İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԱՌԹԻՒ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Էլազըղի մէջ 24 Յունուար 2020-ին տեղի ունեցած երկրաշարժը պատճառ դարձած է, որ անգամ մը եւս ցաւ զգանք նման աղէտի մը ու իր կործանարար արդիւնքներուն համար։ Մեր յիշողութեան մէջ միշտ թարմ կը մնայ այն երկրաշարժը, որ պատահած էր 1999 թուականին եւ մեծ աւերներ գործած՝ նաեւ Ստանպուլի մէջ։

Այս անգամ, երկրաշարժը զգալիօրէն ցնցում պատճառած է նաեւ Մալաթիոյ, Սեբաստիոյ ու Սամսունի մէջ եւ ցնցումները հասած են մինչեւ Սուրիա, Վրաստան ու Հայաստան։

Այս առթիւ կու գանք մեր աղօթքները միացնել այն բազմահազար աղօթողներուն վասն բժշկութեան հարիւրաւոր հոգիներու։ Կը ցաւակցինք նաեւ այն ընտանիքներուն որոնց հարազատները կորսնցուցած են իրենց կեանքը եւ մխիթարութիւն կը հայցենք իրենց։

Նորին Ամենապատուութիւնը ի սրտէ կ’աղօթէ երկրաշարժի պատճառաւ անձկութեան մատնուածներուն զօրակցութեան համար։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın