İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍԱՀԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Թուրքիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշտական ներկայացուցիչ
Սահակ Սարգսեան, 24 Յունուար 2020, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ.
Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Հիւրին կ՚ընկերանար իր խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան։
 
Այցելուները եկած էին շնորհաւորելու Նորին Ամենապատուութիւնը՝ պաշտօնական այցելութեամբ, տեղեկութիւններ
փոխանցելու համար զանազան նիւթերու շուրջ եւ իրենց գործունէութեանց մասին։
 
Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու
յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın