն կը յայտնեն պասքեթպոլի անմոռանալի աստղի մահուան բերումով։ 

Հայութեան տեսակէտէ խնդրոյ առարկայ է նաեւ այլ կարեւոր մանրամասնութիւն մը։ Արդարեւ, Քոպի Պրայնտի եւ դստեր վթարեալ ուղղաթիռը կը վարէր հայազգի Արա Զոպայեան։ Հայազգի օդաչուն, դժբախտաբար, մշուշոտ եղանակին հետեւանքով կորսնցուցած է թռիչքի հակակշիռը։

Հարկ է յիշեցնել, որ Քոպի Պրայնտ միջոց մը առաջ ամերիկահայ շրջանակներու կողմէ բողոքի արշաւի մը թիրախը դարձած էր՝ Թուրք օդային ընկերութեան գովազդային հոլովակին մէջ նկարահանուած ըլլալուն բերումով։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F28-01-2020-պրայնտ-եւ-զոպայեան-ճակատագրակից

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın