İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԵԾ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ

Սիրքեճիի Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքին վերաբերեալ հարցը արդէն արձագանգ կը գտնէ նաեւ Ազգային մեծ ժողովէն ներս։ Խորհրդարանի ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն ՀՏՓ-ի շարքերէն՝ Մարտինի երեսփոխան Թումա Չելիք կոչ ուղղեց՝ որպէսզի ջնջուի Սանասարեանի վարձակալութեան համար այսօր նախատեսուած մրցոյթը։ Ասորի արմատներով Թումա Չելիք միշտ կ՚անդրադառնայ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու դիմագրաւած հարցերուն՝ ներառեալ թրքահայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները։ Հարկ է նշել, որ խորհրդարանէն ներս այս հարցին միջոց մը առաջ անդրադարձած էր նաեւ նոյն կուսակցութեան Տիարպաքըրի երեսփոխան Կարօ Փայլան, որ այս հարցին վերաբերեալ հարցապնդում մը հասցէագրած էր՝ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյին։

Սանասարեան խանի վերաբերեալ Թումա Չելիքի այսօրուան յայտարարութեան ժամկէտը յատկանշական է, որովհետեւ այսօր իսկ նախատեսուած է Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած՝ խանի վարձակալութեան մրցոյթը։ Թումա Չելիք կը մատնանշէ, որ Սանասարեանը Թուրքիոյ հայ հաւաքականութեան առգրաւուած ամենակարեւոր կալուածներէն մին է եւ անոր սեփականութեան իրաւունքը պէտք է վերադարձուի բուն տիրոջ։ Պատգամաւորը շեշտած է նաեւ, որ վարձակալութեան մրցոյթը կազմակերպուած է ի հեճուկս սեփականութեան իրաւունքի վերաբերեալ դատական գործընթացի շարունակման։ Յայտարարութեան մէջ ան մանրամասնօրէն անդրադարձած է Սանասարեան խանի պատմութեան, սեփականութեան իրաւունքի խնդիրներուն, պատկանելիութեան մանրամասնութիւններուն եւ պետական մարմիններու կողմէ որդեգրուած վերաբերմունքին։ Սանասարեանի հարցը արծարծելու ժամանակ ան արծարծած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու վաքըֆներուն կողմէ դիմագրաւուած սեփականութեան իրաւունքի վերաբերեալ զանազան խնդիրներուն։ Թումա Չելիք թուարկած է ասորի եւ հայ կաթողիկէ հաւաքականութիւններու նոյնանման խնդիրները։ Ան յարմար կը դատէ, որ խորհրդարանը փոքրամասնութիւններու կալուածներու խնդիրներուն համար ստանձնէ նախաձեռնութիւն եւ օրէնսդրական կարգադրութեան մը համար աշխատանք իրականացնէ։ Այսպէսով վերջ պէտք է գտնէ՝ տարիներէ ի վեր փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ենթարկուած մեծ անարդարութիւնը։ Թումա Չելիքի կոչն է, որ Սանասարեան խանը վերադարձուի իր բուն տէրերուն եւ անոր հասոյթն ալ օգտագործուի հայ երեխաներու կրթական կարիքները հոգալու նպատակով։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F28-01-2020-մեծ-անարդարութիւն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın