İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒՀԻ ՎԱՐԴԻՆԷ ՕՀԱՆԵԱՆԸ

Այսօր՝ Չորեքշաբթի, 22 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի նոր կառավարութենէն ներս հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ընկերակցութեամբ հայ երեսփոխանական պլոքի պետ՝ Յակոբ Բագրատունիին: Վեհափառ Հայրապետը իր շնորհաւորութիւնը եւ օրհնութիւնը փոխանցեց նոր նախարարուհիին:

Լիբանանի նորակազմ կառավարութենէն ներս, ամէնէն երիտասարդ նախարարն է Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը: Ան ծնած է 1984-ին, յաճախած է Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէճ եւ ապա Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլէճ: Աւարտած է Լիբանանեան համալսարանի ընկերային գիտութիւններու բաժանմունքը: Նաեւ ունի «Ծրագիրներու կառավարման» վկայական՝ Հայկազեան համալսարանէն:

Ան, 2017-էն մինչեւ այսօր տնօրէն է «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի: 2013-էն 2017 եղած է նոյն կեդրոնի ընկերային ծառայողը: 2007-էն 2008 իբրեւ ընկերային ծառայող աշխատած է Լիբանանի Հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանին մէջ: 2005-էն 2008 եղած է «Թռչնոց բոյն»-ի ընկերային ծառայողը:

https://www.facebook.com/472753589413213/posts/2883727391649142/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın