İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Մեծ Բրիտանիոյ Արքայազն Չարլզ այցելեց Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան Տաճարի հայկական եկեղեցի

Ուրբաթ, 24 Յունուար, 2020-ին, Մեծ Բրիտանիոյ Արքայազն Չարլզ այցելեց Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան Տաճարի հայկական եկեղեցի եւ դիմաւորուեցաւ Սուրբ Աթոռոյս Լուսարարապետ՝ Գերաշնորհ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեանի կողմէ: Լուսարարապետ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Աւագ Թարգման՝ Տ. Տիրան Աբղ. Յակոբեան, Դիւանապետ՝ Տ. Կորիւն Վրդ. Բաղդասարեան, Ս. Ծննդեան Տաճարի տեսուչ՝ Տ. Ասպետ Վրդ. Պալեան եւ նոյն Տաճարի ծիսակատար՝ Տ. Վահագն Քհնյ. Սինանեան: 
Այցի ընթացքին Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան անունով յախճապակեայ պնակ մը նուիրեց Արքայազն Չարլզին, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Սուրբ Երկրին մէջ հայոց ներկայութեան եւ առաքելութեան մասին: Իր խօսքի վերջաւորութեան Սրբազան Հայրը յիշեց նաեւ Հիտլերի յայտնի խօսքը, թէ «Ո՞վ կը յիշէ հայերուն ցեղասպանութիւնը» եւ յոյս յայտնեց, թէ արդարութիւնը օր մը պիտի յաղթանակէ:

https://www.facebook.com/117729778305019/posts/2704394382971866/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın