İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ԱՐԴԻՒՆՔ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի երկու երախտաշատ ու մեծանուն բարերարներէն Արէտ Երկանեանի եւ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ գլխաւորուած ընկերութիւնները պարգեւատրուած են Իսթանպուլի առեւտրական գրասենեակին (İTO) կողմէ՝ որպէս տուրքի մրցանիշաւորներ։ İTO-ի նախագահ Շեքիպ Ավտակիչի ստորագրութեամբ վկայականներ յանձնուած են Արէտ Երկանեանի եւ Պետրոս Շիրինօղլուի ընկերութիւններուն։ 2017 թուականի տուեալներու հիման վրայ կատարուած է այս պարգեւատրումը՝ ըստ İTO-ի վարչութեան 28 հոկտեմբեր 2019 թուակիր որոշման։ Հաստատութիւններու եկամտահարկերու գծով անոնց ընկերութիւնները դասուած են մրցանիշաւոր հարկատուներու շարքին։ Պետրոս Շիրինօղլուի «Շիրինօղլու ֆաքթորինկ» ընկերութիւնը նուաճած է ոսկէ մետայլ մը եւ համապատասխան վկայական մը։ Արէտ Երկանեանի «Նուրսան քապլօ տոնանըմլարը» ընկերութիւնն ալ նոյնպէս արժանի դասուած է ոսկէ մետայլի։ Բաց աստի, նոյնպէս Արէտ Երկանեանի «Նուրսանլար հոլտինկ» ընկերութեան ալ շնորհուած է արծաթեայ մետայլ մը՝ համապատասխան վկայականով։

İTO-ի կողմէ վերջերս հրապարակուած այս ցուցակին վրայ մեր համայնքէն այս երկու գործարարներու տեղ գտնելը կը համարուի իսկապէս պատուաբեր արդիւնք մը։ Պետրոս Շիրինօղլու եւ Արէտ Երկանեան երկար տասնամեակներէ ի վեր կը խրախուսեն մեր համայնքային հաստատութիւնները՝ կայուն թափով։ Մրցանիշաւոր հարկատուներու շարքին դասուիլը կը նշանակէ, որ անոնք ո՛չ միայն համայնքի նկատմամբ պատասխանատուութիւններու, այլեւ՝ քաղաքացիական պատասխանատուութիւններու տեսակէտէ ալ նախանձախնդիր ու ծափահարելի դիրքերու վրայ կը գտնուին։

Հարկ է նշել, որ Արէտ Երկանեանի ընկերութիւնները գործունէութիւն կը ծաւալեն արդիւնաբերութեան բնագաւառին մէջ, իսկ Պետրոս Շիրինօղլուի ընկերութիւնը՝ ելմտական ոլորտի մէջ։ Այդ ընկերութիւնները հրապարակի վրայ կը վայելեն բարձր վարկ ու հեղինակութիւն։ Թուրքիոյ գործարար աշխարհէն ներս տիրացած են բարի համբաւի։ Թէ՛ Արէտ Երկանեան եւ թէ Պետրոս Շիրինօղլու կը համարուին իսկական արհեստավարժներ, որոնք իրենց նախաձեռնող ոգին միացուցած են կատարելապաշտ մօտեցումներով եւ այդպէսով ընկերութիւնները հասցուցած՝ գագաթնային կէտերու։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Արէտ Երկանեանն ու Պետրոս Շիրինօղլուն, որոնց կը մաղթենք յարատեւ յաջողութիւն եւ նորանոր նուաճումներ։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F30-12-2019-պատուաբեր-արդիւնք

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın