İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Տարեմուտ է կրկին: Մեր աշխարհը իր միլիարաւոր դարձերէն մէկը կատարած է արեւուն շուրջ: Հի՛ն է արեւը, հի՛ն է աշխարհը: Բայց ամենայն կարողութեամբ օժտուած են երկուքն ալ միշտ նոր մնալու, նորոգելու եւ նորոգուելու: Հինը եւ նորը նոյն մէտայլին երկու երեսներ են լոկ: Աստուած հինին մէջ պահած է նորը եւ հին ժամանակները ծնունդ կու տան նորերուն ընդմիշտ երբ պահը հասնի:

Մեր պատրիարքութիւնն ալ հին է, բայց հինցած չէ: Կոստանդնուպոլսոյ մեր դարաւոր Աթոոը կը շարունակէ իր պատմական ճանապարհորդութիւնը՝ ժամանակին մէջ նորոգուելով եւ նորոգելով իր ժողովուրդը: 1461-էն սկսեալ գրեթէ վեց դար ամբողջ մեր Աթոռը փառապանծ գիսակի մը նման ժամանակի մէջ կը սուզուի, իր մէջ ընդխառնելով բիւր բիւրաւոր հոգիներ, որոնք հայութեան երկնակամարին վրայ կը շողշողան աննուազ փառքով: 

Որքան կարճ են մեր անձնական կեանքերը՝ բախտատած մեր Աթոռի երկարատեւ կեանքին հետ: Ինչե՛ր պատահեցան եւ ովքե՛ր եկան ու անցան անոր շուքին տակէն: Ինչ ինչ կրակներէն անցաւ այս Աթոռը, բախտի ինչ սեւ ամպեր պարպեցին իրենց թունաւոր պարունակութիւնը անոր հովանաւորած եկեղեցիներուն եւ համայնքներուն վրայ: Փառքի օրեր ալ տեսաւ, անձկութեան օրեր ալ: Բայց եւ այնպէս հասաւ այս օրերուն ապահով եւ ինքնավստահ՝ իր հաւատացեալ ժողովուրդով եւ համայնքային ամուռ կառոյցներով՝ փաստուած կայունութեամբ մը: 

Ահա՛ մեր Պատրիարքութիւնը անցեալի բեռը եւ բերքը իր ուսերուն շալկած հաստատակամ քայլերով դէպի ապագայ կ’ընդառաջէ իր նորընտիր 85.րդ Պատրիարքին գլխաւորութեամբ: Նոր տարին իրապէս բառին բուն իմաստով «նոր» պիտի ըլլայ Պոլսահայութեան համար: Ունինք պէտք եղած ամէն ինչ՝ այս նորութիւնը ողջագուրելու համար. կամեցողութիւնը, միասնականութիւնն ու կորովը եւ ի հարկ է, Աստուածային նեցուկն ու օգնութիւնը՝ շնորհիւ հաւատացեալ մեր ժողովուրդի ջերմեռանդ աղօթքներուն՝ երկինք շտապող: Պատրաստ ենք դիմագրաւելու«նոր»ը իր բոլոր ծալքերով եւ կարող ենք կուրծք տալու ապագայի բոլոր անծանօթ հողմերուն: Հոս ենք՝ դիմակալելու 2020-ի բոլոր անակնկալները եւ մարտահրաւէրները՝ խաչակնկելով մեր ճակատը եւ ապավինելով Բարձրեալին Աստուծոյ, որ է «Էմմանուէլ»:

Ընտանեկան յարկերու կամ սրահներու մէջ, զարդարուն տօնածառերու երազանքի շուքին տակ, ճոխ ու զուարթ սեղաններու շուրջ համախմբուած պիտի դիմաւորենք նոր տարին հազար ու մէկ բարեմաղթանքներով: Պիտի զգանք անգամ մը եւս, թէ սաղմոսը ի՛նչ ըսել կուզէ. «Եղբայրներու միասին ըլլալը ի՛նչ լաւ է, որքա՛ն հաճելի… Որովհետեւ հոն Աստուած յաւիտենական կեանքը շնորհեց:» Սէրը կեանքի հիմքն է ե՛ւ նպատակը: Այն բոլոր արարքները որոնք պատճառ կը դառնանսէրը ապրելու եւ տօնելու՝ օրհնութեան պահեր են Աստուծոյ հաճելի: Եկէ՛ք կիսենք պահի խնդութիւնը եւ խանդավառութիւնը ուրախ ու խաղաղ սրտերով որպէս ուխտեալ զաւակները սիրոյ:

Ամանօրի պահն ու եղանակը մեզ ակամայ աւելի խոր մտածելու կը հրաւիրէ մեր կեանքի մասին եւ վերագտնելու՝ մեր գոյութեան իմաստը վերստին: Բոլոր արարածները երբ կ’ապրին իրենց կարճ կեանքը՝ անպայման կը ծառայեն իրենցմէ աւելի մեծ դրոյթի մը օգտին եւ գոյատեւմանը: Մեր անհատական կեանքի նպատակը մեր անձնական նկարագիրը զարգացնելու առընթեռ՝ է նաեւ ուրիշներու կեանքը գեղեցկացնել, հարստացնել եւ կատարելագործել որպէս սիրոյ եւ ծառայութեան տուրք: Այս է սէրը՝ իրապաշտ ու գործնական եւ Քրիստոսի հիմնական վարդապետութիւնը՝ սէրը բացատրող. «Չկայ աւելի մեծ սէր, երբ մէկը կը նուիրէ իր կեանքը իր բարեկամին համար»։ Եւ կամ Վահան Թեքէեանի բառերով. «Սիրոյ հացին դուն եղի՛ր խմոր»։

Կը յիշեմ Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ Վեհափառ հայրապետի հետ ունեցած մտերմիկ զրոյց մը տեսչութեան տարիներուս: Վեհափառ տէրը յայտնած էր իր կեանքի նպատակը, զոր շատ լաւ կը լուսաբանէ վերեւ մեր շեշտաւորած Քրիստոնէական մօտեցումը: «Ես յանձնել կ’ուզեմ» ըսած էր Վեհափառը, «Մայր Աթոռը մեզմէ յետոյ գալիք ուրիշներուն, ներկայ վիճակէն շատ աւելի փայլուն, զարգացած ու կատարեալ ձեւով: Կ’ուզեմ պատրաստել սերունդ մը եկեղեցականներ որոնք այս գործը մեզմէ աւելի լաւ պիտի կատարեն: Մեզմէ աւելի գործունեայ եպիսկոպոսներ դառնան, աւելի իմաստուն ու գիտուն վարդապետներ, աւելի աշխոյժ քահանաներ, աւելի բարեպաշտ ժողովուրդ եւ ամբողջ հայութեան հոգեւոր սրտին վերածուած ազդեցիկ Մայր Աթոռ մը: Թող իմ կեանքս կամուրջ մը հանդիսանայ այս մեծ տեսիլքին համար»։

Ես կը մտածեմ որ Վեհափառ Հայրապետի այս մօտեցումը իր կեանքին եւ իր գործին հանդէպ, պէտք է օրինակ լինի նաեւ մեր բոլորին: Այս կը սորվեցնեն մեզի նաեւ մեր հնաւուրց վանքերն ու տաճարները, ուր մեր հայրերը նախընտրած են տաճարներուն սալայատակին տակը թաղուիլ ու հաւատացեալներու ոտքերուն տակ պատուանդան դառնալ, որպէսզի իրենց վրայ կոխելով Աստուծոյ մօտենան ուրիշները:

Մենք ալ ապրող պատուանդաններ ու կամուրջներ դառնանք ուրիշներուն համար: Մեր օրերէն աւելի խաղաղասէր ու երջանիկ մարդկութեան մը գոյացման համար եկէ՛ք մեր բռնած անկիւնները այլակերպենք կամաւոր ծառայութեամբ: Մեր բոլորը փոշիի վերածելիք ժամանակի ջաղացքին դէմ մեր լաւագոյն պատասխանը եւ յաղթանակը այս պիտի ըլլայ անկասկած: Աստուծոյ մեզի տուած բարիքները մեր ջանքերով բազմապատկած ուրիշներուն փոխանցել, եւ այսպէսով ապահովել բարիին յաւերժական գոյութիւնը եւ յաւելումը, մեր կեանքի իմաստն ու նպատակն է այս մոլորակին վրայ: Կեանքի բոլոր ասպարէզներու վրայ հետապնդուած աշխատանքը եւ գործին մէջ դրուած սէրն ու խնամքը հրաշքի համազօր արդիւնքներ կու տան, գիտենք բոլորս: Աստուած եւ աշխարհ մեր կատարելիք ծառայութեան այս հրաշքներուն կը սպասեն 2020 թուականին եւս:

Նոր տարուան բարեփաստիկ առիթով հայրական սիրով կ’ողջունենք Պոլսոյ Աթոռի հոգեւորականաց դասը, ազգային իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կառոյցները եւ մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները: Թող Աստուած միշտ անսասան պահէ մեր սուրբ եկեղեցին եւ իր երկնային լոյսով պայծառակերպէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կեանքը՝ գերբնական որակ մը շնորհելով բոլորին ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Մենք Քրիստոնեաներս կ’ողջունենք տարեմուտը նախ եւ առաջ Աստուծոյ փառք տալով անցեալ տարիին համար եւ կը խնդրենք իրմէ որպէսզի նոր տարուան 365 օրերը վայելելու արժանի դարձնէ մեզ առողջութեան, յաջողութեան, երջանկութեան եւ արեւշատութեան մեր փափաքները շնորհելով:

Սուրբ Ծննդեան եղանակը եւ տարեմուտի ժամանակը խոստմնալից լաւատեսութեամբ բեռնաւորուած է եւ ամանօրեայ խինդը առկախուած՝ մթնոլորտին մէջ: Մենք ալ մասնակից դառնանք ամբողջ մարդկութիւնը ընդգրկող ամանօրեայ ջերմ յուզումներուն: Նոր տարուան սեմին կը մաղթեմ ամենաբարին եւ ամենալուսաւորը ձեր բոլորին: Բարի հրեշտակներ երկինքէն թո՛ղ հեղեղեն մարդու որդիներուս վրայ Աստուածային յորդառատ օրհութիւններ. սէր, խաղաղութիւն, առողջութիւն եւ երջանկութիւն:

Շնորհաւոր նոր տարի։

ՍԱՀԱԿ Բ.ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın